Յակոբ Չոլաքեան (16 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-16) կամ 1947[1], Քեսապ, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա), բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, մատենագէտ[2]։ Ակադեմական հետազօտող, այժմ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան համալսարանի դասախօս[3], վարժարանի ուսուցիչ, գիրքերու խմբագիր։

Յակոբ Չոլաքեան
Ծնած է 16 Հոկտեմբեր 1947(1947-10-16) (77 տարեկան) կամ 1947[1]
Ծննդավայր Քեսապ, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
 Հայաստան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանասէր, պատմաբան, ազգագրագետ

Կենսագրութիւնը

Խմբագրել

Յակոբ Չոլաքեան ծնած է 1947-ին Քեսապի շրջանի Գարատուրան գիւղը: Յակոբ Չոլաքեան նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ Լիբանանի Հանրապետութեան Այնճար քաղաքի մէջ։ Բարձրագոյն ուսումն ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1973-ին։ 2002 թուականին արժանացած է Պատմական գիտութեանց թեկնածուի կոչման, իսկ 2016-ին՝ դոկտորի կոչման։ 1973-էն մինչեւ 2014 Չոլաքեան ապրած եւ կրթական գործունէութիւն ծաւալած է Սուրիոյ եւ լիբանանի մէջ։ Այսպէս՝ 1973-էն ի վեր դասաւանդած է Այնճարի եւ Պէյրութի վարժարաներէն ներս, 1976-էն 2012՝ Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս, 19-էն 2-1988՝ դասախօսած է տեղի Մխիթարեան հայագիտական բարձրագոյն դասընթացքներուն, 199էն -6-2012՝ դասախօսած է Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս։

2014 թուականին, սուրիական հակամարտութեան պատճառաւ քեսապահայութիւնը տեղահանուելէ ետք, Չոլաքեան ընտանեօք տեղափոխուած է Երեւան՝ մշտական բնակութիւն հաստատելու նպատակաւ, ուր սկսած է գործունէութիւն ծաւալել Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեանց ազգային ակադեմիոյ մէջ՝ որպէս արեւմտահայերէնի մասնագէտ-հետազօտող, ինչպէս նաեւ երեւանի պետական համալսարանի մէջ՝ որպէս արեւմտահայերէնի դասախօս։

Գործերը

Խմբագրել

Պատմական-ազգագրական աշխատութիւններ

Խմբագրել

Լոյս տեսած են Չոլաքեանի պատմական-ազգագրական հետեւեալ աշխատութիւնները՝

  • «Քեսապի ժաղավրդական երգարուեստը», Հալէպ, 1980:
  • «Միջգաւառական անեքթոտներ», Հալէպ, 1988, 2005։
  • «Քեսապ», հատոր Ա եւ Բ, Հալէպ, 1995:
  • «Քեսապ», հատոր Գ, Հալէպ, 2004:
  • «Անտիոքի մերձակայ Ռուճի հովիտի հայերը. պատմական-ազգագրական ուսումնասիրութիւն», Անիթլիաս, 2006[2]:

Մատենագիտական եւ գեղարուեստական աշխատութիւններ

Խմբագրել
  • «Հալէպի պարբերական մամլոյ համառօտ նկարագրութիւն», Հալէպ, 1978։
  • «Ցամքած աղբիւրը նորէն կը բխի», Հալէպ, 1981:
  • «Արցախեան ինքնաճանաչման բանաստեղծութիւնը», Հալէպ, 1990:
  • «Քարէն Եփփէ հայ գողգոթային եւ վերածնունդին հետ», Հալէպ, 2001:
  • «Քեսապի երեք օրերը», Երեւան, 2014: Այս աշխատութիւնն ականատեսի վկայութիւնն է 21-23 Մարտ 2014–ին տեղի ունեցած Քեսապի գաւառի ամբողջական հայաթափման[2]։

Լեզուական ուսումնասիրութիւններ եւ ուղեցոյցներ

Խմբագրել

Դպրոցական դասագրքեր

Խմբագրել

Չոլաքեան կազմած է վեցական դասագրքեր՝ սփիւռքահայ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու համար. «Հայերէնի դասագիրքս» (1989–1994, Հալէպ) եւ «Անդաստան» (2009–2013, Հալէպ).

  • «Անդաստան. գիրք Ա Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.: Հայերէնի եւ հայ գրականութեան համադրեալ ձեռնարկ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու համար», Հալէպ, 2009:
  • «Անդաստան. գիրք Բ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.: Հայերէնի եւ հայ գրականութեան համադրեալ ձեռնարկ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու համար», Հալէպ, 2009:
  • «Անդաստան. գիրք Գ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.: Հայերէնի եւ հայ գրականութեան համադրեալ ձեռնարկ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու համար», Հալէպ, 2010:
  • «Անդաստան. գիրք Դ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.: Հայերէնի եւ հայ գրականութեան համադրեալ ձեռնարկ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու համար», Հալէպ, 2012:
  • «Անդաստան. գիրք Ե Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.: Հայերէնի եւ հայ գրականութեան համադրեալ ձեռնարկ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու համար», Հալէպ, 2012:
  • «Անդաստան. գիրք Զ Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.: Հայերէնի եւ հայ գրականութեան համադրեալ ձեռնարկ միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու համար», Հալէպ, 2013:

Վարժարաններու յուշամատեաններ

Խմբագրել

Չոլաքեան նաեւ հեղինակ է սփիւռքահայ դպրոցին նուիրուած քանի մը յուշամատեաններու՝

  • «Յիսնամեակ Հալէպի Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի, 1947 – 1997», Հալէպ, 1997:
  • «Ութսունամեակ Հալէպի ազգային Սահակեան վարժարանի, 1927 – 2007», Հալէպ, 2007:
  • «Ոսկեմատեան Քուէթի ազգային վարժարանի, 1961 – 2011», Քուէթ, 2011։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել