Երուանդ Գարագաշեան

Երուանդ Գարագաշեան, ծնած է 1864-ին Պոլսոյ մէջ։

Երուանդ Գարագաշեան
Ծնած է 1864
Ծննդավայր Պոլիս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մեծահամբաւ պատմաբան-բանասէր Մատաթիա Գարագաշեանի եղբօրորդին է Երուանդ Գարագաշեան որ ծնած է Պոլիս 1864-ին։ 1884-ին կ՝ աւարտէ Պոլսոյ թրքական Լիսէն եւ 1887-ին շրջանաւարտ կ՝ ըլլայ քաղաքական դիտութեանց պետական Ճեմարանէն, Պոլիս։ 1887-1891 Հրոդա կղզին կ՝ ուղարկուի որպէս պետական պաշտօնեայ, Կառավարչին Օգնական տիտղոսով։ Այս ատեններն է որ հայկական հարցը սուր հանգամանք մը կը ստանայ եւ իր հայ ելլալուն համար կը հեռացուի պետական-քաղաքական ասպարէզէն եւ 1891-ին կ՝ ուղարկուի Պուրսա որպէս այդ քաղաքի Երկրագործական Վարժարանին հաշուակալ։ Երուանդ Գարագաշեան տեսնելով թէ հայ ըլլալուն համար շառաջացում չկայ պետական քաղաքական ասպարեզին մէջ՝ կը նուիրուի ուսուցչութեան։ 1892-ին փոխ Տնօրէն կը կարգուի Պէյրութի Պետական Լիսէին. Պաշտօն մը զոր մեծ ձեռնհասութեամբ կը վարէ մինչեւ 1908: Սահմանադրութեան՝ Տնօրէն կը կարգուի վարժարանին։ Սակայն հազիւ թէ հոն տարի մը կը մնայ, պաշտօնի բարձրացումով կը ղրկուի Պէյրութ որպէս այս քաղաքի պետական Լիսէին Տնօրէն։ 1915-ին Պէյրութի Լիսէն կը փոխադրուի Դամասկոս ուրրժամանակ մը յետոյ գարագաշեան հանգստեան կը կոչուի հակառակ որ տարիքի սահմանը չէր հասած։ անշուշտ այս տեսակ մը կղզիացում էր հայ ըլլալուն համար։ 1918-ին Զինադադարէն յետո Պէյրութ կու գայ ուր ֆրանսացիներու կողմէ պաթտօնի կը կոչուի Ներքին Գործոց Տնօրէն եւ թէ ալ Ներքին Գործոց տնօրէնութեան մէծ որպէս Ծոխ Տնօրէն։ Մեծ ձեռնահասութեամբ կը վարէ այս գործը եւ պաշտօնի վրայ ալ կը մեռնի1922 Մայիս 23-ին։ Թէ որպէս Լիսէի Տնօրէն եւ թէ ալ Ներքին Գործոց բարձրաստիճան պաշտօնեայ Երուանդ Գարագաշեան բոլորէն սիրուած էր անխտիր։ Հազուագիւտ յատկութիւններով օժտուած շատ արժէքաւոր հայ մըն էր որ պատիւ կը բերէր իր ժողովուրդին։ Իր հայրենասիրական ու ազգայնական շունչին տակ մեծցաւ արաբ մահմետական սերունդ մը, որու անդամներէն շատեր դեռ մինչեւ երէկ ողջ էին եւ որոնք զինք երախտագիտութեամբ կը յիշէին ըսելով թէ Փրօֆ. Գարագաղեանէ սորուած էին ազգ եւ հայրենիք բառերու իսկական իմաստը։ Իր աշակերտները շատ բարձրաստիճան պաշտօններ եղան նախ Օսմանեան ապա անկէ բաժնուած զանազան արաբախօս պետութիւններու կառավարութեանց մէջ։ Փրօֆ. Երուանդ Գարագաշեանը ճանչցող մը որ տակաւին ողջ է կ՝ ըսէ. «իրապէս մեծ արժանիքներով օժտուած հայ մըն էր, շատ ազնիւ, բարի տիպար մարդ մը»: Այս վկայութիւնը կը խորհինք կը բաւէ տալու լուսաւոր դէմքը այդ մեծ հայուն եւ ազնիւ մարդուն որ Փրօֆ. Երուանդ Գարագաշեան կը կոչուէր։

Իր զաւակներնեն Պրն. Հրանդ Գարագաշեան, որ Հիւս. Ամերիկա կը գտնուի եւ կը պարապի վաճառականութեամո։ Նաեւ Տօքթ. Ատոմ Գարագաշեան, շրջանաւարտ Ֆրանսական Համալսարանի Ատամնաբուժական բաժինէն։ Ան ապա հաստատուած է Պէյրութ։ ԻՍկ իր դուստրն է Օր. Շաքէ Գարագաղեան, ծանօթ դաշնակահարուհի, շրջանաւարտ Պէյրութի Ամեր. Համալսարանի Երաժշտական ճիւղէն եւ Փարիզ գացած կատարելագործելու համար երաժշտական իր բարձր ուսումը։ Ան ապա հաստատուած է Պէյրութ ուր կը դասաւանդէ դաշնակի դասեր[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 304-306։