Եղիշէ Փափանեան (Փափանէսեան) (1875 (1877), Կարին1915, Մելիտինէ), դեղագործ, բժիշկ։

Եղիշէ Փափանեան
Ծնած է 1875 կամ 1877
Ծննդավայր Կարին, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն դեղագործ
Պարգեւներ Ոս­կէ մե­տալ եւ պատուոյ նշան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1875 (1877) թուականին, Կարնոյ նահանգի կեդրոն՝ Կարին քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Կոնստանդնուպոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանի դեղագործական բաժինը։ 1902 թուականին Կարնոյ մէջ սեփական դեղատուն բացած եւ դեղագործ աշխատած է։ Պատրաստած է «փուտ­րափա­փան» (Փափանեանի փոշի) հազի դեղը։ Իտա­լի­ոյ Փալերմօ քաղաքի համալսարանի բժշկական բաժինէն ոսկէ մետալ եւ պատուոյ նշան ստացած է։ Մելիտինէի մէջ սեփական դեղատուն ունեցած եւ դեղագործ աշխատած է։

1915 թուականին Մելիտինէի մէջ՝ թուրք խաժամուժը, զինք կացինահար ըրած է՝ 39 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։