Ներքի Գիւղ
Ներքի գիւղը ըստ աւանդութեան Քեսապ շրջանի առաջին գիւղն է ուր կը հաստատուին հայերը։ Ներքի գիւղը կազմուած է 3 թաղերէ՝ Վերի թաղ (աղբիւրէն վեր), վարի թաղ (աղբիւրին մօտ գտնուող թաղ) եւ Խայիթը՝ աղբիւրէն բաւական վար։
Գիւղ | |
---|---|
Ներքի Գիւղ | |
Երկիր | Սիրիա |
Ենթարկում | Քեսապ շրջան |
Շրջան | Քեսապ |
Բնակչութիւն | 162 մարդ |
Ազգային կազմ | Հայեր |
Կրօնական կազմ | Հայ Առաքելական, Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ |
Տեղաբնականուն | քեսապցի |
Ժամային գօտի | UTC+2, ամառը UTC+3 |
Հակիրճ պատմութիւն
ԽմբագրելԳիւղը կը գտնուի Քեսապ աւանէն 2 քմ. հարաւ-արեւելք։ Շրջանը հաստատուող առաջին հայերը հիմնեցին Ներքի գիւղը։ Ժամանակ մը ետք, գիւղի բնակիչները կը բարձրանան ներկայ Քեսապ աւանի վայրը եւ կը հիմնեն աւանը։ Աւանը գտնուելով Կասիոս լեռան ստորոտին ապահովութիւն կը ներշնչեր գիւղացիներուն։
1830-ական թուականներուն երբ Սուրիա կը մտնէ Եգիպտոսի Իպրահիմ փաշան իր զօրքերով գիւղացիները կամաց-կամաց Քեսապէն կը վերադառնան Ներքի գիւղ։ 1865-ին Անտոնեան Վարդապետի համաձայն հոն կապրէին տասը ընտանիք։ 1911-ի մարդահամարի համաձայն Ներքի գիւղի եւ խայիթի բնակչութիւնը կը հասներ 178 անձի այսինքն 33 տուն։
1915-ին Օգոստոս ամսուն գիւղացիները կը տարագրուին դէպի Համա, ետքը Հոմս, ապա Դամասկոս եւ մինչեւ Ամման Յորդանան։ Վերապրողները կը մնան Յորդանան մինչեւ 1918։ 1920-ին գիւղ կը վերադառնան միայն 50 անձ, 24 այլ գիւղացիներ մնալով շրջանէն դուրս։ Այսպէս գիւղի բնակչութեան մօտ 60 տոկոսը զոհուեցաւ տարագրութեան ժամանակ։
1939-ի սահմանագծումով գիւղը կը մնայ Սուրիոյ մէջ սակայն գիւղացիներուն արտերուն եւ պարտէզներուն մեծ մասը կ՛ըլլայ թրքական կալուած։
1947-ին հայրենիք կը ներգաղթեն 78 անձ, եթէ նկատի առնենք 1955-ի գիւղի բնակչութեան թիւը՝ 68 անձ կը համարուի, ուրեմն գիւղի մօտ կէսէն քիչ մը աւելի գաղթած է Հայաստան։
1993-ի տուեալներով գիւղը ուներ 162 բնակիչ այսինքն 34 տուն։
Սուրբ Աստուածածնայ տօն
ԽմբագրելՄինչեւ 1939 քեսապցիները կ՚երթային Պարլում ուխտագնացութեան Յուլիս ամսուն Վարդավառին. Սակայն 1939-ին սահմանագծումով Պարլում կը մնար Թուրքիոյ մէջ եւ Քեսապի հայ առաքելական եկեղեցին կ՚որոշէ ուխտագանցութիւնը ընել Օգոստոսին Սուրբ Աստուածածնայ Երկուշաբթին Ներքի գիւղի մէջ տեղոյն փոքր մատուռը ըլլալով ուխտագացութեան վայր։
Կիրակի եւ երկուշաբթի օրերը գիւղը կը լեցուի բազմահազար ուխտաւորներով որոնք կ՚ուգան Լաթաքիայէն, Հալէպէն, Գամիշլիէն, Դամասկոսէն եւ Պէյրութէն։ Բերիոյ դեմի առաջնորդ հայրը Հալէպէն Քեսապ կ՚ելլէ պատարագելու համար։ Սրբազան հայրը կ՚օրհնէ հերիսան որ կը բաժնուի ժողովուրդին։ Կերուխում, պար կը տեւեն մինչեւ երկուղաբթի իրիկուն։
Սիվտիկի ուխտավայր
ԽմբագրելՓոքր ուխտավայր մը որ կը գտնուէր Թուրքիոյ սահմանէն մօտ 30 մեթր հեռու։ Գմբէթաւոր փոքրիկ կառոյց մը ուր արաբներ, յոյն օրթոտոքսներ իբր ուխտատեղի կը գործածէին Աստոաւծածնայ օրը։ 1990-ական թուականներուն թուրքերը ականով պայթեցուցին մատուռը զան հիմնովին քանդելով։ Յոյները սահմանէն քիչ մը հեռու կալերուն տեղը կառուցին նոր մատուռ մը։
Բնորոշիչ Կառոյցներ
ԽմբագրելԳիւղին գլխաւոր կառոյցներն են՝
- Սուրբ Աստուածածնայ մատուռը ուր ամէն տարի Օգոստոս ամսուն կը տօնեն Սուրբ Աստուածածնայ տօնը։
- Մատռան մօտ գտնուող Գերեզմանատունը։
- Նախկին դպրոցը (1910- 1935) որ ներկայիս կը ծառայէ իբր խոհանոց Աստուածածնայ տօնին առթիւ պատրաստելու համար աւանդական հերիսան։
- Քարաշէն աղբիւրը իր խաչքարով եւ ջրդոնով։
- Խայիթի մէջ կը գործէ Քեսապ շրջանի պտղասառնարանը։
Ներքի գիւղը գլխաւոր կողմնորոշողը վստահաբար աղբիւրին մօտ գտնուող նշանաւոր վիթվարի սօսի ծառն է որուն բունը 6,20 մեթր շրջագիծ ունի։ Այս ծառը տնկուած է 1880-ական թուականներուն Չագալճըգի եւ Չինարճըգի աղբիւրներուն մօտ տնկուած սօսի ծառերուն հետ։
Մատենագիտութիւն
Խմբագրել- Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995
- Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Բ. հատոր, Հալէպ, 1998
- Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004
- Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապի երեք օրերը», Երեւան, 2014
- Սուրիական մարադահամար՝ http://www.cbssyr.org/new%20web%20site/General_census/census_2004/NH/TAB06-6-2004.htm
- Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Կայքէջ www.keaofla.com
- Լոս Անճըլէսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - տարեկան գրքոյկ 25 թիւ՝1991-2015
- Պէյրութի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Ալպոմ Քեսապի եւ շրջակայից- Պէյրութ, 1955
- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան - Հատոր 4, 7, 12 - Երեւան 1974-1986
- Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Քեսապն ու քեսապցին - Լոս Անճըլես 2011