Երեմիա, (Ք.Ա. 670, Անաթոթ, Յուդայի թագաւորութիւն - Ք.Ա. 586, Եգիպտոս), Աստուածաշունչի մեծագոյն մարգարէներէն մէկը, իր կոչումը ստացած է հրեայ ժողովուրդին հոգեւոր վերանորոգման մէկ շրջանին։

Երեմիա Մարգարէ
Ծնած է ՔԱ670
Ծննդավայր Անաթոթ, Յուդայի թագաւորութիւն
Մահացած է ՔԱ586
Մահուան վայր Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն Յուդայի թագաւորութիւն
Ազգութիւն Israelites?
Կրօնք Եհովայի վկաներ[1]
Մասնագիտութիւն քահանայ, գրագէտ
Վարած պաշտօններ մարգարէ եւ Քոհեններ?
Ծնողներ հայր՝ Hilkiah?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Երեմիայի մարգարէութիւնը նուիրուած է Յուդայի թագաւորութեան քաղաքական դրութեան։

Իր ժողովուրդին մոլորած ընթացքին պատճառով ան անընդմէջ հաւասարութիւն եւ ճշմարիտ աստուածպաշտութիւն քարոզած է, որպէսզի մարդիկ փոխեն իրենց ընթացքը, իրարու հետ արդար եւ ուղիղ ապրին. օտարականին, որբն ու այրին չհարստահարեն, արդար եւ անմեղ արիւն չթափեն, աստուածներ չպաշտեն՝ ի կործանում իրենց անձերուն[2]:

Նկատի առնելով Բաբելոնի հզօրութիւնը՝ խաղաղութիւն քարոզած է այդ պետութեան հետ, որուն համար հալածուած է, իսկ Յուդային թագաւորութեան անկումէն ետք, Ք.Ա․ 586-ին բռնութեամբ տարուած է Եգիպտոս։ Երեմիան կանխատեսած է Յուդային ազատագրումը եւ ժողովուրդին վերադարձը հայրենիք։

Երեմիան Հին Կտակարանի «Երեմիայի մարգարէութիւն» գիրքին հեղինակն է։ Վերջինս կարեւոր սկզբնաղբիւր է Ք.Ա. 7-6 դարերուն Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ «Երեմիայի մարգարէութեան» մէջ կը յիշատակեն նաեւ «Արարատի» եւ «Ասքանազի» թագաւորութիւնները, որոնց հեղինակը պատերազմի կը կոչէ ընդդէմ Բաբելոնի։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Երեմիա մարգարէին յիշատակը կը տօնէ Աստուածածնի Վերափոխման յաջորդող երկրորդ Հինգշաբթի օրը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել