Ձիւն
Ձիւնը անձրեւին նման, կը կազմուի ամպերուն մէջ` ջուրի շոգիով: Արեւուն ճառագայթներէ տաքցած ջուրը կը շոգիանայ եւ դէպի երկինք կը բարձրանայ ծովերէն, լիճերէն, գետերէն եւ ուրիշ աղբիւրներէ` ամպերլը կազմելու համար[1][2]:
Կազմութիւն
ԽմբագրելԱրեւուն ճառագայթներէ տաքցած ջուրը կը շոգիանայ եւ դէպի երկինք կը բարձրանայ ծովերէն, լիճերէն, գետերէն եւ ուրիշ աղբիւրներէ` ամպերլը կազմելու համար: Այս ձեւով օդին մէջ կախուած այս ջուրը պէտք ունի երկու շատ ճշգրիտ պայմաններու ձիւնի վերածուելու համար. նուազ աստիճանի ջերմաստիճան, 0-էն -16-ի միջեւ, եւ փոքրիկ մասնիկներու ներկայութեան, ինչպէս` փոշի, աւազ, մոխիր եւ այլն:
Ցուրտին ազդեցութեան տակ ջուրի շոգին ուղղակիօրէն կը վերածուի սառի մանր բիւրեղներու, առանց անցնելու հեղուկի վիճակէն: Ապա այս բիւրեղները կը կառչին մանր մասնիկներու, կը կուտակուին եւ կամաց-կամաց կը մեծնան մինչեւ կազմեն ձիւնի փաթիլները: Վերջապէս, իրենց ծանրութեան պատճառով, այս փաթիլները ամպերէն կ'իյնան: Եթէ ամպին եւ գետնին միջեւ ջերմաստիճանը բաւական պաղ է, փաթիլները չեն հալիր եւ կը հասնին երկիր:
Ձիւնի փաթիլներուն ձեւը
Խմբագրելձիւնի փաթիլները իրենց ձեւը կը պարտին իրենց բաղադրութեան տարրերուն` ջուրի մասնիկները, որոնք ճանչցուած են իրենց H2O քիմիական բաղադրութեամբ: Երբ այս մասնիկները բիւրեղներու կը վերածուին, անոնք իրարու կը միանան կորիզի մը միջոցով` վեցանկիւն մը կազմելով: Ապա ջուրի ուրիշ մասնիկներ կը խմբուին վեցանկիւնին իւրաքանչիւր կողմին վրայ` ճիւղեր կազմելով: Այս պատճառով է, որ փաթիլները աստղերու կը նմանին: Սակայն բոլոր փաթիլները ճիշդ նոյն ձեւը չունին: Անոնց ձեւը կախեալ է ջերմաստիճանէն: Երբ օդը 0-էն – 4-ի միջեւ է, փաթիլները կը նմանին տափակ պնակներու, իսկ – 4-էն – 6-ի միջեւ ջերմաստիճանի պարագային անոնք կը ստանան ասեղի ձեւ:
Աշխարհի ամէնէն մեծ փաթիլը ունէր 38 սմ լայնք: Այս մրցանիշը արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու հիւսիսը` Ֆորթ Քիոյի շրջանին մէջ, 1887-ին[3]:
Ձիւնին գոյնը
ԽմբագրելՓաթիլները կազմող սառած ջուրի մանր բիւրեղները թափանցիկ են: Անոնք իրենց վրայ ինկող լոյսը ետ կը ղրկեն, զայն ծծելու փոխարէն, ինչպէս կը պատահի ընդհանրապէս մարդիկը շրջապատող տարրերուն պարագային: Իսկ լոյսին մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ գոյներ: Երբ լոյսը կը ցոլացուի, այսինքն «ետ կը ղրկուի», այս գոյները իրարու կը խառնուին եւ ճերմակ կու տան: