Սեդա Ծաղիկեան (1924, ծնած է Իսթանպուլ), գրող։

Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան
Ծնած է 1924
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
 Հայաստան
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Յաճախած է Էսայեան, Ֆրանսական Սէն Փիւլշէրի եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Վկայուած է Իսթանպուլի համալսարանի գիտական Ֆաքիւլթէի բնագիտութիւն եւ ուսողութիւն ճիւղերէն եւ Տիթրոյթի Ուէյն համալսարանէն։ Ուսուցչագործած է Իսթանպուլի Սէն Փիւլշէրի, Կեդրոնական, Պէզճեան եւ Անարատ Յղութեան եւ ԱՄՆու Ս․ Յովհ․ Մկրտիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարաններուն մէջ։

Աշխատակցած է Իսթանպուլահայ մամուլին։ Մաս կազմած է Հանդէս Մշակոյթիի խմբագրական կազմին։ Առանձին խմբագրած է Տիթրոյթի Պոլսահայ Մշակութային Միութեան պաշտօնաթերթ՝ Միութիւնը (1969-1991)։

Օգտագործած է Սեդա գրչանունը։

1959-ին հաստատուած է Տիթրոյթ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։