Կարպիս Ճանճիկեան

Կարպիս Ճանճիկեան (6 Յունուար 1920(1920-01-06)[1], Սամաթիա, Ֆաթիհ, Պոլիս, Թուրքիա[2] - 26 Փետրուար 1946(1946-02-26)[1], Պոլիս, Թուրքիա), բանաստեղծ։

Կարպիս Ճանճիկեան
Ծնած է 6 Յունուար 1920(1920-01-06)[1]
Ծննդավայր Սամաթիա, Ֆաթիհ, Պոլիս, Թուրքիա[2]
Մահացած է 26 Փետրուար 1946(1946-02-26)[1] (26 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կարպիս Ճանճիկեան ծնած է Սամաթիա՝ 6 Յունուար 1920-ին: Նախնական ուսումը ստացած է թաղին Սահակեան-Նունեան վարժարանը, յետոյ մտած է Կեդրոնական, 1934-ին: Տարի մը վերջ, 1935-ին, կը ստիպուի Կեդրոնականը ձգել եւ վաճառատան մը մէջ պաշտօնեայ կ՚ըլլայ: Հակառակ ասոր, ուսանելու փափաքը չի մեռնիր իր մէջ, եւ 1937-ին երբ կը զգայ որ անցնող ամէն օր զինքը քիչ մը եւս կը հեռացնէ դպրոց երթալու տարիքէն, անզսպելի մղումով մը կը մտնէ դպրոց՝ այս անգամ Իտալական վարժարան: 1939-ին դարձեալ Կեդրոնական կը վերադառնայ, ուր լիսէի շրջանը չաւարտած, 1943-ին, հիւծախտը կու գայ զինքը վերջնականօրէն հեռացնելու դպրոցէն:

Իր հրատարակուած առաջին բանաստեղծութիւններէն կ՚ըլլայ «Օրէ օր», որ լոյս կը տենսէ Բագարատ Թեւեանի «Պատկեր»ին մէջ՝ 1939-ին, Արաքսի Սողոմոն ծածկանունով: Աւելի յետոյ կ՚աշխատակցի «Երջանիկ»ին, Աւետիս Ալիքսանեանի «Պատկեր»ներուն, «Նոր Օր» շաբաթաթերթին եւ «Ժամանակ» օրաթերթին: Իր մահուընէ յետոյ, կարգ մը անտիպներ ալ լոյս կը տեսնեն «Այսօր»ի, «Ճառագայթ»ի եւ «Ժամանակ»ի մէջ։ Հանրութեան ծանօթ իր այս գործերէն զատ, մեզի կը ձգէ տակաւին կարգ մը անտիպներ, հայերէն եւ թրքերէն, ինչպէս նաեւ ձեռագիր խմորատիպ հանդէս մը՝ «Արաքս», զոր կը հրատարակէր ուսանողութեան օրերուն:

Ճանճիկեանի կարդալու եւ գրելու հակումները շատ կանուխէն, նախակրթարանի նստարաններուն վրայ կը յայտնուին: Ճանճիկեան արդէն իսկ սկսած է ճանչնալ գրական զանազան դպրոցներ, որոնք փոխն ի փոխ զինքը կը հմայեն, կը խանդավառեն: Ֆիւթիւռիզմ, տատաիզմ, սիւրռէալիզմ, էմբրէսիոնիզմ փոխն ի փոխ իր նախընտրած դպրոցները կ՚ըլլան եւ միսթիք ու ռոմանթիք վարպետներուն տեղը կը գրաւեն Մարինէթթի, Ձարա, Աբոլլինէր եւայլն: Իրերայաջորդ այս յեղաշրջումներու թոհուբոհին մէջ, Ճանճիկեան հետզհետէ կը գծէ իր ճամբան եւ իր այս շրջանը նախկինէն բոլորովին տարբեր գրականութեան մը համար կ՚ըլլայ փորձի շրջան մը, որ իր առաջին պտուղը կու տայ 1942-ին՝ «Պալքըս» բաւական իրապաշտ, թրքերէն բանաստեղծութեանց հաւաքածոն (Հայկազուն Գալուստեանի հետ):

Ճանճիկեան կը մեռնի քսանըվեց տարեկան, 1946 Փետրուար 26-ին, Ազգային հիւանդանոցի մէջ:

Ճանճիկեանի միակ բաղձանքը եղաւ թաղուիլ Մեծարենցի քով: 1950-ին Մատենաշար «Դէպի Լոյս» հրատարակեց իր միակ բանաստեղծութեան հաւաքածոն՝ «Օրէ օր»ը: Այս գրքին հասոյթը պիտի յատկացուէր վաղամեռիկ բանաստեղծին շիրմին շինութեան: Մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմուեցաւ եւ 1952-ին Ճանճիկեանի աճիւնը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Միսաք Մեծարենցի յարակից Ճանճիկեանի նորակերտ դամբարանին մէջ:

Հրատարակուած Գործեր

Խմբագրել
  • (Հայկազուն Գալուստեանի աշխատակցութեամբ) Balkıs (թրքերէն բանաստեղծութիւն)- Իսթանպուլ, 1942։ Վերատպուած «İş Sanat»ի կողմէ, 2014-ին, Պոլիս։
  • Օրէ Օր (բանաստեղծութիւն)- Իսթանպուլ, 1950։
  • (Ռուբէն Մաշոյեանի խմբագրութեամբ) կարպիս Ճանճիկեանի Հետքերով (բանաստեղծութիւն եւ արձակ էջեր)- Իսթանպուլ, 1990։ Վերատպուած՝ 2015-ին, «Արաս» հրատարակչատան կողմէ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Ժամանակակից Իսթանպուլահայ Գրողներ», , Կարօ Աբրահամեան, Ա․ հատոր , Անթլիաս 2004, էջ 18-19։
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 http://am.hayazg.info/index.php?curid=1251
  2. 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.