Երջանկութեան Միջազգային Օր

Երջանկութեան միջազգային օր (անգլերէն՝ International Day of Happiness), 20 Մարտ 2012 թուականին, ՄԱԿ-ը յայտարարած է Երջանկութեան միջազգային օր (International Day of Happiness)՝ նպատակ ունենալով պաշտպանել այն գաղափարը, որ երջանկութեան ձգտումը համամարդկային զգացում է եւ այն մարդկութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է[4]: Այդ կապակցութեամբ երկրներու կոչ ուղղած ու ջանքեր գործադրած է, իւրաքանչիւր մարդու բարեկեցութեան ու բարելաւման ուղղղութեամբ:

Երջանկութեան Միջազգային Օր
Երջանկութեան փուչիկներ
Տեսակ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 20 Մարտ[1]
Հաստատուած 2013[2]
Անուանուած է երջանկութիւն
Ի յիշատակ երջանկութիւն[1]
Կայք un.org/en/observa…(անգլերէն)
dayofhappiness.net[3]

Երջանկութեան Միջազգային օրը հիմնադրուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան խորհրդական Ճէյմի Իլլիընի առաջարկով՝[5] Յունիս 28-ին, 2012 թուականին։ Այդ կը հաստատուի, երբ ՄԱԿ-ի անդամ 193 պետութիւններու ներկայացուցիչները միաձայն կ՛ընդունին որոշումը 66/281 բանաձեւով։ Երջանկութեան Միջազգային օրուան բազմամեայ արշաւը հաստատուած է 2011 թուականին «Illien Global Public Benefit Corporation»ի կողմէ։

ՄԱԿ-ը՝ անդամ երկրներուն, միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութիւններուն, կ՛առաջարկէ տօնը նշել կրթական, քարոզչական եւ նման այլ ծրագիրներով[6], ինչպէս նաեւ այլ լուսաւորչական միջոցառումներ կազմակերպելով:

«Նոր տնտեսագիտական հիմնադրամ»­ի վերլուծութեան տուեալներով` աշխարհի 151 երջանիկ երկրներու ցուցակին մէջ, Հայաստան 53-­րդ տեղը կը գրաւէ։ «The Happy Planet Index (HPI)» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ իրականացուած հետազօտութեան արդիւնքներով Հայաստանի երջանկութեան ցուցանիշը կը կազէ 46.0:

HPI­-ն, հանդիսանալով կայուն բարեկեցութեան չափման աշխարհի առաջատար ծրագիր, ցոյց կու տայ, թէ՝ աշխարհի երկրները որքանո՛վ կրնան երկար, երջանիկ եւ կայուն կեանք ապահովել իրենց բնակիչներուն համար: Երկրներու դասակարգման ցուցանիշը կը կազմէ` հիմնուելով երեք չափանիշերու վրայ.

  • բնակիչներու կեանքի սպասուելիք միջին տեւողութիւն
  • բարեկեցութիւն
  • էքոլոկիական «հետք»[7]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել