Զաւէն Քհնյ. Փոլատեան
Զաւէն Քհնյ. Փոլատեան, աւազանի անունով Ովսկիա, որդի Ժոզէֆի եւ Ովսաննայի, ծնած է քեսապցի ծնողքէ, Քեսապ, 1931-ին։
Զաւէն Փոլատեան | |
---|---|
Ծնած է | 1931 |
Ծննդավայր | Քեսապ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Քահանայ |
Ամուսին | Նազելի Չոլաքեան |
Ծնողներ | Ժոզէֆ եւ Ովսաննայ |
Երեխաներ | երեք |
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Վարժարանէն ներս, զոր աւարտած է 1946-ին։
Իր ընտանիքին նիւթապէս օգտակար դառնալու համար, մտած է գործնական կեանքի ասպարէզ ու հետեւած՝ արհեստի։ Սակայն քանի մը տարիներու գործնական կեանքի փորձառութիւնը իր մէջ գոյացուցած է այն հաստատ համոզումը, թէ ինք շուկայի մարդ չէ, այլ իր հետաքրքրութեան աշխարհը դպրոցն է։
1951-ին, այս գիտակցութենէն մղուած, մտած է ուսուցչական ասպարէզ ու պաշտօվարած է Քեսապի Ազգ. ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ։
Երբ տարիներ ետք նիւթական իր պայմանները բարելաւուած են, պատրաստուած է ամուսնութեան։
Ընտրած է իր կեանքի ընկերը քեսապցի օրդ. Նազելի Չոլաքեանը, որուն հետ պսակուած է Քեսապի մէջ 1954-ին եւ ունեցած է երեք զաւակներ։
Նոյն տարին, որոշած է դպրեվանք ուսանիլ եկեղեցական պատրաստութեան համար։ Երբ ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, հետեւած է քահանայից երկամեայ դասընթացքին, զայն աւարտելէ ետք վերադարձած է ծննդավայր ու վերսկսած՝ նոյն դպրոցին մէջ պաշտօնավարել։
Տարիներ ետք, երք Քեսապ կը մնայ արռանց հոգեւոր հովիւի, տեղւոյն թաղականութիւնը կ'առաջարկէ տիրացու Ովսիա Փոլատեանին՝ քահանայ ձեռնադրուիլ Քեսապի համար։
Կրթական կեանքի տարիներու ծառայութիւնն ու դպրեվանք ուսանիլը, գլխաւոր ազդակներ կ'ըլլան զինք դէպի քահանայութիւն առաջնորդելու եւ սիրայօժար ընդառաջելու հայրենակիցներուն փափաքին։
Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի ձեռամբ, 9 Դեկտեմբեր 1964-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով Տ. Զաւէն։
Զաւէն Քհնյ. Փոլատեան ունի մշակուած հայերէն լէզու, ազգային ոգի, կրթական ծառայութեան կարողութիւն եւ գաղափարական աշխարհ։
Ան իր ետին կը ձգէ աւելի քան տասը տարիներու կրթական ծառայութեան, քառասունվեց տարիներու քահանայութեան վաստակ եւ կը շարունակէ համեստ ծառայութեամբ մխիթարել իրենց հարազատները կորսնցուցած մեր ազգին զաւակները[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 301։