Եկատերինոտար, քղ. Ռուսիոյ, 1879-ին 60 հազար բնակիչ ունէր, մեծամասնութիւնը ռուս: Հայոց թիւն էր 1400 հոգի, բաժնուած 200 տան, որոնք բոլորն ալ գաղթած էին զանազան տեղերէ, Խրիմէ, Նոր Նախիջեւանէ, Նոր Արմաւրէ, Տաճկաստանէ, Պարսկաստանէ, եւայլն: Հայերը ունին Ս. Աստուծամօր նուիրած փայտաշէն փոքրիկ եկեղեցի մը, օծուած 1863-ին Վեհապետեան Գէորգ Արքեպիսկոպոսի ձերամբ: Ունէին նոյնպէս, 1863 թուին հիմնած Մեսրոպեան անուամբ հոգեւոր ծխական դպրոց մը, որուն մօտ 1870-ին բացին նաեւ Օրիորդաց ուսումնարան, տեղացի Տիկնանց խնամատարութեամբ:1879-ին դպրոցը նախարարութեան անցնելով՝ ռուս մանուկներն ալ սկսան հոն յաճախել: Կաթոլիկ Հայոց թիւն էր 250, որոնք ընդհանրապէս Խոտրջուրցիներ էին եւ հացագործութեամբ կը պարապէին: Կային Արդուինցիներ, Ախլցխացիներ եւ Տրապիզոնցիներ:

Հայերը ընդհանրապէս վաճառականութեամբ կը պարապէին, կային նաեւ արհեստաւորներ, ամէնէն նշանաւոր վաճառականական տունը Թորոսեան եղբայրներու «Վաճառականական Ընկերութիւն»ն էր: Նշանաւոր էր նոյնպէս Պարսկաստանցի Անետեաններու ձիթագործարանը, որ իր տեսակին մէջ ամենամեծը եւ ամենաառաջինն էր ամբողջ Ռուսիոյ մէջ: «Կեդրոնական հիւրանոց»ը կը պատկանէր Արմաւրցի Բօղարսուկեան հայ եղբայրներուն: Քաղաքիս շրջակայ գիւղօրէից մէջ եւս հայարէ աւելի Հայեր կը գտնուին, ամէնքն ալ գաղթած Տրապիզոնէ եւ մօտակայ տեղերէ: Այդ ատենի ըստ հոգեւոր գարչութեան Եկատերինոտար եւ Քուպանի աշխարհը կը պատկանէր Նախիջեւանու եւ Պեսարապիոյ թեմին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 663: