Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան
Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան (1967)
Աւազանի անունով Անդրանիկ, որդի Մկրտիչի եւ Վիքթորիայի, ծնած է Հալէպ, քիլիսցի ընտանիքէ, 1967-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, ապա միջնակարգը՝ Մխիթարեան վարժարանէն, զոր աւարտած է 1982-ին։ Իսկ երկրորդական ուսումը դարձեալ շարունակած է Լ. Նաճարեան վարժարանին մէջ եւ 1985-ին ներկայացած է գրական պաքալորիայի։
Սուրիական բանակի իր ծառայութիւնը կատարած է 1986-1989։
Մանկութենէն յաճախած է Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի եւ եղած է դպիր։ Երկար տարիներ իր մէջ փափաք ունէր դպրեվանք ուսանելու եւ պատրաստուելու որպէս հոգեւորական։ Որ մտադրութիւնը կը յայտնէ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանին, բր կ'ընդառաջէ իր փափաքին եւ պարտ ու պատշաճ տնօրիութիւնը կատարելէ ետք, զինք կը ղրկէ Անթիլիասի «Զարեհեան» դպրեվանքը 1989-ին։
Երեք տարի կը հետեւի դպրեվանքի ընծայարանի դասընթացքներուն եւ կ'աւարտէ 1992-ին, ստանալով ընծայարանի վկայականը։ Նոյն տարին կը վերադառնայ Հալէպ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի վերի չորս կարգերուն համար կը նշանակուի կրօնի ուսուցիչ, միաժամանակ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան անդամ կ'ընտրուի։
1993-ին կը նշանակուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրապետ, միայն Կիրակի օրերու գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններուն։
Նոյն տարին, Թեմիս Ուսումնական Խորհուրդի որոշումով ուսուցիչ կը նշանակուի Տէր Զօրի մեր հայ մանուկներուն։ Շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ՝ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը կը մեկնի Տէր Զօր, մանուկներուն հայերէն եւ կրօն ուսուցանելու։ Այս կրթական առաքինութիւնը կը տեւէ մինչեւ 1997։
Ուսումնական Խորհուրդի թելադրութեամբ, ամառնային երկամսեայ դասընթացք կը հաստատէ Տէր Զօրի մէջ, մեր փոքրաթիւ գաղութի զաւակներուն հայերէն լեզուն զօրացնելու։
Դարձեալ Ուսումնական Խորհուրդի տնօրինութեամբ՝ Եագուպիէի Ազգ. Վերածնունդ վարժարանի աշակերտութեան հայերէն լեզուի ամառնային դասընթացք կը հաստատէ 1997-ին։
Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ որդ. Թալին Տրակոսեանը, որուն հետ կը պսակուի 3 Սեպտեմբեր 19997-ին եւ բախտաւորուի մանչ զաւակով մը։
Այնուհետեւ կը պատրաստուի քահանայութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Կրօնական Ժողովի որոշումով կը ճշդուի ձեռնադրութեան թուականը։
Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան ձեռամբ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի, Թարգմանչաց Տօնին, 9 Հոկտեմբեր 1997-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով տէր Եզնիկ եւ օծակից ունենալով Տ. Եղիշէ քհնյ. Սարգիսեանը։
Քառասնօրեայ քահանայութեան շրջանը աւարտելէ ետք, նորընծայ Տ. Եզնիկ կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։
Քանի մը տարի ետք, տէր հայրը կ'ունենայ ընտանեկան դժուարութիւններ։ Դժբախտաբար հաշտութեան բոլոր ճիգերը կ'ըլլան ի զուր։ Երէցկինը անգրգուելի կը մնայ իր տեսակէտին մէջ, այնքան որ պատճառ կը դառնայ ամուսնալուծման։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, տէր հայրը մէկ ուսումնական տարեշրջան՝ 2000-2001 կ'ուղարկուի Գամիշլի կրօնական առաքելութեամբ։ Կը կազմակերպէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, առաւել՝ կրօն կը դասաւանդէ Ազգ. Եփրատ վարժարանի եօթներորդ կարգին եւ օգտակար կը դառնայ տեղւոյն Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։ շարական եւ կրօն ուսուցանելով։
Իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք, կը վերադառնայ Հալէպ եւ դարձեալ Հայկազեան վարժարանի աշակերտութեան կրօն կը դասաւանդէ մինչեւ 2004։
2004-2007 կրօն կը դասաւանդէ Ազգ. Զաւարեան վարժարանէն ներս, Թեմիս Առաջնորդ Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի տնօրինումով։
2007-ին, կարճ ժամանակ մը կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի իններորդ կարգին։
2008-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով կ'ուղարկուի Գամիշլի, կատարելու մարդահամարը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին։ Առաքելութիւնը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Հալէպ։
Իսկ 1998-ին, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Դանիէլ Ա. քհնյ. Գէւորգեանի վախճանումէն ետք, ան ամրան շուրջ երեք ամիսները կը քահանայագործէ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, վերակազմակերպելով դպրաց դասը։
Աւելի քան ութ տարի, ամսական դրութեամբ եղած է Թէլ Ապիատի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 370։[1]։
Ծանօագրութիններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 370։