Եոկան (Սանսքրիթ՝ योग yóga, կապ) ֆիզիքական, մտաւոր, հոգեւոր աւանդական կանոններու միասնութիւն, կազմաւորուած է հին արիական քաղաքակրթութիւն կոչուող հնդեւրոպական նախահայրենիքի ծաղկման շրջանին[1][2], մեր մոլորակի տարբեր հատուածներուն մէջ՝ զուգահեռաբար, ապա, վերոնշեալ քաղաքակրթութեան անկումէն ետք, պահպանուած է գերազանցապէս Հնդկաստանի մէջ եւ արեւելքի քանի մը այլ երկիրներու մէջ։

Շիվա աստուծոյ արձանը Պաթմասանա (լոթոսի դիրք) դիրքին մէջ Եոկայական խորհրդածութեան ատեն, Քառնադաքա, Պանկալոր

Աշխարհի տարածքին աւելի լայն ճանաչում ունի Հաթհա Եոկան եւ Ռաջա Եոկան[3]:

Եոկա բառը յաճախ կապ ունի հինտուիզմի, պուտտիզմի եւ չայնիզմի մէջ հանդիպող ֆիզիքական եւ մտախոհական վարժանքներու հետ[4]:

Ստուգաբանութիւն

Խմբագրել

Եոկան (योग) սանսքրիթերէնէն թարգմանաբար ունի բազմաթիւ նշանակութիւններ։ Կազմուած ըլլալով սանսքրիթ յուճ արմատէն, որ կը նշանակէ կառավարել, լծել կամ միաւորել, Եոկան նաեւ կը թարգմանուի իբրեւ միութիւն, միաւորում, կապ, իմաստ եւ ներլուծում։ Սակայն հիմնական իմաստներէն մէկը՝ կապ, կապ քու ներաշխարհիդ հետ, շուրջդ գտնուող մարդոց, այլ կենդանի էակներու ու բնութեան հետ։

Եոկա կիրարկողները, Եոկայի փիլիսոփայութեան հետեւորդները, որոնք ձեռք կը բերեն բարձր կարգի կարողութիւններ՝ կ'անուանուին եոկինի (կանանց դէպք) եւ եոկի (նաեւ եոկին) (տղամարդոց պարագային)։

Յատկանիշներ

Խմբագրել

Եոկան շատ աւելին է, քան` պարզ ֆիզիքական վարժութիւն մը: Անոր բարիքները անհամար են մարդու ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար: Հետաքրքրասէր սկսնակ մը, հետեւողական եոկայով զբաղելով կրնայ բարեփոխել իր ընդհանուր բարեկեցութիւնը:

  • Եոկան կը բարելաւէ հաւասարակշռութիւնը, ճկունութիւնը եւ ուժը[5]:
  • Եոկան կը դարմանէ կռնակի ցաւի որոշ տեսակներ:
  • Մեղմ եոկան կրնայ դարմանել յօդացաւի որոշ տեսակներ:
  • Եոկան կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգի գործունէութիւնը:
  • Եոկան կը բարելաւէ քունի որակը:
  • Եոկան տրամադրութիւնը կը բարձրացնէ եւ կը վանէ սեւ միտքերը:
  • Եոկան կ'օգնէ կարգաւորելու ընկճախտը:
  • Եոկայի խմբային դասընթացքները կ'ամրապնդեն ընկերային կապերը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. D. W. Anthony, The Horse, the Wheel and the Language, Princeton — Oxford, «Princeton University Press», ISBN 978-0-691-05887-0
  2. J. P. Mallory,Douglas Q. Adams., Encyclopedia of Indo-European culture, London, «Fitzroy Dearborn Publishers», ISBN 9781884964985։
  3. [Kimberly Lau (2000), New Age Capitalism, University of Pennsylvania Press, ISBN 978-0812217292, page 100]
  4. David Gordon Yoga, Brief History of an Idea (Chapter 1 of «Yoga in practice») (2011), (PDF), Princeton University Press
  5. Եոկան