Երկար մատներով գորտեր

Երկար մատներով գորտեր, Ափրիկէի Պուրունտի կոչուած շրջանին անտառներուն մէջէն յայտնաբերած երկար մատներ ունեցող գորտեր[1]:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Նշեալ գորտերը վերջին անգամ տեսանելի եղած են 1949-ին: Ապա տասնամեակներ շարունակ շրջանին մէջ ծայր առած քաղաքական հակամարտութիւններուն պատճառով ստեղծուած անապահով վիճակը առիթ չէ տուած, որպէսզի մասնագէտներ կարենան ուսումնասիրութիւններ կատարել այդ անտառներուն մէջ:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Երկար մատներով գորտերը ունին 3,2 սանթիմեթր երկայնք: Անոնց մատներուն ամէնէն երկարը մատնեմատը եղած է:

Այդ գորտին թեւերն ու սրունքները մութ կապոյտ գոյնի հաստ գիծերով ծածկուած են:

Անհետացման վտանգին ենթարկուած
Խմբագրել

Երկար մատներով գորտին գոյութիւնը կրնայ անգամ մը եւս վտանգուիլ նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով մարդիկ սկսած են բնակութիւն հաստատել Պուրունտիի լեռներուն վրայ, որոնք կրակ վառելու համար փայտ պիտի ապահովեն շրջանին անտառներուն ծառերէն եւ, ժամանակի ընթացքին, այդ անտառներուն անհետացումով պիտի անհետանան նաեւ մեծ թիւով անասուններ, որոնց կարգին նաեւ` երկար մատներով գորտերը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել