«Դէպի լոյս», գրական-քաղաքական ամսաթերթ (սկիզբը՝ շաբաթաթերթ)։ Հրատարակուած է 1950-1953 թուականներուն, Սթամպուլի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ռ․ Մաշոյեան, Մ․ Կոպէլեան։ Տպագրած եւ գրախօսած է սթամպուլահայ բանաստեղծներուն ու արձակագիրներուն, ծանօթացուցած սփիւռքի գրողներուն։ Լայն տեղ յատկացուցած է սփիւռքի արուեստագէտներուն, լուսաբանած մշակութային ընկերութիւններու աշխատանքը, տպագրած լուրեր Խորհրդային Հայաստանի մշակութային եւ գիտական առաջընթացի մասին։

«Դէպի լոյս»-ի հրատարակիչները լոյս ընծայած են նաեւ «Դէպի լոյս» գրական մատենաշար (4 գիրք)։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։