Ստեփան Ոսկանեան

Ստեփան Ոսկանեան (1825-1901), հայ հրապարակագիր, խմբագիր, թարգմանիչ եւ մանկավարժ։ Մեծ դեր կատարած է աշխարհաբարի զարգացման մէջ։

Ստեփան Ոսկանեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Ստեփան Ոսկան
Ծնած է 1825[1]
Ծննդավայր Իզմիր, Անատոլիայի էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 1901[1]
Մահուան վայր Իզմիր, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2][1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան[1]
Փարիզի Համալսարան[1]
Ֆրանսայի Քոլէճ
Սենտ Բարբի քոլեջ?
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, խմբագիր, թարգմանիչ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Արեւելք
Արեւմուտք
Մեսրոպեան Վարժարան
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր, գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն
Անդամութիւն Մասոնականութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ստեփան Ոսկանեան ծնած է 1825-ին Իզմիր, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը։ «Մեսրոպեան» վարժարանը աւարտելէ ետք, հոն ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է։ Հայերէնի ուսուցիչ եղած է Նուպար փաշա Նուպարեանի եւ եղբօր՝ Առաքելի, որ, փոխադարձաբար, ֆրանսերէն աւանդած է իրեն։ 1846-ին կ՚անցնի Ֆրանսա, ուր պաշտօնի կը կոչուի Սէն-Պարպ ֆրանսական երկրորդական վարժարանին մէջ, Իզմիրի «Արշալոյս Արարատեան» թերթի խմբագիր Ղուկաս Պալթազարեան-ի միջնորդութեամբ։ Ուսուցիչ եւ ուսանող միաժամանակ, Ոսկան կը հետեւի Գոլեժ տը Ֆրանսի եւ Սորպոն համալսարանի դասընթացքներուն, կը մասնակցի քննութեանց ու կը ստանայ գիտութեան ու գրականութեան պսակաւորի վկայական։

1846-1852 Ոսկան Փարիզ կ'ապրի, ուր կը մասնակցի 1848-ի ֆրանսական յեղափոխութեան։

1853-ին կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը հրատարակէ «Ներքին համոզում» գրքոյկը։ 1854-ին Իզմիր կ՚անցնի, ուր կը հրատարակէ երկրորդ գրքոյկը՝ «Հռոմէական պարգեւ»:

Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ համոզումներուն հետ հաշտ ու տեւական գործ մը գտնելու անկարելիութեան առջեւ, կը վերադառնայ Ֆրանսա։ 1855-ին Փարիզի մէջ կը ձեռնարկէ «Արեւելք» կիսամսեայ հանդէսին հրատարակութեան, կարգ մը ունեւոր հայերու նիւթական աջակցութեամբ[3]։

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Թարգմանած է Էօժէն Սիւի «Թափառական Հրեան» (որուն միայն առաջին մասը հրատարակուեցաւ), Ֆլորիանի «Ժանօ եւ Քոլէն» կատակերգութիւնը, Շաթօպրիանի «Յետին Ապենսերաժ»ը՝ մասամբ[4]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 626–627.
  2. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 601. — ISBN 978-2-905686-93-0
  3. «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԱՐԵՒԵԼՔ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-15 
  4. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։

Աղբիւրներ

Խմբագրել