Զարուհի Փէշտիմալճեան Արշակունի

Զարուհի Փէշտիմալճեան Արշակունի, (1888, Պոլիս - 1983, Պոլիս) ուսուցիչ, ազգային գործիչ։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ուսումը ստացած է նախ Սամաթիոյ Նունեան-Վարդուհեան, յետոյ Պէզազեան եւ ապա Ֆրանսացի մայրապետներու Assomption վարժարաններուն մէջ։ Կ՛աւարտէ Էսաեանի Լրացուցիչը։

1910ին Ազգանուէր Հայուհեաց Միութիւնը զինքը կը ղրկէ գաւառ, Զէյթունի շրջանի կրթական գործը կազմակերպելու համար։ Տէօրթեօլի աղջկանց վարժարանին տեսչութեան կը կոչուի։ 1916ին տեղւոյն բնակչութեան հետ կը տեղահանուի, կ՛երթայ Հալէպ։ Յառաջիկային Պոլիս վերադառնալով ուսուցչութեան կը կոչուի Օրթագիւղի Աղջկանց Որբանոցին մէջ։ Երէք տարի յետոյ կը մեկնի Ատանա, կը վարէ Տէօրթեօլի Հայ աղջկանց վարժարաններու ընդհանուր տեսչութիւնը, ֆրանսերէնի դասեր կ՛աւանդէ նաեւ Հ․Բ․Ը․ Միութեան Քէլէկեան մանչերու որբանոցին մէջ։

Հիմնած է Հ․Բ․Ը․ Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբը։ Աշխատած է նաեւ Պէյրութի Սահակեան Ազգ․ Վարժարանի, Կիպրոսի Մելգոնեանի եւ Սկիւտարի Ս․Խաչ Դպրեվանքի տիկնանց յանձնախումբին մէջ։

Մահացած է Պոլսոյ Ս․ Փրկիչ Ազգ․ Հիւանդանոցը։

Գործեր

Խմբագրել
  • Հայ Մայրը անուն գիրք մը

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Կինը Մշակութային եւ Հասարակական Կեանքի Մէջ, Հրակատարակութիւն Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2023

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել