Աւետիս Ալիքսանեան
Աւետիս Ալեքսեան (10 Մայիս 1910, Կ.Պոլիս – 20 Սեպտեմբեր 1984, Կ.Պոլիս):
Աւետիս Ալիքսանեան | |
---|---|
Ծնած է | 1908]] |
Ծննդավայր | Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 20 Սեպտեմբեր 1984[2] (74 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Փարիզ |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Ֆրանսա |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր |
Պէրպէրեան Վարժարան[1] Ազգային Կեդրոնական Վարժարան[1] |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, Խմբագիր, հանրային գործիչ, բանաստեղծ, լրագրող |
Աշխատավայր |
Լույս Փարիզի[1] Լուսաղբիւր |
Կուսակցութիւն | Ֆրանսայի Համայնավար Կուսակցութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄաս կը կազմէ Պոլսոյ 1925-1950 թուականներուն գրական-հրապարակագրային կեանքին մէջ հասունցած գրողներու դասուն,- անո՛նց՝ որոնք Հայու իրենց ապդրումներով ու երազներով, գրի եւ գրականութեան ազնիւ կիրքով, բայց մանաւանդ ընկերային եւ գաղափարական հակումներով չէին կրնար լայն թոքերով շննչել թրքական միջավայրի մէջ՝ որովհետեւ ամէն օր կը զգային թէ կասկածոտ աչք մը կը սեւեռի իրենց վրայ, լրտեսող շուքեր կը դեգերին իրենց շուրջ, ոստիկանութեան քաղաքականութեան մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը կը հալածէ զիրենք...
Անոնք որ ապրած են այդ օրերու Պոլիսը, ասկէ աւելին լսելու պէտք չունին, ըմբռնելու համար թէ գիրքի, թերթի, հանրային եւ ազգային ապրումներու տրամադիր մարդը ի՛նչ երկութեամբ մը կրնայ անցնիլ խմբագրական սեղաններու առջեւ կամ յանձնուիլ մտքի լարումներու։
Աւետիս Ալիքսանեան մէկն է եղած անոնցմէ՛, որոնք աւելի քան քսանհինգ տարի...խեղդակապով մը ապրած են՝ գրաշարական սեղաններ մինչեւ շաբաթաթերթըերու խմբագրութիւնը եւ հրապարակագրային-գրական իրենց աշխատանքը մտաւոր ու հոգեկան բաւարարութեան մը,- ապաւէնի՛ մե վերածելուպ համար։ զինք ճանչցած ենք պատանութեան մեր օրերուն, երբ ինք երիտասարդ էր արդէն եւ կը խմբագրէր «Պատկեր» շաոաթաթերթը «1932-1940-: «Սեւ աշխատանք»ի ընդունակ, դժուարութիւններու առջեւ աննուաճն, նպատակ մը իրագործելու իր կամքին մէջ վճռական՝ յանձնառո՛ւ մարդ մե, մեծ յատկութիւններէ զերծ՝ սակայն իր համեստութեան մէջ առաւել սիրելի, աշխատունակ, գուրգուրոտ՝ նորածիլ արժէքներու եւ երէց թէ կրտսեր գրչի մարդոց:
Գրական նախափորձերը ընելէ ետք 1926-1927 տարիներուն, պոլսահայ մամուլի մէջ, յաջորդաբար ձեռնարկած է շաբաթաթերթերու, կիսամսեայ եւ պարբերական հանդէսներու հրատարակութեան,- «Կիթառ» (1928), «Ամսուն գիրքը» (1930), «Պատկեր» ամսագիր (1930), ապա համանուն շաբաթաթերթը (1932-1940), «Նոր Օր» եւ «Այսօր» (1947-1948): Միայն նիւթական անձկութիւնը չէ եղած պատճառը անուններու այս յաջորդականութեան եւ բազմազանութեան,- Պոլսոյ մէջ թերթերու կեանքը կախում ունի մանաւանդ խափանումի եւ արգելքի մշակայ վտանգէն, հետեւանք՝ ոստիտանիւթեան քաղաքական ճիւղերու կասկածանքին կամ դիւրին վերագրումներու...
Կը թուի որ 1950-ական թուականներուն ալիքսանեանի համար անկարելի դարձած է շնչել գոյութիւն ունեցող մթնոլորտին մէջ ու հարկադրաբար անցած է Փարիզ[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ http://am.hayazg.info/index.php?curid=468
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։