Մեսրոպեան Վարժարան (Օսմանեան Կայսրութիւն)
Մեսրոպեան Վարժարան, հայկական ուսումնական հաստատութիւն (Զմիւռնիա)։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀիմնուած է 1799 թուականին Ապրօեան ընտանիքի աջակցութեամբ։ 1831-1845 տարիներու միջեւ, Անդրէաս Փափազեանի տնօրէնութեան օրով դասաւանդուած է եւրոպական լեզուներ՝ լատիներէն, յունարէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, իտալերէն նաեւ թրքերէն։ Բացի լեզուներէ կը դասաւանդուէին՝ գրականութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօնք, ազգային բարք եւ օրէնք, տիեզերական պատմութիւն, իրաւագիտութիւն, իմաստասիրութիւն, թուաբանութիւն, տոմարագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն, վաճառականութիւն, սկզբունք երկրաչափութեան, սկզբունք բնագիտութեան եւ սկզբունք գծագրութեան։ Դասերու կողքին՝ իւրաքանչիւր աշակերտ իր նախսիրութիւններուն ու կարողութիւններուն համեմատ կրնար սորվիլ ձեռագործ, ձեւագիտութիւն, գեղագրութիւն եւ գծագրութիւն։ Ունեցած է գրդարան մը մօտ 2000 գիրքով, նաեւ թանգարան մը հնութիւնով եւ բնագիտական հաւաքածոյով։
Որպէս տնօրէն պաշտօնավարած են Ստեփան Ոսկան (ազգային գործիչ, լեզուագէտ, խմբագիր) եւ Մատթէոս Մամուրեան (գրագէտ, հրապարակագիր, ուսուցիչ)։
Մինչեւ 1876 աշակերտները ձրիավարժ էին, ծախքերը կը հոգային մեծահարուստ ընտանիքները։ 1877ին օրուան Տնտեսական եւ Ուսումնական խորհուրդները թոշակ կը պահանջեն բարեկեցիկ ընտանիքներէ։ 1884ին Մեսրոպեան Վարժարանին միացած է Հռիփսիմեանց Աղջկանց Վարժարանին տեսչութիւնը, որ հիմնուած էր 1820ին Յակոբ Աղա Սարգսեանի կողմէ։
Յայտնի Աշակերտներ
ԽմբագրելՈւսում առած են Ղ․ Պալդազարեանը, Խ․ Մելիքսելումեանը, Տետէեան եղբայրները, Մ․ Ոսկանեանը, Ս․ Վանանդեցին, Գ․ Չիլինկիրեանը, Մ․ Մամուրեանը, Մ․ Աղաբեկեանը, Գ․ Բաբազեանը, Գ․ Մարկոսեանը, Մ․ Նուպարեանը, Մսեր Մսերեանը, Մ․ Ապրոն և ուրիշներ։ Մօտաւորապէս 125 տարուայ ընթացքին տուած է աւելի քան 1500 շրջանաւարտներ։ Գոյատեւած է մինչեւ 1922։
Արտաքին Յղումներ
Խմբագրելhttps://www.matenadaran.am/ftp/data/Banber22/32.A.Asatryan.pdf Archived 2021-02-25 at the Wayback Machine.
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Դպրոց Անցեալէն Դէպի Այսօր, Հրակատարակութիւն Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2017
[[Ստորոգութիւն:Դպրոց]]
[[Ստորոգութիւն:Հայկական դպրոցներ]]
[[Ստորոգութիւն:Թուրքիոյ հայկական դպրոցներ]]