Եկեղեցական տոմարագիտութիւն

Եկեղեցական Տոմարագիտութիւն, Քրիստոսի Յարութեան տօնը (Զատիկը) տարբեր թուականներով կը նշուի քրիստոնեայ եկեղեցիներու կողմէ, եւ այդ հիմամբ՝ անիկա կը շարժի (ոչ հաստատուն) տօն մըն է:

Այս հարցը գերազանցապէս կ՛առնչուէր տոմարական հաշիւներու: Հայց. Եկեղեցւոյ Զատիկը կրնար զուգադիպիլ Մարտ 22-էն մինչեւ Ապրիլ 25 երկարող 35 օրերու մերձաւորագոյն Կիրակիին: Բայց այդ հաշիւները ինչպէ՞ս կը կատարուին: «Եկեղեցական տոմարագիտութիւն» կոչուած հատորը, զոր հեղինակած էր Էջմիածնայ տոմարագէտ միաբաններէն Գէորգ արք. Սէրայտարեան Վիրահայոց թեմին երբեմնի երկարամեայ առաջնորդը(վախճանած՝ 2002-ին): Գրքին մէջ նշուած էր հետեւեալը.

325 թուին Նիկիայի Տիեզերական Ժողովում 318 հայրապետներ որոշում ընդունեցին, որ զատկական տօնը ամէն տարի տօնուի գարնանային գիշերահաւասարից՝ Մարտի 21-ից յետոյ, առաջիկայ լուսնի լրմանը յաջորդող Ա. Կիրակի օրը։


Գիտեմ, որ «գիշերահաւասար» ը տարուան այն ժամանակն է՝ երբ ցերեկն ու գիշերը հաւասար տեւողութիւն կ՛ունենան (Մարտ 21-ին ու Սեպտեմբեր 21-ին)։ Բայց հարցն այն է՝ թէ ինչու Զատկուան տօնը կապուած է «լուսնի լրում»ին...։

Գրքին վերջաւորութեան սակայն, հեղինակը կը պատմէր, որ 1969-ին Վազգէն Ա. Կաթողիկոս երեք եպիսկոպոսներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը կազմեր էր, պարտականութիւն տալով անոր ուսումնասիրել բոլոր եկեղեցիներու հետ Զատկի անշարժ օր մը տօնելու հարցը Այդ յանձնախումբը, յետ քննութեան , հասած էր սա՛ եզրակացութեան. «Երբ քրիստոնեայ եկեղեցիները համաձայնին Ս. Յարութեան տօնը կատարելու անշարժ եւ հաստատուն օր մը, Հայց. Եկեղեցին եւս միանայ որոշումին եւ Զատիկը տօնեն տարուայ անշարժ օր մը, Ապրիլի Բ. կամ Գ. Կիրակին»։

Աւելի քան 45 տարի անցեր է վերի թուականէն, բայց ցանկալի «համաձայնութիւն»ը չէ գոյացեր Այդ տարիներու ընթացքին բազմահարիւր աշխատաժողովներ, համագումարներ, էքիւմէնիք հանդիպումներ կայացեր են մեծ եւ փոքր տարբեր եկեղեցիներու միջեւ՝ Եկեկղեցիներու Համաշխարհային Խորուրդի Երդիքին տակ կամ այլուր, բայց շօշափելի արդունք մը ձեռք չէ ձգուեր։

Քրիստոնէական անմիաբանութիւն...։