Ռուբէն Մաշոյեան
Ռուբէն Մաշոյեան, 1928 - 1999, Պոլիս, Թուրքիա։
Ռուբէն Մաշոյեան | |
---|---|
Ծնած է | 1928 |
Մահացած է | 1999 |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Նախնական ուսումը ստացած է Էսայեան վարժարանին մէջ, ապա աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Կարճ միջոց մը հետեւած է Իսթանպուլի Համալասարանի տնտեսագիտութեան Ֆաքիւլթէի դասերուն։
Գրաշարական եւ տպագրական արհեստին նուիուած ըլլալով, 1948 թուականին հիմնած է Դէպի Լոյս Մատնեշարը, որ լոյս ընծայած է Իսթանպուլահայ նոր բանաստեղծներուն հաւաքածոները։
1950 թուականին հրատարակած եւ խմբագրած է «Դէպի Լոյս» շաբաթաթերթը։ Կարճ ժամանակ մը խմբագրած է «Հանդէս Մշակոյթի» պարբերաթերթը։ Պարբերաբար աշխատակցած է ժամանակ օրաթերթին, Նոր Դար, Ակօս շաաբաթաթերթերուն, եւ Թօ եւ Նոր Սան պարբերաթերթերուն։ Որպէս Հայերէնի ուսուցիչ պաշտօնավարած է Գարակէօզեան Որբանոցին մէջ, ուր հիմնած է աշակերտական գրաշարատուն մը, եւ տպած մանկապատանեկան գրքոյկներու շարք մը։
Առեւտրական տպագրութեան ասպարէզին զուգահեռ, գրքոյկներու ձեւով թարգմանաբար հրատարակած է դասական մանկական գրականութիւն։ Հրապարակագրական բազմաթիւ էջերու կողքին, հրատարակած է երգիծական տոմսակներ եւ պարագայական պատմուածքներ։ Իր կողմէ խմբագրուած եւ ընդհանուր ուսումնասիրութեան մը տարողութիւնը ունեցող ներածականով մը լոյս տեսած են վաղամեռիկ բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի ամբողջական երկերը, ներառեալ իր կողմէ Հայերէնի թարգմանանուած թրքերէն բանաստեծութիւններ։
Նմանապէս թրքերէնի թարգմանած է Ա. Շաւարշի (Արամ Փէհլիվանեան) քաղաքի ժխորին մէջ քերթուածներու հատորը։
Գործօն մասնակցութիւն բերած է Էսայեան եւ Կեդրոնական Սանուց Միութիւններու մշակութային գործունէութիւններուն։ 1992 թուականին, Կեդրոնական Սանուց Միութեան կից հիմնած է «Գրական Ակումբ»ը, որ դժբախտաբար երկար կեանք չէ ունեցած։ Իր արխիւին մէջ գտնուած են գրեթէ Թրքերէնէ-Հայերէն բառարան մը, եւ Բանաիթ Սթրաթիէ կատարուծ անտիպ թարգմանութիւններ՝ Գօտին եւ Պերճաղիճը[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։