Հայկազուն Գալուստեան
Հայկազուն Գալուստեան (20 Օգոստոս 1920 կամ 1923, Պոլիս - 4 Փետրուար 1985, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), Պոլսոյ մէջ աւելի քան քառորդ դար տեւող գրական գործունէութիւն ունեցած է, աշխատակցելով թերթերու, պարբերականներու եւ հանդէսներու, ապա՝ 1965-ին տեղափոխուած է Հայաստան։
Հայկազուն Գալուստեան | |
---|---|
Ծնած է | 20 Օգոստոս 1920 կամ 1923 |
Ծննդավայր | Պոլիս |
Մահացած է | 4 Փետրուար 1985 |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
Թուրքիա Խորհրդային Միութիւն |
Ուսումնավայր |
Մեսրոպեան Վարժարան Ազգային Կեդրոնական Վարժարան Պոլսոյ Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, ուսուցիչ |
Բացի իր բանաստեղծութիւններէն, տուած է քանի մը պատմուածք, գրական յօդուածներ ու տոմսակներ։ 1942-ին իր գրչեղբօր Կ. Ճանճիկեանի հետ հրատարակած է թրքերէն «Պալքսըս» անունով բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը։ Իր բանաստեղծութիւններէն մաս մը ամփոփուած են երկու գրքոյկներու մէջ. «ՔԱՐԻՒՂԻ ԼԱՄԲԱՐԸ» (1948) եւ «ԳՈՐԾԻՍ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ» (1962): Գործածած է Ա. Երէցեան, Անդրանիկ Սարգսեան, Տիգրան Կարապետեան եւ Գանձիչ գրչանունները։
Հայկազուն Գալուստեան ծնած է Պոլիս։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է Կէտիկ Փաշա Թաղին Ս. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Յետոյ երկու տարի յաճախած է Ազգ. Կեդրոնական վարժարան: Ստիպուած եղած է հեռանալ դպրոցէն, ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար։ Տարիներ ետք, ինքնաշխատութեամբ շարունակած է իր ուսումը եւ ստացած է է լիսէի վկայական։
1960-ին պաշտօն ստանձնած է Գարակէօզեան Որբանոցին մէջ, միեւնոյն ատեն հետեւելով Իսթանպուլի Համալսարանի Գրական Ֆաքիւլթէի դասընթացքներուն։ 1964-ին վկայուած է Փիլիսոփայութեան ճիւղէն։
Յաջորդ տարի մեկնած է Հայաստան եւ Երեւանի համալսարանին մէջ հետեւած՝ Մարքսիզմի։ Այնուհետեւ պաշտօնի կոչուած է Հայաստանի ՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժնին մէջ։
Իր մահկանացուն կնքած է հայրենիքի մէջ, ժառանգ թողելով բազմաթիւ անտիպ գործեր եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ։
Հայկազուն Գալուստեանի բանաստեղծութիւնները պարզ են, բայց խորիմաստ եւ ազդու։ Ան պաշտպանն է զրկեալին ու խոնարհին։ Ինքնատիպ, յստակ եւ տպաւորիչ ոճով կը նկարագրէ մարդկային տկարութիւնները։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։