Տէօրթեօլի դպրոցներ

Տէօրթեօլ - Դպրոցներ, Տէօրթեօլի մէջ կրթութիւնը առաջ տարած են հոգեւոր հայրերը կամ արհեստաւորները, որոնք գրել եւ կարդալ կը սորվեցնէին տեղի աշակերտներուն։ 1880-ական թուականներուն, Տէօրթեօլի մէջ կրթական կեանքի զարգացումը մեծաւ մասամբ կը կապուի Հայոց Միացեալ Ընկերութեան գործունէութեան եւ յատկապէս եղբայր ու քոյր՝ Ժիրայր (Մարտիրոս) եւ Հայկանուշ Պօյաճեաններու եւ անոնց ձեռնարկած կրթա-դաստիարակչական ծրագիրներուն[1]։

Կեդրոնական Վարժարան (Վերի Թաղ)

Խմբագրել

Տէօրթեօլի առաջին դպրոցը, որ Առաջնորդարանի շէնքին հետ միասին կառուցուած է​ր​ Վերի թաղի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, կը բացուի Պոլսոյ՝ Միացեալ Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ։ Հնչակեան կուսակցութեան անդամ Ժիրայր Պօյաճեան իբրեւ ուսուցիչ եւ տնօրէն մեծ ներդրում ունեցած է այս վարժարանէն ներս։

1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, այս դպրոցի շրջանաւարտներէն շատերը համախմբուելով կը ձեռնարկեն եկեղեցւոյ ետեւի հատուածին քով կառուցել նոր, երկյարկանի եւ աւելի արդիական վարժարան մը։ ​Նախկին շէնքը կը վերածուի նախակրթարան-մանկապարտէզի։

Նոր կառուցուած դպրոցին ուսումնական մակարդակը կը համապատասխանէ երկրորդական վարժարանի ծրագիրին ​​եւ ​1910-էն ետք​ Կրթական կեանքը զգալիօրէն ​աճ կ'ունենայ​։

Կ​եդրոնական​ Վարժարան​ին ​մէջ կը դասաւանդու​էին հետեւեալ​ նիւթեր​ը​՝ աշխարհաբար հայերէն, գրաբար, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գիտութիւն, թուաբանութիւն, գրահաշիւ, բնական ու քաղաքական աշխարհագրութիւն, բնագիտութիւն, մարդակազմութիւն, գիւղատնտեսութիւն, ընդհանուր ազգաց պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, օսմանեան պատմութիւն, կրօնք, եկեղեցական պատմութիւն, տոմարակալութիւն, գեղագրութիւն, գծագրութիւն, երգ ու մարզանք։

Տէօրթեօլի Կեդրոնական վարժարանը ունեցած է երկու բաժիններ՝ մանչերու եւ աղջիկներու։ Մանչերու բաժինի աշակերտութեան թիւը կը հաս​ն​​էր​ 800-ի, իսկ ​աղջիկ ուսանողներու թիւը՝ 600-ի։

Կեդրոնականը ունէր նաեւ խմորատիպ ուսանողական թերթ մը, ​հարուստ գրադարան​ մը​, իսկ շէնքին առաջին յարկ​ին սրահին մէջ​ կը ​կազմակերպուէին դասախօսութ​իւններ​։​Այս​ ​վ​արժարանը ​կը յաճախէին ​նաեւ Տէօրթեօլէն հեռու ​ապրող​ հայ, ինչպէս նաեւ յոյն եւ թուրք աշակերտներ։

1914-ին Կեդրոնականէն կը վկայուի շրջանաւարտներու առաջին սերունդը։

Ազգային վարժարան (Վարի թաղ)

Խմբագրել

Տէօրթեօլի մէջ գոյութիւն ունէր​ նաեւ Վարի թաղի դպրոցը, որ կը կոչու​էր​ Ազգային վարժարան​, որ միջնակարգ ​դպրոց մըն ​է​ր​. ​այս դպրոցը յաճախելէ ​ետք​,​ աշակերտները ընդհանրապէս իրենց ուսում​ը ​կը շարունակ​էի​ն Վերի թաղի Կեդրոնական վարժարանին մէջ։

Աղջկանց վարժարան

Խմբագրել

Տէօրթեօլը ունէր​ երկու աղջկանց վարժարաննե​ր՝ ​ա​ռաջինը կը գտնու​էր​ Վարի թաղի վերջնամասին մէջ, ուր կ՚ուսան​է​ին 80-ի մօտ աշակերտուհիներ։​ Իսկ ​երկրորդ վարժարանը կը գտնու​էր​ առաջին​ դպրոց​էն քանի մը փողոց անդին եւ ​ունէրէ մօտ 50 աշակերտուհիներ։ Մինաս Խապրիկի յիշատակումներէն այն տպաւորութիւնը ունինք որ այս մէկը ոչ թէ սովորական դպրոց մըն է, այլ՝ երաժշտանոց մը։

Ամառնային վարժապետանոց

Խմբագրել

1910-ին​ Պոլսոյ Միացեալ Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կը հիմնուին ​​գիւղատնտեսական վարժարաններ, որոնց նպատակն էր ամառնային դասընթացքներ կազմակերպել, ուր գիւղատնտեսական ծանօթութիւններ պիտի աւանդուէին ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։ Իսկ ուսուցիչները իրենց ստացած գիտելիքները յետագային նոյնպէս պէտք է ուսուցանէին իրենց պաշտօնավարած դպրոցներուն մէջ։ ​Այս տիպի ​ամառնային վարժարան մը նախ կը բացուի Մերսինի մէջ, ապա` Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոցին մէջ։ Վարժարան կը յաճախեն Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներէն ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։

Աւետարանականներու դպրոց

Խմբագրել

Տէօրթեօլի մէջ ​կար նաեւ հայ բողոքական համայնքին պատկանող դպրոց մը։ Կրթական այս հաստատութիւնը հիմնու​ած էր​ Իգնատիոս Կէօքվանէսեանի բնակարանին մէջ։

«Քէլէկեան» եւ «Սիսուան» որբանոց-արհեստանոցները

Խմբագրել

1909-ի Ատանայի ջարդերէն ետք Տէօրթեօլի մէջ կը հիմնուի առաջին որբանոց մը​, որպէսզի​ Կիլիկիոյ տարածքին ​մէջ ​որբացած բազմաթիւ հայ երախաներէն մաս մը այստեղ ​կարենան ​հաստատ​ուիլ​։

Սկիզբը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ս. Փրկիչ) եկեղեցւոյ աւագ քահանայ Տէր Խորէն Ալեքսանեան իր սեփական բնակարանը կը տրամադրէ որբանոցի գործածութեան համար։ Մօտաւորապէս 150 որբեր կ՚ապաստանին այստեղ​ ​եւ ​կը սկսին յաճախել Տէօրթեօլի Վարի թաղի Ազգային վարժարանը։

Այդ ժամանակներուն Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) որոշած էր Տէօրթեօլի մէջ կառուցել որբանոց-վարժարան մը։ Աշխատանքները մեծ թափ կ՚առնեն երբ այս վայրը կ՚այցելէ ՀԲԸՄ-ի անդամներէն Տիգրան Խան Քէլէկեան (1868-1951), որ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ որբանոցին ծախսերը հոգալու​ ​եւ այսպիսով​որբանոցը կը կոչուի «Քէլէկեան»։

1912-ին կ՚աւարտի «Քէլէկեան» Որբանոցի շինութիւն​ը​.​ ​բ​ացումը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբեր 1912-ին։ Սկզբնական շրջանին այստեղ կ՚ապաստանին 65 որբեր։

Որբանոցին շէնքը նախատեսուած էր ընդունելու 100 որբեր։ Այնպէս որ 1913-ին​, երբ​ որբերուն թիւը կ՚աւելնայ​, ​այս մասնաշէնքին կողքին կը սկս​ուի​ կառուցու​իլ​ արհեստանոցի մը, որուն ճարտարագէտ ​էր ​Կարօ Պալեան։

1915 թուականին օսմանեան իշխանութիւնները որբանոցին շէնքը կը գրաւեն, իսկ որբերն ալ կը ցրեն։ Ոմանց կը ստիպեն զինուորագրուիլ, իսկ ուրիշներ ալ կը ղրկուին Ատանայի եւ Հարունիէի (Խառնը) որբանոցները։ Որբանոցը կը վերածուի թրքական վարժարանի։

Զինադադարէն ետք Տէօրթեօլի տարածքը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Կիլիկեան ֆրանսական բանակներուն կողմէ կը գրաւուին եւ կը կազմակերպուի վերապրող հայերու վերաբնակեցումը այս շրջաններ​ին մէջ​։ «Քէլէկեան» որբանոցը կիսափլատակ վիճակ ունէր​, ուրեմն​ ՀԲԸՄ-ը կը ձեռնարկէ որբանոցի վերանորոգ​ումին​։ ​Հոմսի եւ Համայի տարածքներուն մէջ գտնուող եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած մօտ 150 որբեր կը տեղափոխուին Տէօրթեօլ եւ կը հաստատուին նորաբաց որբանոցին մէջ։

«Քէլէկեան» որբանոցը կը վերաբացուի 1919-ի յուլիսին։ ​Որբանոցը իր յարկին տակ կ՚ընդունի 200 որբեր։

1920-ին, ՀԲԸՄ-ը կը նախաձեռնէ Տէօրթեօլի մէջ երկրորդ որբանոցի մը շինութեան։ Նոր հաստատութիւնը կը կոչուի «Սիսուան»։ ՀԲԸՄ-​ի​ ծրագիրն էր իր ղեկավարած բոլոր որբանոցները համախմբել Տէօրթեօլի մէջ​,​ ​բ​այց այս ծրագիրը երբեք չիրականացու​եցաւ​, ​տրուած ըլլալով որ ֆրանսական բանակները քաշու​եցան​ Կիլիկիայէն եւ անոնց հետ գաղթեց նաեւ այս տարածքի ամբողջ հայութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մինաս Գոճայեան, Պատմութիւն Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) Գիւղաքաղաք մը Կիլիկիոյ մէջ, Լոս Անճելըս, 2006։
  • Մինաս Խապրիկ, Եթէ Չորք-մարզպանը ինծի հետ խօսէր, Պէյրութ, 1983։