Քամպօ (Գորտի մորթով դեղ)
Քամպօ (Գորտի մորթով դեղ), «Մոմանման կապիկ» կոչուած գորտի տեսակ մը ու անոր շերեփուկին մորթին բաղկացուցիչները եղող երկու տեսակի բնասպիտներ, որոնք կրնան նպաստել աւելին քան եօթանասուն տեսակի հիւանդութիւններու դարմանումին[1]:
Քաղցկեղի եւ այլ հիւանդութիւններու դարման
Խմբագրել- Ըստ մասնագէտներու, զոյգ բնասպիտները կրնան կանոնաւորել արեան երակներու աճման գործընթացը: Այդ բնասպիտներէն մէկը կրնայ կասեցնել արեան երակներուն աճը, որ իր կարգին կարելի է գործածել քաղցկեղի վերածուած ուռերու ոչնչացման գործընթացին մէջ` նկատի ունենալով, որ քաղցկեղի վերածուած ուռերուն բջիջները կ'աճին զիրենք շրջապատող արեան երակներուն միջոցով իրենց հասնող սնունդին ու թթուածինին միջոցով: Քաղցկեղի վերածուած ուռերուն մեծ մասը իր կազմութեան սկզբնական հանգրուանին կ'աճի միայն որոշ տարողութեամբ մը, որմէ ետք անիկա անպայմանօրէն պէտք կ'ունենայ իր մէջ արեան երակներու կազմութեան, որպէսզի անհրաժեշտ սնունդն ու թթուածինը հասցնէ իրեն եւ, այդպիսով, անիկա կարենայ յաւելեալ աճիլ ու տարածուիլ: Այսուհանդերձ, նշեալ ուռերուն մէջ ու անոնց շուրջ արեան երակներուն աճը կասեցնելը նուազ հաւանական կը դարձնէ ուռերուն տարածուիլը եւ ի վերջոյ պատճառ կը դառնայ անոնց ոչնչացման:
- Մասնագէտներըկ'ըսեն նաեւ, թէ այդ զոյգ բնասպիտներէն երկրորդը կը նպաստէ արեան երակներու աճին, որ իր կարգին կրնայ նպաստել վիրաւոր եւ կամ վիրաբուժութեան ենթարկուող հիւանդի մը շատ աւելի արագօրէն ապաքինման[2]:
- Նշեալ բնասպիտը կարելիութիւն կ'ընձեռէ, որ կարգ մը հիւանդութիւններ արագօրէն դարմանուին, մասնաւորաբար` այնպիսի՛ հիւանդութիւններ, որոնց դարմանումին մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն ունի արեան երակներուն արագօրէն վերակազմուիլը, ինչպէս, օրինակ, ծանր վէրքերու սպիացման ու մարմինի տարբեր օրկաններու պատուաստումին, ինչպէս նաեւ շաքարախտի պատճառով յառաջացած խոցերուն ու կաթուածներու յառաջացուցած վնասներուն դարմանումին մէջ[3]:
- Մասնագէտները հետամուտ են «մոմանման կապիկ» կոչուած գորտին ու անոր շերեփուկին մորթին բաղկացուցիչ այդ զոյգ բնասպիտները օգտագործելու պատրաստութեան մէջ այնպիսի՛ դեղամիջոցներու, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ ազդեցիկ կերպով թիրախ դարձնել եւ հակակշռել, ինչպէս նաեւ կանոնաւորել արեան երակներուն աճը[4]: