Եղիա Վրդ․ Էնտազեան, 18-րդ դարու վերջի 19-րդ դարու սկզիբի քարտէզափորագրիչ։ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, վարդապետ։

Եղիա Էնտազեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Փորագրած է «Ափրիկէ», «Եւրոպիա» (երկուքն ալ՝ 1786 թուականին), «Ամերիկա», «Ասիա», «Լայնածաւալ տէրութիւն օսմանցոցն» (երեքն ալ՝ 1787 թուականին), «Գաւառք Հայաստան աշխարհի ըստ հին պատմութեանց» քարտէզները[1]։ Վերջինս, առանց տպագրութեան վայրի, տպարանի եւ թուականի յիշատակութեան, զետեղուած է Միքայէլ Չամչեանի «Պատմութիւն Հայոց»-ի Ա․ հատորին (1784 թուական) մէջ։ Ըստ Հ. Սահակ Վրդ. Ճեմճեմեանի՝ սա Էտնազեանի քարտէզափորագրութեան առաջին փորձն է։

1785 թուականին Վենետիկի մէջ, առանց տպարանի եւ հեղինակի յիշատակութեան, տպագրուած է Էտնազեանի «Համառօտ պատմութիւն օդապարիկ գնտոյ» գրքոյկը։ Տիտղոսաթերթին՝ «Համառօտ պատմութիւն օդապարիկ գնտոյ եւ ճանապարհորդութեան Մօնկոլֆիոյ, Քառլօյի, եւ Րօպէրթի»։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Asia, ěst nor ashkharhagrakan znnutʻeantsʻ : pʻoragreal i Vēnētik i Vans Srboyn Ghazaru i tʻuis merum 1236.»։ Library of Congress, Washington, D.C. 20540 USA։ արտագրուած է՝ 2023-08-09 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։