Քեսապ

Սուրիոյ մէջ հայաբնակ գիւղ

Քեսապ (արաբերէն՝ كسب‎), հայկական աւան (գիւղաքաղաք), Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքէն՝ 59 քմ դէպի հիւսիս, Կասիոս լերան լանջին։ Քեսապ Լաթաքիա գաւառին 7 շրջաններէն մէկն է: Շրջանին կեդրոնն է՝ Քեսապ աւանը։ Քեսապին մաս կը կազմեն նաեւ 12 հայկական գիւղեր։

Գիւղաքաղաք
Քեսապ
արաբերէն՝ كسب
Երկիր  Սուրիա
ԲԾՄ 800±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու Արաբերէն
Բնակչութիւն 1500 մարդ (2013)[1]
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Հայկական աւանդական տուն մը՝ Քեսապի մէջ

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել
 
Կասիոս լեռը եւ Քեսապի մուտքը

Քեսապ կը գտնուի Սուրիոյ Հիւսիս-արեւմուտքը, թրքական սահմանին մօտիկ, միջին հաշուով ծովէն 800 մ. բարձրութեան վրայ, սակայն ծովը հեռու չէ, որովհետեւ Գարատուրան գիւղին ծովեզերքը կը գտնուի Քեսապէն 7 քմ դէպի Արեւմուտք։ Շրջանը օժտուած է անտառներով եւ լեռներով ինչպէս՝ Տիւնակ 828 մ., Տափա 983 մ., Չալմա եւ Սելտրան 1129 մ, Կասիոս 1709 մ. բարձրութեամբ։ Կլիման բարեխառն ըլլալով, ձմրան, շրջանին բնակչութիւնը կը հաշուէ 2500 հոգի, իսկ ամրան՝ 50.000-էն 60.000՝ Լաթաքիայէն, Հալէպէն, Պէյրութէն եւ Դամասկոսէն եկող թէ՛ հայ, թէ՛ օտար զբօսաշրջիկներու շնորհիւ։

Անուանում

Խմբագրել

Սուրիոյ մէջ Քեսապ կը ճանչցուի իբրեւ Քասապ, մասամբ պահելով իր հայկական անունը։ Պարագան նոյնը չէ գիւղերու անուններուն, որոնք պետական հրամանով 1964-էն ի վեր կը ճանչցուին արաբական անուններով. Օրինակ՝ Սեւ աղբիւրը կը կոչուի ալ-Սախրա (արաբերէն՝ ժայռ), Գարատուրանը՝ ալ-Սամրա (Թուխ), Էքիզօլուքը՝ նապաաէին (երկու աղբիւր), Պաղճաղազը՝ Մուշրիֆէ (լեռնալանջ), Տուզաղաճը՝ Շաճարէ (ծառ), Չինարճըգը՝ Այն-ըլ Տլպէ (սօսի ծառին աղբիւրը), Չագալճըգը՝ Ղազալէ (Եղնիկ), Քէօրքիւնէն՝ ալ-Ռապուէ (բլուր), Ներքի Գիւղը՝ ալ-Թիլալ (բլուրներ)։ Հայ համայնքը կը շարունակէ գործածել հին անունները։

Քեսապի անուան ծագումը խաչակիրներու լատիներէնով գրուած ժամանկագրութիւններուն մէջ կը յիշուի իբրեւ Քասեմ-պելլա կամ Քազա-պելլա անունով։ Անտիոքի դուքսը Պեմունտ Ա. Քասպիս կամ Քասապելլա աւանը կը նուիրէ Պետրոս ճգնաւոր վանականին։ Քասապելլա իտալերէն կը նշանակէ գեղեցիկ տուն։

Ծագում

Խմբագրել

Ըստ աւանդութեան, Քեսապի առաջին գիւղը եղած է Ներքի Գիւղը (կամ Էսկիւրէն)։ Գիւղացիները որոշ ատեն մը Ներքի Գիւղ մնալէ ետք, կը բարձրանան քիչ մը աւելի վեր եւ ներկայ Քեսապին տեղը կը հիմնեն Նոր գիւղը։ Ներքի գիւղի բնակիչները եւ նոր եկողները կը փոխադրուին Նոր գիւղ եւ առաջին գիւղը կը վերանուանուի Ներքի գիւղ։

Ինչ կը վերաբերի Քեսապի ծագումին, կան առնուազն երեք տեսութիւններ՝

  • Կիլիկեան ծագում

Հայերը հոն հաստատուած են Կիլիկեան թագաւորութեան եւ մանաւանդ անոր անկումէն՝ 1375-էն ետք։ Քեսապցիները գաղթած են Սուետիոյ շրջանէն եւ հիմնած Ներքի գիւղը (1500-էն 1525)։

Այս վարկածը հիմնուած է Քեսապի եւ Սուետիոյ բարբառներուն նմանութեան վրայ՝ Զանգեզուրի եւ Արցախի բարբառներուն հետ։ Օրինակ՝ պարսկերէնէ եւ քրտերէնէ առնուած բառեր գտնելով Քեսապ-Սուետիա Քիստինակ բարբառին հետ։

Քեսապի հայութիւնը մնացորդացն է հայ գաղթականութեան, որ կը սկսի Է. դարուն եւ կը շարունակուի մինչեւ ԺԲ. դար։ Մեմլուքեան եւ Օսմանեան արշաւանքներուն իբր արդիւնք՝ հայերը պաշտպանուելու համար կը համախմբուին եւ կը հիմնեն Քեսապը եւ նման կղզիացած Լաթաքիոյ եւ Հալէպի գաւառներուն մէջ աւաններ, ինչպէս՝ Արամօ, Ղնեմիէ, Եագուպիէ։

Բնակչութիւն

Խմբագրել

Քեսապի եւ իր շրջանի բնակչութեան շուրջ կան քանի մը տուեալներ։ ԺԹ. դարու տուեալներուն համաձայն, շրջանի հայութեան թիւը շուրջ 10.000 էր, որոնք կը տարուբերէին հետեւեալ ձեւով՝

  • 1848 աւետարանչական միսիոնարներու համաձայն՝ Քեսապ ունէր 300 տուն։
  • 1880-ին Կիրակոս Ղազանճեանի համաձայն՝ շրջանը ունէր 6.000 տուն բնակիչ։
  • 1893-ի յուշագրութիւն մը շրջանի բնակչութեան թիւը 9.000 անձի շուրջ կը գտնէ։
  • Հաւանաբար լաւագոյն մարդահամարներէն մէկն է 1911-ի մարդահամարը, զոր պատրաստած է Երուսաղէմի վարդապետ՝ Մովսէս Ոսկերիչեանը: Ըստ Ոսկերիչեանին, շրջանին մէջ կ'ապրէր 6115 հոգի (երկու տարի առաջ տեղի ունեցած էր Կիլիկիոյ ջարդը):
Գիւղ Տուն Անձ
Քեսապ 543 2797
Գարատուրան 237 1290
Քէօրքիւնէ 67 338
Չինարճըգ 38 176
Ներքի գիւղ 33 178
Տուզաղաճ 22 113
Էքիզօլուք 59 312
Գայաճըք 71 445
Պաղճաղազ 22 121
Պաշուրտ 13 85
Ֆագը Հասան 52 260
Գումար 1157 6115
  • 1920-ին ուսուցիչ Սիմոն Այանեանի մարդահամարին համաձայն, կը կազմուի երկրորդ եւ ճշգրիտ մարադահամար մը, որ սակայն չ'ընդգրկեր Գարատուրանի եւ Պաշօրտի բնակչութիւնը։ Ըստ Այանեանի, շրջանին մէջ կ'ապրի 2363 հոգի եւ մօտաւորապէս 779՝ այլուր։
  • Բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, մատենագէտ, դասախօս եւ ուսուցիչ Յակոբ Չոլաքեան 1993-ի ձմրան կու տայ հետեւեալ պատկերը՝
Գիւղ Տուն Անձ
Քեսապ եւ Գալա 135 482
Գարատուրան եւ Գարատաշ 47 185
Սեւ աղբիւր 9 46
Ներքի գիւղ եւ Խայիթ 34 162
Չինարճըգ 18 71
Չագալճըգ 13 48
Քէօրքիւնէ 18 57
Տուզաղաճ 15 64
Էքիզօլուք եւ Աճամ 35 124
Վերին Պաղճաղազ 4 17
Վարին Պաղճաղազ 6 21
Գումար 334 1277
  • 2004-ին, ըստ սուրիական մարդահամարին, Քեսապի բնակչութեան թիւը 1754 էր։ Հաւանաբար շրջանի գիւղերուն մնայուն բնակիչներուն հետ Քեսապը կը հաշուէր շուրջ 2500 հոգի։

Պատմութիւն

Խմբագրել

ԺԹ. դար

Խմբագրել

ԺԹ. դարու առաջին կիսուն, մինչեւ 1832-ի Եգիպտոսի Իպրահիմ փաշայի Սուրիոյ գրաւումը, Քեսապի բնակչութիւնը կ'ապրի ծանր պայմաններու տակ, ենթարկուելով սուլթանին կողմէ նշանակուած Անտիոքի կառավարիչին քմահաճոյքներուն։ Իպրահիմ փաշային կարճատեւ 8 տարուան իշխանութեան ատեն եւ շնորհիւ իր հաստատած բարեկարգութիւններուն շրջանը արագ թափով կը զարգանայ։ Գիւղացիները կ'ընդարձակեն իրենց հողերը, կը զարգանայ Քեսապի շուկան, կը բարեկարգուին կարգ մը ճամբաներ։ Գարատուրանի ծովափը իբր նաւահանգիստ գործածելով, Քեսապ կ'արտածէ իր պարտիզպանական բերքը դէպի Փոր Սաիտ եւ Աղեքսանդրիա։

1840-ական թուականներէն սկսեալ Քեսապ կը մտնեն աւետարանչական օտար միսիոնարներ ու կաթողիկէ քարոզիչներ եւ շուտով կը հիմնուի աւետարանական համայնքի եկեղեցին՝ Քեսապի մէջ (1853)։ 1861-ին Քեսապի մէջ կը կառուցուի Հայ կաթողիկէ եկեղեցին։ Հետագային կը կառուցուին նաեւ Գարատուրանի (1873), Էքիզօլուքի (1882) եւ Քէօրքիւնայի (1898) Հայ աւետարանական եկեղեցիները։

1890-ական թուականներուն Քեսապի շրջանը կը մտնէ Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութիւնը, իսկ 1905-ին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։ Կուսակցական գործիչներու աշխատանքը կը խանդավառէ ժողովուրդը եւ բաւական տարածում կը գտնէ երիտասարդ ուժերու մէջ։ Հետագային այս երիտասարդութիւնն է, որ կը հիմնէ Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանը։

Ի. դարու առաջին կէսը

Խմբագրել

1909-ի Ատանայի ջարդը եւ 1915-ի Մեծ եղեռնի ազդեցութիւնները ծանր կ'ըլլան շրջանին վրայ։ 1893-ին շուրջ 9000 հոգի հաշուող շրջանին բնակչութեան թիւը 1920-ին կը նուազի եւ կը հասնի 2363 -ի (Քեսապ) եւ շուրջ 779՝ այլուր։ Գարատուրանի եւ Պաշօրտի բնակչութիւնը նեռարեալ չէ այդ մարդահարին մէջ։ Ընդհանուր բնակչութեան կէսէն աւելի զոհուած է երկու աղէտներուն ընթացքին։

1919-էն մինչեւ 1920 շրջանը կ'ապրի թրքական վտանգին տակ, սակայն շնորհիւ հայ կամաւորներուն եւ հետագային Քեսապ հաստատուած Հայ Լեգէոնի զինուորներուն վտանգը կը հեռանայ եւ թուրքերը կը լքեն մօտակայ գիւղերը։ Օգոստոս 1920-ին, շրջանին ընդհանուր ժողովին իբրեւ արդիւնք, ապահովութիւնը պաշտպանելու համար, կը հռչակուի զինուորական իշխանութիւն մը։ Փոքր «Փռուցիկ» զինեալ խումբեր կը հսկեն սահմանները եւ ետ կը մղեն Քեսապ յարձակող մօտակայ գիւղերէն թուրք խուժանները։

1922-ին Քեսապ կը մտնէ ֆրանսացիներու ստեղծած «Աղեքսանտրեթի ինքնավար գաւառի»ն կազմին մէջ եւ մինչեւ 1938-ի կէսը խաղաղ շրջան մը կ'ապրի։ Սակայն 1938-ին Ֆրանսա Աղեքսանտրեթի գաւառը Թուրքիոյ կը «նուիրէ» Թուրքիան Բ. համաշխարհային պատերազմէն դուրս պահելու նպատակով։ Յուլիս 1938-էն մինչեւ Յուլիս 1939, շրջանը կ'ապրի թրքական սպառնալիքին տակ։ Շնորհիւ Անթիլիաս հաստատուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին, գրագէտ Արշակ Չօպանեանին, օտար եւ հայ միութիւններու ջանքերուն Յուլիս 1939-ին Ֆրանսա եւ Թուրքիա կը համաձայնին նոր սահմանագծումի մը՝ Քեսապի 2/3-ը մտնելով Սուրիոյ ֆրանսական սահմանին մէջ մնացեալ 1/3-ը մնալով թրքական սահմանէն ներս։

1940-էն մինչեւ 1946 կարճատեւ շրջան մը ֆրանասական իշխանութեան տակ մնալէ ետք, Քեսապ վերջնականօրէն կը մտնէ սուրիական պետութեան սահմաններէն ներս։

1946-1947-ի հայրենադարձութիւնը կը դատարկէ շրջանին բնակչութեան 2/3-րդը։ Հայրենիք կը ներգաղթեն 2407 հոգի։

Ի. դարու երկրորդ կէսը

Խմբագրել

1947-ի հայրենադարձութենէն մինչեւ 1960 տասնամեակի սկիզբը Քեսապէն դէպի Լաթաքիա, Հալէպ, Դամասկոս եւ Պէյրութ արտագաղթի թիւը կ'աւելնայ։ Աշխատող ձեռքերու չգոյութեան պատճառով, գիւղացիները կը ստիպուին անասնապահական, ծխախոտի եւ շերամաբուծական տնտեսութիւնը փոխարինել խնձորենիներու բերքով։ Խնձորի բերքին եկամուտը շատ շահաբեր էր գիւղացիին համար։ Նիւթական պայմանները օր ըստ օրէ կը բարելաւուին եւ շնորհիւ շրջանի կլիմային Քեսապ կը դառնայ Սուրիոյ նշանաւոր ամառանոցներէն մէկը։

1960-ական թուականներէն սկսեալ սուրիահայ կարգ մը միութիւններ Քեսապի մէջ կը հիմնեն սեփական բանակավայրեր, կեդրոններ եւ շէնքեր ինչպէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բանակավայրը՝ Էքիզօլուք, Ս.Օ.Խ.-ի կազդուրման կայանը՝ Գալա, Հայ աւետարանական Ջանից միութեան կերդրոնը՝ Քեսապ, Հ.Մ.Մ.-ի բանակավայրը՝ Գարատուրան, Մխիթարեան վարժարանի բանակավայրը՝ Գարատաշ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի բանակավայրն ու կազդուրման կայանը՝ Քեսապ, եւ այլն։

Հալէպէն, Լաթաքիայէն եւ Պէյրութէն ամառանոց եկողներ կը կառուցեն անձնական տուներ. ելեկտրական եւ հեռաձայնային ցանցերը կը տարածուին Քեսապի բոլոր գիւղերուն մէջ։ Ճամբաները կ'ասֆալթապատուին, ջուրը հասանելի կը դառնայ բոլորին, հին բնակարանները կը նորոգուին ու կ'օժտուին ամէնէն արդիական սարքաւորումներով։ Քեսապցին 1960-ական թուականներու սկիզբէն մինչեւ Մարտ 2014 կ'ապրի խաղաղ եւ բարգաւաճ շրջան մը, որ կը խախտի Քեսապ խուժող «Սուրիական ազատ բանակի» եւ այլ ուժերու կողմէ, որոնք Քեսապ կը մտնեն Թուրքիայէն, շնորհիւ վերջինին բերած գաղտնի աջակցութեան։

Ի. դար եւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը

Խմբագրել

21 Մարտ, 2014-ի առաւօտեան Թուրքիայէն Քեսապ կը ներխուժեն զանազան զինեալ խմբաւորումներ, որոնք մաս կը կազմեն «Սուրիոյ ազատ բանակ»ին ինչպէս՝ Ժապհաթ ալ նուսրա, Անսար ալ շամ եւ Շամ ալ իսլամի։ Սուրիական բանակին օգնութեամբ, գիւղացիներուն բացարձակ մեծասմանութիւնը շրջանէն կը հեռանայ դէպի Լաթաքիա, Այնճար եւ Պէյրութ։ Տարիքի եւ կամ առողջական պայմաններու բերումով շրջանին մէջ կը մնայ շուրջ 40 հոգի։

Երեք օր տեւող պատերազմէն ետք, շրջանը ամբողջովին կ'անցնի «Սուրիական ազատ բանակ»ին զինեալ ուժերուն ձեռքը։ Մօտաւորապէս երեք ամիս ետք՝ 15 Յունիս, 2014-ին սուրիական բանակը կ'ազատագրէ Քեսապը եւ գիւղացիք կը վերադառնան քանդուած, կողոպտուած եւ կամ այրած իրենց տուները։ Եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ հրոյ ճարակ դարձած, գերեզմաններ պղծուած, գործատեղիներ, պանդոկներ կողոպտուած եւ անգործածելի դարձած էին։

Շնորհիւ սփիւռքի հայութեան շտապ օգնութեան եւ գիւղացիներու համագործակցութեան ելեկտրական հոսանքը, հեռաձայնային կապերը շուտով կը վերահաստատուին։ Գիւղացին առիթը կ'ունենայ 2014-ի խնձորի բերքը հաւաքելու եւ անոր հասոյթով անմիջական ծախսերը հոգալու։ Շուրջ 250 ընտանիքներ վերջնականապէս կը վերադառնան իրենց բնակարանները։

2014-2017-էն ետք, համեմատաբար խաղաղ շրջան մը կ'ապրի Քեսապի եւ իր գիւղերու հայութիւնը։ Վերաշինական աշխատանքը տարիներու ընթացքին կ'աշխուժանայ եւ շնորհիւ գիւղատնտեսութեան վնասները հատուցում կը ստանան։

Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, Քեսապի մնայուն բնակչութեան 80 տոկոսը հայ է եւ մնացեալը Ալեւի արաբ։

 
Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին

Քեսապի եկեղեցիները

Խմբագրել
  • Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան թուականը անյայտ է։ Եկեղեցին նորոգուած է 1880-ին, ներքնամասը բարեզարդուած է 1992-ին եւ մասամբ վերանորոգուած՝ 2014-2015 թուականներուն, յետ սուրիական քաղաքացիական պատերազմին կրած վնասներուն։
  • Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կը սկսի 1912-ին, սակայն անաւարտ կը մնայ մեծ Եղեռնի պատճառով։ 1978-ին կը նշուի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 125 ամեակը։ Եկեղեցին կը հրկիզուի 2014-ին, Սուրիոյ ազատ բանակին եւ իրենց դաշնակիցներուն կողմէ:
 
Քեսապի հայ աւետարանական Ս. Երրորդութեան եկեղեցին
  • Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ Եկեղեցին, որուն բացումը կը կատարուի 1925-ին։

Քեսապի մէջ կը գործէ նաեւ մզկիթ մը, որ հիմնուած է 1970-ական թուականներուն տեղացի եւ այցելու արաբներու համար։ Քեսապի գերեզմանատունը կը գտնուի գիւղին մօտ բլուրի մը լանջին։

Քեսապի գիւղերուն մէջ գործող եկեղեցական կայքեր

Խմբագրել
  • Ներքի Գիւղի Ս. Աստուածածին մատուռը, ուր ամէն տարի Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ տօնին առթիւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը կը կատարէ Ս. Պատարագը։ Մատուռը կը գտնուի նշանաւոր աղբիւրին քով: Աղբիւրը շինած են Քեսապ հաստատուած առաջին քեսապցիները։
 
Ներքի գիւղի Ս. Աստուածածին մատուռը
  • Գարատուրանի կեդրոնական թաղի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին կառուցուած է՝ 1890-ին։ 1942-ին գետնասահքը հիմնյատակ կը կործանէ եկեղեցին։ 1961-ին նախկին եկեղեցւոյ տեղէն քիչ անդին կը վերակառուցուի Ս. Աստուածածինը։
  • Գարատուրանի ծովու թաղի Ս. Ստեփանոս մատուռը կը վերանորոգուի 1987-ին, շնորհիւ «Երկիր եւ մշակոյթ» միութեան տարած ջանքերուն։
  • Գարատուրանի աւետարանական եկեղեցին հիմնուած է 1873-ին եւ վերանորոգուած՝ 1986-ին։
  • Սեւ Աղբիւրի ասորի վանքը, հիմնուած է 1990-ին։
  • Քէօրքիւնէ-Էքիզօլուքի աւետարանական միացեալ եկեղեցին՝ հիմնուած է 1899-ին։
  • Էքիզօլուքի Էմմանուէլ աւետարանական եկեղեցին որուն հիմը դրուած է 1911-ին եւ շինարարութեան աշխատանքը աւարտած՝ 1956-ին։
  • Վարի Պաղճաղազի հայ կաթողիկէ եկեղեցին եւ վանքը հիմնուած է 1905-ին եւ վերանորոգուած՝ 2003-ին։

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Քեսապի տնտեսութիւնը մինչեւ Ի. դարու կէսերը կեդրոնացած էր հողագործութեան, պարտիզպանութեան եւ անասնապահութեան վրայ։ Գիւղացին ունէր արտեր, ուր ամրան ամիսներուն ցորենը կը հնձէին. կար նաեւ ծխախոտի հողագործութիւնը, որ պետութեան կողմէ ծանր տուրքերու հարկադրուած էր։

Պարտիզիպանութեան մէջ հիմնական տեղ ունէին ձիթենին, թզենին, թթենին եւ մանաւանդ որթատունկը։ Կային նաեւ այլ տեսակի ծառեր, օրինակ՝ տանձենի, ընկուզենի եւ խնձորենի։ Թութէն օղի կը պատրաստէին, թուզը կը չորցնէին եւ չիրը ձմրան հողագործը իբր պաշար հետը գործի կը տանէր։ Շրջանը հարուստ էր ընտիր զանազան տեսակի խաղողներով։ Խաղողէն եւ թուզէն կը պատրաստէին պաստեղը, խաղողի հիւթէն կը պատրաստուէր նաեւ ռուպը (պէքմէզ)։

Անասնապահութիւնը տարածուած էր բոլոր գիւղերուն մէջ՝ ամէն ընտանիք ունէր քանի մը կով, ոչխար եւ էշ: Ձմրան քեսապցին կաքաւի, նապաստակի եւ վայրի խոզի որսորդութեամբ կը զբաղէր։ Որսորդութիւնը գլխաւոր ժամանցն էր։

Քսաներորդ դարու կիսուն, տնտեսութիւնը հետզհետէ կը փոխուի եւ կը կեդրոնանայ խնձորի պարտիզպանութեան շուրջ. քսաներրորդ դարու վերջաւորութեան չկար քեսապցի ընտանիք մը, որ խնձորի պարտէզ չունէր. Քեսապի շատ յարգի խնձորը կ'առաքուէր մինչեւ Հալէպ, Դամասկոս եւ Լաթաքիա, ուր կը ծախուէր բարձր գինով։ Տնտեսական այս վերելքը ծաղկ կու տայ շինարարական աշխատանքի եւ ելեկտրական, հեռաձայնային ցանցերու տարածման Քեսապի եւ բոլոր գիւղերուն մէջ։ Կը կառուցուին պանդոկներ, ճաշարաններ զբօսավայրեր, ընդունելու համար յիսուն հազարի հասնող ամառանոց եկող զբօսաշրջիկները։

Քեսապ աւանը

Խմբագրել
 
Քեսապի կեդրոնական հրապարակը եւ Աւետարանական եկեղեցին

Ի. դարու սկիզբը, Քեսապ կը բաղկանար 3 թաղերէ՝ Արեւմտեան, կեդրոնական եւ արեւելեան պատսպարուած 3 կողմէ լեռներով։ Շինարարական մեծ թափ մը կը սկսի Ատանայի ջարդէն ետք սակայն կանգ կ'առնէ 6 տարի ետք (1915)։ Այս շրջանին է, որ կը շինուի գրադարանը, Սահակեան դպրոցը եւ Աւետարանական համայնքին դպրոցը։

Ուսումնասիրաց վարժարանին, Լատին եկեղեցւոյ եւ դպրոցին, երկյարկանի բնակարաններու շինութիւնը եւ վերանորոգումը կը սկսի 1920 թուականներուն։ Կը բարեկարգուին նաեւ փողոցներն ու գիւղին հրապարակը։

1952-ին քեսապ կ'ունենայ ելեկտրականութիւն, ջուրի ցանց եւ կոյուղի։ Քաղաքապետարանը կ'ունենայ մնայուն եւ բաւարար պաշտօնէութիւն։

ԻԱ. դարու սկիզբը, Քեսապ բոլորովին կը կերպարանափոխուի, դեռ կը մնան քանի մը կարմիր կղմինտրաւոր տուներ, սակայն անոնց կողքին կը բարձրանան 5-էն 6 յարկանի շէնքեր, տասնեակ մը պանդոկներ, ճաշարաններ, զբօսավայրեր եւ այլն։ Պահելու համար գիւղի հին տուներուն ոճը «Երկիր եւ Մշակոյթ» միութիւնը կեդրոնական թաղին տուներէն մէկը կը գնէ Ի. դարու վերջաւորութեան եւ կը նորոգէ կարելի եղածին չափ պահելով իր նախատիպը։

Ներկայիս Քեսապ օժտուած է հեռաձայնային ցանցով։ Արհեստագիտութիւնը հասանելի է բոլորին։ Քեսապ համացանցով կապուած է աշխարհի բոլոր երկրամասերուն հետ։

Դպրոցներ

Խմբագրել
 
Քեսապի կեդրոնական թաղամասը եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին
 
Քեսապի Միսաքեան համալիրը

Քեսապի մէջ տարիներու ընթացքին գործած են առնուազն 3 տարբեր տեսակի դպրոցներ համապատասխանելով 3 համայնքներուն բնակչութեան աճին։ Այսպէս՝

  1. Առաքելական համայնքին դպրոցը հիմնուած է 1848-ին իբր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարժարան եւ գործած է աւելի քան 60 տարի (1848-1909)։ Կիլիկիոյ ջարդին՝ դպրոցն ու եկեղեցին կը հրկիզուին։ 1909-ին Սահակ Վեհափառին նիւթական օգնութեամբ դպրոցը կը վերաշինուի եւ կը վերանուանուի Սահակեան վարժարան։ 1924-ին դպրոցը կ'ըլլայ երկսեռ եւ կը գոյատեւէ մինչեւ 1962։
  2. Աւետարանական համայնքին Առաջին վարժարանը գոյատեւած է 6 տարի՝ 1849-էն մինչեւ 1855։ 1855-էն ետք աւետարանական համայնքը կ'ունենայ աղջկանց եւ մանչերու զոյգ վարժարաններ, որոնք կը գործեն մինչեւ 1915։ 1924-ին կը վերաբացուի վարժարանը եւ կը կոչուի նահատակաց միացեալ (երկսեռ) վարժարան, որ կը գործէ մինչեւ այսօր։ Վարժարանը ունի դպրոցի աշակերտութեան համար հանրակառք։ 2002-2003 տարեշրջանին աշակերտութեան թիւը կը հասնի 64-ի։
  3. Կաթողիկէ վարժարաններ, որոնք գործած են զանազան ընդմիջումներով 1864-էն մինչեւ 1948։ 1948-էն մինչեւ 1967 համայնքին վարդապետներուն տեսչութեամբ դպրոցը կը գոյատեւէ 40-էն 50 աշակերտութեամբ։ 1974-ին կը վերաբացուի Բարեյուսոյ վարժարանը ունենալով մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժին։ 1997-ին հիմնովին կը նորոգուի Բարեյուսոյ վարժարանը շնորհիւ Կիւլպէնկեան հաստատութեան նիւթական օժանդակութեան։
  4. Պետական երկրորդական վարժարանը, որ կը գործէ 1960-ական թուականներէն ի վեր։ Ունի մինչեւ պետական պաքալորիայի դասարան։
  5. Ազգային Ուսումնասիրաց Վարժարանը՝ հիմնուած է 1933-ին, ուր ներկայիս կը գործէ իբր շրջանի ազգային միակ վարժարանը։ Ունի երկսեռ աշակերտութիւն եւ աշակերտական հանրակառքի դրութիւն։ Վարժարանը հիմնովին կը նորոգուի 1996-ին օժտուելով համակարգիչի սենեակով եւ կեդրոնական ջերուցումի դրութեամբ։ 2002-ին վարժարանը կը ստանայ պետական արտօնագիր իբր միջնակարգ (այսինքն 9 տարի) դպրոց եւ Թ. դասարանի շրջանաւարտները կը մասնակցին պետական (Պրովէի) քննութիւններուն։ 2002-2003 տարեշրջանին, աշակերտութեան թիւը 151-էն բարձրանալով, 2007-2008 տարեշրջանին կը հասնի 226-ի։ Ներկայիս աշակերտութեան թիւը կ'անցնի 300-ը։

Շրջանին գիւղերը

Խմբագրել
 
1960-ական թուականներու գիւղական տարազ

Շրջանը ունի 11 բնակելի գիւղեր եւ 1 ձմրան ամայի գիւղ՝ Պաշօրտը։ Բնակուող գիւղերն են՝

  1. Գարատուրան (կամ Գալատուրան)
  2. Սեւ Աղբիւր (Կամ Գայաճըք)
  3. Ներքի Գիւղ (կամ Էսկիւրան) եւ Խայիթ
  4. Չինարճըգ (կամ Չինար)
  5. Չագալճըգ
  6. Քէօրքիւնէ
  7. Էքիզօլուք
  8. Գարատաշ (տես Գարատուրան)
  9. Տուզաղաճ
  10. Վերի Պաղճաղազ
  11. Վարի Պաղճաղազ

Գիւղական սարքեր

Խմբագրել
 
Գիւղական թոնիր եւ ձիթապտուղով հաց

Մինչեւ Ի. դարու վերջին տասնամեակները Քեսապի ամէն մէկ գիւղ ունէր որոշ սարքաւորումներ, որոնք բոլորին կողմէ կը համարուէին համայնքային պատկանելիութիւն։ Այսպէս՝

  1. Գիւղը ունէր աղբիւր մը, ուրկէ կուժերով տուն ջուր կը փոխադրէին. ընդարձակ գիւղերը ունէին մէկէ աւելի աղբիւրներ։
  2. Գրեթէ ամէն թաղ ունէր իր թոնիրը, ուր հերթով հաց կ'եփէին գիւղացիք։
  3. Կալեր՝ ուր ցորենը կը զատէին յարդէն- Կալերը բացօթեայ հովասուն տեղեր կ'ըլլային որպէսզի հովը յարդը զատէ ծանր ցորենէն։
  4. Սանտ՝ քարէ շինուած սարքեր, ուր ցորենը կը ծեծէին մանր ձաւար պատրաստելու համար։
  5. Առուներ, որ աղբիւրի ջուրը պարտէզներ հասցնեն հերթով ջրելու համար պարտէզի բանջարեղէնները։
  6. Ջաղացքներ ցորենէն ալիւր պատրաստելու համար: Գոյութիւն ունէին գլխաւորաբար Քեսապի եւ մեծ գիւղերու մէջ։

ԻԱ. դարուն այս սարքաւորումները տեղ-տեղ կը մնան, սակայն չեն գործածուիր, որովհետեւ ելեկտրականութիւն կայ բոլոր գիւղերուն մէջ, տեսակ-տեսակի փուռեր կան Քեսապի եւ մեծ գիւղերուն մէջ, ճամբաները ասֆալթապատ են եւ գրեթէ ամէն ընտանիք ունի անձնական փոխադրամիջոց։ Նախկին գիւղական դժուար կեանքը կը փոխարինուի արդիական միջոցներով հարուստ միջավայրով մը եւ այսպէս կալերը, թոնիրները, սանտերը, աղբիւրները, եւ այլն կը դառնան աւելորդ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995
  2. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Բ. հատոր, Հալէպ, 1998
  3. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004
  4. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապի երեք օրերը», Երեւան, 2014
  5. Սուրիական մարդահամար
  6. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Կայքէջ www.keaofla.com
  7. Լոս Անճըլէսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - տարեկան գրքոյկ 25 թիւ՝1991-2015
  8. Պէյրութի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Ալպոմ Քեսապի եւ շրջակայից- Պէյրութ, 1955
  9. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան - Հատոր 4, 7, 12 - Երեւան 1974-1986
  10. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Քեսապն ու քեսապցին - Լոս Անճըլես 2011
  11. Քեսապցիներ Քեսապի համար կայքէջ- www.kessabtsiner.com
  12. Հայկական Գիւղերը. Պատմական Ակնարկ[permanent dead link]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել