Ամման (արաբերէն՝ عمان‎), Յորդանանի մայրաքաղաքը եւ երկրի ամէնախոշոր քաղաքը։ Նախապէս անուանուեր է Ռապպաթ-Ամմոն, հելլենիսթա-հռոմէական դարաշրջանին՝ Ֆիլատելֆիա: VII-IX դարերուն կը մտնէր արաբական խալիֆայութեան կազմին մէջ։ 1516 թուականէն եւ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտը եղած է Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ։

Բնակավայր
Ամման
արաբերէն՝ عَمَّان
Դրօշակ

Երկիր  Յորդանան[1]
Yousef Shawarbeh?
Տարածութիւն 1680 քմ²
ԲԾՄ 776 մեթր
Բնակչութիւն 4 007 526 մարդ (2015)
Ժամային գօտի Արեւելաեւրոպական ժամ
Փոստային ցուցանիշ 11110–17198
Անուանուած է Ammonites?
Պաշտօնական կայքէջ ammancity.gov.jo

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ք.Ա. XIII դարուն Ամման քաղաքը (այն ժամանակ Ռապպաթ-Ամմոն) Ամմոնեան թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր։ Այդ տարածքը աւելի ուշ գրաւեր են ասորիները, յետոյ՝ պարսիկները։ Եգիպտոսի յոյն կառավարիչ Պտղոմէոս II Ֆիլատելֆը զայն անուանափոխեր է Ֆիլատելֆիայի։ Այն կը դառնայ նապաթական թագաւորութեան մաս մինչեւ 106 թուականը, որմէ յետոյ Ֆիլատելֆիան կը յայտնուի հռոմէական վերահսկողութեան տակ եւ կը միանայ Decapolis Տեքափոլիսին։

Ք.Ա. 326 թուականին քրիստոնէութիւնը կը դառնայ կայսրութեան հիմնական կրօնը, իսկ Ֆիլատելֆիան՝ բիւզանդական դարաշրջանի քրիստոնէութեան կեդրոն։ Այդ ժամանակաշրջանի եկեղեցիներէն մէկը կը գտնուի քաղաքի ամրոցին մէջ։

Ֆիլատելֆիան անուանափոխուեր է Ամմանի Հասանիտներու ժամանակաշրջանին։ Քաղաքը քանդուած է շարք մը երկրաշարժերու եւ տարերային աղէտներու հետեւանքով եւ մինչեւ 1887 թուականը կը մնար աւերակներու տեսքով։ Քաղաքի վերակառուցումը կը սկսի, երբ օթոմանեան սուլթանը որոշում կը կայացնէ Ամմանով երկաթուղի իրագործել՝ միացնելով Դամասկոսը եւ Մետինան՝ անով իսկ դիւրացնելով ե՛ւ ամէնամեայ ուխտագնացութիւնը, ե՛ւ առեւտուրը։

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Քաղաքը կը համարուի կարեւոր արդիւնաբերական կեդրոն։ Ամմանի մէջ կեդրոնացած են սնունդի, (cement) թրծաշաղախի, նաւթամշակման, հիւսուածոյ եւ ծխախոտի արդիւնաբերութեամբ զբաղող ձեռնարկութիւններ[2]: Կը գործէ միջազգային օդակայան:

Ամմանի մէջ կը գտնուի «Արաբ պանք» դրամատան գլխաւոր գրասենեակը։

Զբօսախաղ, Մարմնամարզ

Խմբագրել

2009 թուականին Ամմանի մէջ տեղի ունեցած է քրոսի աշխարհի առաջնութիւնը։

Աշխարհագրութիւն և կլիմա

Խմբագրել

Քաղաքը կը գտնուի Մեռեալ ծովէն 35 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք, Միջերկրական ծովէն 110 քմ դէպի արեւելք եւ Երուսաղէմէն 65 քմ դէպի արեւելք։

Քաղաքը տեղաւորուած է եօթ բլուրներու վրայ, որոնք աստղի ձեւով պատկերուած են Յորդանանի դրօշին վրայ։

Ամմանի կլիման մօտ է միջերկրածովեանին, սակայն կը տարբերի իր ցամաքայնութեամբ։ Մեծ ազդեցութիւն ունի ծովի մակարդակէն մեծ բարձրութիւնը (773 մ)։ Բոլոր տեղումները կը թափին բացառապէս ձմռան եւ յաճախ ձիւն կը տեղայ: Կը պատահին նաեւ ցրտահարութիւններ։ Քաղաքին մէջ շատ յաճախ ուժեղ մառախուղներ կ'ըլլան։

Կաղապար:Եղանակի Աղյուսակ


Տեսարժան վայրեր

Խմբագրել

Թանգարաններ

  • Յորդանանի հնագիտական թանգարան
  • Ազգային աւանդոյթներու Յորդանանի թանգարան
  • Ժողովրդական բանահիւսութեան Յորդանանի թանգարան
  • Յորդանանի Համալսարանի հնագիտական թանգարան
  • Յորդանանի Համալսարանի մարդաբանական թանգարան
  • Դրամագիտութեան թանգարան / Յորդանանի կեդրոնական դրամատուն
  • Ինքնագնաց (automotive) թագաւորական թանգարան

Աւերակներ

  • Ճեպել Ալ Քալաա (جبل القلعة) («Ճեպել» բառը արաբերէն թարգմանաբար կը նշանակէ «լեռ»)
  • Ամփիթատրոն, նախատեսուած 6000 հանդիսատեսի համար։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տես նաև

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Կաղապար:Ասիական երկիրներու մայրաքաղաքներ