Եուքիկասենը, Ճափոնի Հոքայտօ շրջանին մէջ ծնած եւ հնարուած մարզաձեւ մըն է:

Մարդոց եւ յատկապէս մանուկներուն համար ձիւնէ գնդակներով կռիւը շատ հաճելի ժամանց մըն է: Սակայն մօտաւորապէս 30 տարի առաջ անիկա կը յառաջդիմէ եւ կը դառնայ իսկական մարզաձեւ մը, երբ Հոքայտոյի մէջ կը դրուին խաղին յատուկ միջազգային օրէնքներ եւ կը պատրաստուին յատուկ սարքաւորում: Այս ձեւով ասիկա կը դառնայ «մարդկութեան ամէնէն հին մարզաձեւը»[1]:

Այս մարզաձեւը կը խաղցուի 36 մեթր երկարութեամբ եւ 10 մեթր լայնքով քառանկիւն, ամբողջովին ձիւնէ կազմուած դաշտի մը վրայ, ամէն ինչ ձիւնէ, պատերը, նոյնիսկ` գնդակները: Երկու խումբ իրարու դէմ կը մրցին: Իւրաքանչիւր խումբ կազմուած է 7 խաղացողներէ եւ 1 մարզիչէ. խաղը բաժնուած է երեք փուլերու, իւրաքանչիւր փուլ կը տեւէ 3 վայրկեան:

Դաշտին մէջ 7 մարզիկներէ կազմուած խումբերը ունին 90 ձիւնէ գնդակ` իւրաքանչիւր փուլի համար. անոնց նպատակն է թշնամի խումբին դրօշակը խլել, սակայն յատկապէս` խուսափիլ ձիւնէ գնդակի հարուածներէն: Երբ ձիւնէ գնդակ մը կը դպչի խաղացողի մը, ան խաղէն դուրս կ'ելլէ: Որքան թշնամի խումբին խաղացողները խաղէն դուրս ելլեն, այնքան դիւրին կ'ըլլայ միւս խումբին համար անոնց դրօշակը  ձեռք ձգել[2]:

Խաղալու համար պէտք է կամաց-կամաց յառաջանալ գետնին վրայ, սառէ պատերուն ետեւը պահուըտելով: Այս ձեւով դիւրին կ'ըլլայ զարնել թշնամի խմբակի խաղացողներուն: Երկու խումբերուն միջեւ կռիւը ծանր է:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել