Երուսաղէմի Պաշարում (1244)
Երուսաղէմի պաշարում (1244), տեղի ունեցած է Խաչակիրներու Զ․ արշաւանքին ընթացքին․ հետեւանքն էր գրաւել եւ աւերել Երուսաղէմը։
Երուսաղէմի Պաշարում | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Խաչակիրներու Զ․ արշաւանք | |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
Այուպեաններու սուլթանութիւն |
Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Ալ-Քամիլ | Ֆրիտրիխ Բ․ Հոհենշտաուֆեն | ||||||
Կողմերու ուժեր | |||||||
փոքր | անյայտ | ||||||
Կորուստներ | |||||||
անյայտ | անյայտ |
Ընթացքը
ԽմբագրելԽաչակիրներուն Զ․ արշաւանքը կը գլխաւորէր Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան Sacrum Romanum Imperium կայսր Ֆրիտրիխ Բ․ Հոհենշտաուֆեն։ Ան զինք կը հռչակէ Երուսաղէմի արքայ, քանզի անոր կինը՝ Իոլանտա տէ Պրիեն ժառանգած էր «Երուսաղէմի թագուհիի» տիտղոսը իր մօրմէն՝ Մարիա Մոնֆերացի։
Ֆրիտրիխի բանակին թուաքանակը եւ հեղինակութիւնը բաւարար էր, որպէսզի առանց ռազմական գործողութիւններու Երուսաղէմը, Բեթղեհեմը, Նազարեթը եւ շարք մը այլ տարածքներ ու բերդեր վերադարձուին Այուպեան սուլթան ալ-Քամիլի հետ կնքուած պայմանագրով։ Սակայն Երուսաղէմը քրիստոնեաներու տիրապետութեան տակ կարողութիւն չունէր դիմանալ երկար ժամանակ, որովհետեւ անոնք շրջակայքին մէջ չունէին բաւարար տարածքներ քաղաքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար։
1244-ին Այուպեանները Խորեզմիշահիներուն (որոնց կայսրութիւնը 1231-ին Մոնկոլները աւերած էին) կը թոյլատրեն յարձակիլ քաղաքին վրայ։ Արագ պաշարումէ ետք, 15 Յուլիսին Խորեզմիշահեր Երուսաղէմը կը գրաւեն եւ կողոպուտի ու աւերի կը ձեռնարկեն։ Այս արիւնահեղութիւնը կը հրահրէ Ֆրանսայի թագաւոր Լուի Թ․ Սուրբին կազմակերպել Խաչակիրներու Է․ արշաւանքը։