Եւրոպա (թերթ)
«Եւրոպա», քաղաքական, գեղարուեստական եւ ուսումնական շաբաթաթերթ, ապա՝ երկշաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1847-1863 թուականներուն, Վիեննայի մէջ։ Խմբագրած եւ հրատարակած են Մխիթարեան միաբանութեան անդամները[1][2]։
Ունեցած է երկու շրջան (1847-1858 թուականներուն, 1858-1863 թուականներուն)։ Փորձած է արտայայտել հիմնականին արեւմտահայ մտաւորականութեան եւ զարգացող վաճառականութեան ձգտումները, հրատարակած տեղեկութիւն «Եւրոպա» երկշաբաթաթերթի գլխագիրներ, հանրամատչելի յօդուածներ եւ զանազան նիւթեր արեւմտական երկիրներու արդիւնաբերութեան, առեւտուրի, տեխնիկայի ու գիտութեան վերաբերեալ, ուսումնական, գրական-գեղարուեստական գործեր, անդրադարձած է հայ ժողովուրդի պատմութեան, գաղթավայրերուն, նպաստած աշխարհաբարի զարգացման։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի մենաստանին մամուլին շտեմարանը- ԵՒՐՈՊԱ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-22
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»