Ելեկտրականութիւն
Ելեկտրականութիւն՝ ուժանիւթի տեսակ մըն է, որ կը գործածուի լուսաւորելու եւ տաքցնելու, ելեկտրական շարժակները բանեցնելու, ելեկտրոնիկ սարքերը աշխատցնելու համար։ Ան կը ներկայացնէ էլեքտրական լիցքերու գոյութեամբ, փոխազդեցութեամբ եւ շարժումներով պայմանաւորուած երեւոյթներու ամբողջականութիւն մը:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱռաջիններէն մէկը, որուն ուշադրութիւնը գրաւեց ելեկտրականութիւնը, եղած է յոյն իմաստասէր Թալես, Ք.ա. 7-րդ դարուն: Ան նկատեց, որ բուրդին շփած սաթը կը ստանայ թեթեւ առարկաներ քաշելու յատկութիւն:
17րդ Եւ 18րդ Դարեր
ԽմբագրելՄիայն 1600 թուականին յառաջացաւ «ելեկտրականութիւն» եզրը՝ յունարէն ἤλεκτρον [էլէքտրօն]՝ (սաթ) բառէն, որուն հեղինակը անգլիացի աստղագէտ Ուիլիըմ Հիլպերթն էր, իսկ 1663 թուականին Մակտեպուրկին քաղաքապետ Օթո ֆօն Կէրիքէ (Otto von Guericke) ստեղծեց մետաղեայ ձողին վրայ ամրացուած ծծումբէ գունդի տեսքով ելեկտրակայուն մեքենայ մը:
1729-ին անգլիացի Սթիվըն Կրէյ (Stephen Gray) ելեկտրականութիւնը հեռաւորութեան վրայ հաղորդելու փորձեր ըրաւ եւ բացայայտեց, որ ոչ բոլոր նիւթերը միատեսակ կը հաղորդեն ելեկտրականութիւն:
1773-ին ֆրանսացի Շարլ Տիւֆէ նկարագրեց երկու տեսակ ելեկտրականութիւններու գոյութիւնը: Մին, որ կը յառաջանայ ապակին եւ միւսը՝ ձիւթը բուրդին շփելու միջոցով:
1745-ին հոլանտացի Փիթըր վան Մուշէնպրուք ստեղծեց առաջին ելեկտրական խտացուցիչը՝ Լէյտենեան անօթը:
Ելեկտրականութեան առաջին տեսութիւնը ստեղծած է ամերիկացի Պէնճամին Ֆրանքլին (Benjamin Franklin), որ ելեկտրականութիւնը կը ձեւակերպէր որպէս «ոչ նիւթական հեղուկ»: Ան նաեւ կը մտցնէ դրական եւ ժխտական լիցքերու հասկացութիւնները, յօրինուեցաւ շանթարգելը եւ անոր միջոցաւ հաստատուեցաւ կայծակներու ելեկտրական բնութիւնը: Հաստատուած չէ, որ այս փորձը իրականացուցած է Ֆրանքլին, սակայն բոլորին կողմէ անոր կը վերագրուի: Բանալիէն դէպի ձեռքերը վազող կայծերու փունջը ցոյց կու տայ, որ կայծակն ունի ելեկտրական բնաւորութիւն:[1] Ան նաեւ բացատրեց, ըստ ամենայնի Լէյտընի անօթին հանելուկային երեւոյթը[2] որպէս դրական եւ ժխտական լիցքերէն կազմուած մեծաքանակ ելեկտրական լիցքը պահելու սարք:
1791-ին, Լուիճի Կալուանի հրապարակեց իր կենսաելեկտրականութեան գիւտը, որով ցոյց կու տար, որ ելեկտրականութիւնը այն միջոցը եղած է, որով ջղային բջիջները ազդակներ կ'ուղարկեն մկաններուն: Ելեկտրականութեան ուսումնասիրութիւնը գիտական փուլ կ'անցընէ 1785-ին Քուլոնի օրէնքին յայտնագործուելէն ետք: Ատկէ ետք, 1791 թուականին իտալացի Լուիճի Կալուանի (Luigi Galvani) կը հրատարակէ գիտական աշխատութիւն մը, որուն մէջ կը նկարագրէ ելեկտրական հոսանքին առկայութիւնը կենդանիներու մկաններուն մէջ։
19րդ Դար
Խմբագրել1800-ին այլ իտալացի մը՝ Ալէսսանտրոյ Վօլթա (Alessandro Volta) կ'ընէ հաստատուն հոսանքի առաջին ակին՝ կալուանական մարտկոցին գիւտը, որ կը ներկայացնէ աղաջուրին մէջ թաթխուած թուղթով անջատած զինկեայ եւ արծաթեայ օղակներէն կազմուած սիւն մը:
Ելեկտրամագնիսականութեան՝ ելեկտրական եւ մագնիսական միասնութեան երեւոյթին բացայայտումով է, որ կատարուեցաւ 1819-1921-ին Հանս Քրիսթիան Էրսթետին եւ Անրի Մարի Ամփէրին (André-Marie Ampère) կողմէ, պայմանաւորուած է Մայքլ Ֆարատէյի (Michael Faraday) կողմէ 1821-ին ելեկտրական շարժակին ստեղծումը: Ֆարատէյը նաեւ 1834-ին կը բացայայտէ՝ էլեկտրոլիզին օրէնքը, ապա կը մտցնէ ելեկտրական եւ մագնիսական դաշտերու հասկացութիւնը: Էլեկտրոլիզի երեւոյթին վերլուծութենէն Ֆարատէյ յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ ելեկտրական ուժերու փոխադրումը կ'ընեն ո՛չ թէ ինչ-որ ելեկտրական հեղուկներ, այլ՝ նիւթին մասնիկները:
Ելեկտրականութեան եւ մագնիսականութեան (նաեւ՝ լոյսին) կապը հաստատեց Ճէյմս Քլէրք Մաքսուելլը (James Clerk Maxwell) 1861-ին եւ 1862-ին, մասնաւորաբար իր "On Physical Lines of Force" աշխատութիւններու մէջ:[3]
1887-ին Հայնրիխ Հերց Heinrich HertzԿաղապար:Rp[4] բացայայտեց, որ անդրամանիշակագոյնով լուսաւորուած էլեկտրոդները շատ աւելի դիւրութեամբ կ'արձակեն ելեկտրական կայծեր:
20րդ Դար
Խմբագրել1905-ին Ալպերթ Այնշթայն հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ կը բացատրուէին փորձերու արդիւնքները, ըստ որոնց լոյսի եռանդը կը տարածուի լիցքաւորուած էլեկտրոններու առանձին քուանթային բաժիններով: Այս գիւտին համար 1921-ին Այնշթայնը ստացաւ Նոպէլեան Մրցանակ՝ «ֆոթոէլեկտրիք էֆեքտի օրէնքը բացայայտելուն համար»:[5]
Կայուն Ելեկտրականութիւն
ԽմբագրելԿայուն ելեկտրականութիւն կարելի է արտադրել շփումի միջոցաւ։ Ամէն նիւթ կը բաղկանայ հիւլէներէ, որոնք միեւնոյն թիւով փրոթոններ եւ էլեկտրոններ կը պարունակեն։ Երբ երկու նիւթեր իրարու շփենք, իսկոյն կ'արտաքսուին որոշ թիւով էլեկտրոններ, որոնք կը փակին միւսին մակերեսին։ Նիւթերէն մէկը հետեւաբար դրականօրէն եւ միւսը ժխտականօրէն զիրար կը քաշեն, երկու մակերեսները իրարու ուղղութեամբ կը մղուին։ Սանտրած ատեն մազերու եւ սանտրին միջեւ քաշողականութիւնը կայուն ելեկտրականութեան յստակ օրինակ մըն է։
Մթնոլորտին մէջ կայուն ելեկտրականութիւնն է, որ պատճառ կ'ըլլայ կայծակներու գոյութեան։ Սառոյցի մասնիկներու եւ անձրեւի կաթիլներու միջեւ տեղի ունեցած ուժգին բախումի մը արդիւնքն է կայծակը։ Վերի երկու օրինակներուն մէջ, ելեկտրական հոսանք չկայ. այդ պատճառաւ ալ կը խօսինք կայուն ելեկտրականութեան մասին։
Ելեկտրամագնիսներ
Խմբագրել1821-ին Էրսթէտին գիւտը, որ ելեկտրական հոսանք փոխադրող լարին շուրջ կայ մագնիսական դաշտ, ցոյց տուաւ ելեկտրականութեան եւ մագնիսականութեան միջեւ եղած ուղղակի կապը: Ատկէ զատ, կը թուի, որ այս փոխազդեցութիւնը կը տարբերի բնութեան երկու՝ ձգողական եւ ելեկտրակայուն ուժերէն, որոնք յետագային յայտնի դարձան: Կողմնացոյցի սլաքին վրայ գործող ուժը զայն չ'ուղղեր ոչ դէպի հոսանք փոխադրող լարի կամ հակառակ կողմը, այլ կը գործէ անոր հանդէպ ուղիղ անկեան տակ: Էրսթէտին քիչ մը անհասկանալի խօսքերը եղած են, որ «ելեկտրական վէճը կը գործէ պտտական ոճով»: Ուժը նաեւ կապ ունեցած է հոսանքին ուղղութենէն, քանի որ զայն փոխելու ուժը կը փոխուի նոյնպէս:
Էրսթէտ ամբողջապէս չէր հասկցած իր գիւտին իմաստը, սակայն ինք նկատած էր, որ արդիւնքը փոխադարձ է՝ հոսանքը ազդեցութիւն կ'ունենայ մագնիսին վրայ, իսկ մագնիսականութիւնը՝ հոսանքին: Այս երեւոյթը յետագային Ամփեր ուսումնասիրած է, որ բացայայտեց, թէ երկու զուգահեռ հոսանք կրող լարերը կ'ազդեն մէկը միւսին վրայ՝ նոյն ուղղութեամբ հոսանք փոխադրող լարերը կը վանեն, այն պարագային, երբ հակառակ ուղղութեան հոսանք փոխադրողներ կը քաշեն իրար:[6]
Մագնիսական դաշտերու եւ հոսանքներու միջեւ եղած կապը չափազանց կարեւոր եղած է Մայքլ Ֆարատէյին կողմէ 1821-ին ելեկտրական շարժակ ստեղծելու համար: Ֆարատէյին նոյնաբեւեռ շարժիչը կը պարունակէ սնդիկին աւազանի մէջ տեղադրած հաստատուն մագնիս մը: Հոսանքը կ'արձակուի մագնիսին վերեւը պտոյտի առանցքին կախած լարի մը միջոցաւ եւ կը մտցուի սնդիկին մէջ։ Մագնիսը շօշափող ուժով կ'ազդէ լարին վրայ, որ կը պտտցնէ զայն, քանի դեռ հոսանքը կը պահպանուի:[7]
1931-ին Ֆարատէյին կատարած փորձերը ցոյց կու տային, որ մագնիսական դաշտին ուղղահայեաց լարին մէջ կը մեծնայ անոր ծայրերու աւիւններու տարբերութիւնը:
Սա գործընթացին յետագայ վերլուծութիւնը, որ յայտնի է որպէս ելեկտրամագնիսական տրամադրում (electromagnetic induction), հնարաւորութիւն տուաւ անոր ձեւակերպելու սկզբունք մը, որ այսօր յայտնի է որպէս Ֆարատէյին տրամադրման օրէնք, որ փակ գիծին մէջ տրամադրուած աւիւններու տարբերութիւնը համեմատական է, օղակին միջով անցնող հոսքի մեծութեան հետ: Այս բացայայտումին օգտագործումը թոյլ տուաւ անոր 1831-ին ստեղծելու առաջին ելեկտրական ստեղծարարը (electrical generator), որուն մէջ ան պտտող պղինձեայ սկաւառակներու եռանդը կը վերափոխէ ելեկտրականի:[7] Ֆարատէյին սկաւառակները մեծ արդիւնք չէին տուած, սակայն ասիկա ցոյց տուած է մագնիսականութեան միջոցաւ ելեկտրական հոսանք տրամադրելու հնարաւորութիւնը:
Արտադրութիւն Եւ Փոխադրում
ԽմբագրելԵլեկտրական եռանդը սովորաբար կ'արտադրուի ելեկտրական մեքենաներու միջոցաւ, որոնք իրենց շարժումին համար ոյժ կը ստանան տարբեր վառելանիւթերով (ածուխ, միջուկային վառելիք, բնական կազ եւ այլն) ստացուած շոգիէն: Թուրպինները պտտելու համար ուժի այլ աղբիւրներ կը հանդիսանան քամին եւ բարձր տեղէն թափող ջուրը: Թերեւս 1884 թուականին Չարլզ Փէրսընսին (Sir Charles Parsons) ստեղծած շոգեթուրպինները մեր օրերուն կ'արտադրեն աշխարհին վրայ ջերմութեան զանազան աղբիւրներով արտադրուող ելեկտրական ակի 80%-ը: Այս ստեղծարարները (generator) նմանութիւն չունին 1831-ին Ֆարատէյի ստեղծած նոյնաբեւեռ սկաւառակային ստեղծարարին հետ, սակայն կը յենին անոր ելեկտրամագնիսական սկզբունքին վրայ, համաձայն որուն մագնիսական դաշտի փոփոխութիւնները իրար կապելով հաղորդիչը՝ իր ծայրերը կը ստեղծէ աւիւններու (potential) տարբերութիւն:
19-րդ դարու վերջը եղած փոխակերպիչին (transformer) գիւտը բացայայատեց, որ ելեկտրական ակին փոխադրումը կարելի կ'ըլլայ կատարել առաւել արդիւնաւէտ եղանակով՝ բարձր լարումով (higher voltage), բայց հոսանքին ցած ուժով: Ելեկտրականութեան արդիւնաւէտ փոխադրութիւնը կը նշանակէր, որ կարելի է անոր կեդրոնացուած տեղին մէջ արտադրել եւ առանց մեծ կորուստներու փոխադրել պէտք եղած տեղը:[8]
-
Քամիի ոյժով աշխատող ելեկտրական կայաններ
-
Ջուրի ոյժով աշխատող կայանները ամէնէն տարածուածն են աշխարհի վրայ
-
Կայմերը ամրացուած լարերով եռանդը կը փոխադրէ
-
Ենթակայաններու մէջ հոսանքին լարումը կ'իջեցնեն, սպառողին առաքելու համար
Քանի որ երկիրներու պահանջները բաւարարելու համար ելեկտրական ակը մեծ քանակներով հնարաւոր չէ պահել, ամէն ատեն հարկաւոր է արտադրել այնքան, որքան կը պահանջուի այդ պահուն: Ատոր համար կանխատեսումներ կ'ըլլան, թէ որքան հարկաւոր ըլլալու է ու նաեւ կ'ապահովեն պահեստային քանակ՝ անխուսափելի կորուստները եւ խախտումները հատուցանելու համար:
ելեկտրական ակին պահանջարկը կը մեծնայ տարուէ տարի, երկրին տնտեսութեան զարգացումին եւ նորացումին զուգահեռ: Քսաներորդ դարուն առաջին երեք տասնամեակները Միացեալ Նահանգներու պահանջարկի աճը ամէն տարի 12% կազմած է:[9] Պահանջարկին մեծնալը ներկայիս կը նկատուի այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպիսիք են Չինաստանն ու Հնդկաստանը:[10][11]
Ելեկտրական ակի արտադրութեան հետ կապուած բնապահպանական խնդիրները ստիպեցին, որ ան արտադրուի ակին նոր աղբիւրներէն, ինչպիսիք են, զոր օրինակ՝ քամիին, արեւուն եւ ջուրին ակերը:
Կիրառութիւն
ԽմբագրելԵլեկտրականութիւնը շատ յարմար ձեւ մըն է ակը փոխադրելու եւ կ'օգտագործուի բազմաթիւ նպատակներու համար, որոնց թիւը անընդհատ կ'աճի:[12] 1870-ին շիկացման լամբին գիւտէն ետք ելեկտրականութիւնը սկսաւ օգտագործուիլ որպէս լոյսի աղբիւր մը: Թէեւ ելեկտրականութիւնը իր հետ բերաւ իր վտանգները, տուներուն եւ գործատուներուն ներսը կազին լուսաւորութեան բաց բոցերու փոխարինումը նկատելիօրէն նուազեցուց հրդեհին վտանգը:
Ելեկտրականութիւնը կ'օգտագործուի հեռահաղորդակցութեան մէջ՝ 1837-ին Ուիլըմ Քուքին եւ Չարլզ Ուիթսդոունին ցուցադրած ելեկտրական հեռագրութիւնը ատոր առաջին գործնական կիրառումին առաջին դէպքերէն մէկը եղած է:
Ելեկտրամագնիսականութեան երեւոյթը հնարաւոր կը դարձնէ ելեկտրաշարժիչին աշխատանքը, որ կու տայ ելեկտրականութեան մաքուր եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը: Կանգուն շարժիչին համար, ինչպէս ճախարակն է, դիւրին է ապահովել հզօրութեան պաշար, սակայն, անոնք որ կը շարժին, ինչպէս ելեկտրամոպիլներուն վրայ դրուածներ, կը պահանջեն իրենց հետ կրել սնուցումի աղբիւր, օրինակ՝ կուտակիչ:
Բնութեան Մէջ
ԽմբագրելՄարդու մարմնին դպած ելեկտրական լարումը հոսանք կ'առաջացնէ հիւսուածքներուն միջով եւ չնայած, որ կախումը գծային չէ, այնուամենայնիւ, որչափ բարձր է լարումը, նոյնչափ հոսանքն է ուժեղ: Եթէ հոսանքին ուժը բաւարար չափով մէծ է, ապա ատիկա յառաջ կը բերէ մկաններու կծկում, սիրտի աշխատանքի խափանում եւ հիւսուածքներու այրում: Ելեկտրականացած լարին արտաքին նշաններու բացակայութիւնը անոր կը դարձնէ առաւել վտանգաւոր: Ելեկտրական հոսանքին առաջացուցած ցաւը երբեմն կը բերէ անոր օգտագործումին որպէս կոտտանքներու եղանակի: Քանի մը երկիրներու մէջ ելեկտրահարումը կ'օգտագործուի որպէս մահապատիժի ձեւ, սակայն վերջին ժամանակներուն անոր օգտագործումը նուազած է:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 8
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Uman, Martin (1987) (PDF), All About Lightning, Dover Publications, ISBN 0-486-25237-X, http://ira.usf.edu/CAM/exhibitions/1998_12_McCollum/supplemental_didactics/23.Uman1.pdf
- ↑ Riskin, Jessica (1998), Poor Richard’s Leyden Jar: Electricity and economy in Franklinist France, p. 327, արխիվացված օրիգինալից 2014-05-12-ին, https://web.archive.org/web/20140512220545/http://www.stanford.edu/dept/HPS/poorrichard.pdf, վերցված է 2016-02-28
- ↑ Berkson, William (1974) Fields of force: the development of a world view from Faraday to Einstein p.148. Routledge, 1974
- ↑ Hertz Heinrich (1887)։ «Ueber den Einfluss des ultravioletten Lichtes auf die electrische Entladung»։ Annalen der Physik 267 (8): S. 983–1000։ Bibcode:1887AnP...267..983H։ doi:10.1002/andp.18872670827
- ↑ «The Nobel Prize in Physics 1921»։ Nobel Foundation։ արտագրուած է՝ 2013-03-16
- ↑ Morely & Hughes, Principles of Electricity, Fifth edition, pp. 92–93
- ↑ 7,0 7,1 Institution of Engineering and Technology, Michael Faraday: Biography, արխիվացված օրիգինալից 2007-07-03-ին, https://web.archive.org/web/20070703063432/http://www.iee.org/TheIEE/Research/Archives/Histories%26Biographies/Faraday.cfm, վերցված է 2007-12-09
- ↑ Edison Electric Institute, History of the Electric Power Industry, արխիվացված օրիգինալից 2007-11-13-ին, https://web.archive.org/web/20071113132557/http://www.eei.org/industry_issues/industry_overview_and_statistics/history, վերցված է 2007-12-08
- ↑ Edison Electric Institute, History of the U.S. Electric Power Industry, 1882-1991, http://www.eia.doe.gov/cneaf/electricity/chg_stru_update/appa.html, վերցված է 2007-12-08
- ↑ Carbon Sequestration Leadership Forum, An Energy Summary of India, արխիվացված օրիգինալից 2007-12-05-ին, https://web.archive.org/web/20071205080916/http://www.cslforum.org/india.htm, վերցված է 2007-12-08
- ↑ IndexMundi, China Electricity - consumption, http://www.indexmundi.com/china/electricity_consumption.html, վերցված է 2007-12-08
- ↑ Wald, Matthew (21 March 1990), «Growing Use of Electricity Raises Questions on Supply», New York Times, http://query.nytimes.com/gst/fullpage.html?res=9C0CE6DD1F3AF932A15750C0A966958260, վերցված է 2007-12-09