Տուզաղաճ, Լաթաքիա-Անտիոք տանող ճամբուն վրայ գիւղն մըն է ուր հաստատուած են հայերը 1850-ական թուականներէն իվեր։ Գիւղը կազմուած է 3 թաղերէ՝ Վերի թաղ (հաւանաբար ամենամեծը), երկրորդ թաղ եւ երրորդ կամ վարի թաղ որ կը գտնուի ճամբուն մօտիկ։

Գիւղ
Տուզաղաճ
Երկիր Սիրիա
Ենթարկում Քեսապ շրջան
Շրջան Քեսապ
Բնակչութիւն 64 մարդ
Ազգային կազմ Հայեր
Կրօնական կազմ Հայ Առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներ
Տեղաբնականուն քեսապցի
Ժամային գօտի UTC+2, ամառը UTC+3

Հակիրճ պատմութիւն

Խմբագրել

Գիւղը կը գտնուի Քեսապ աւանէն մոտ 8 քմ. հարաւ։ Հնադարեան ժամանակներէ բնակութեան հետքեր գտնուած են մեծ կամրջի մօտ՝ կաւէ ամաններ, խճասալեր եւայլն։

1840-ական թուականներուն Լաթաքիացի յոյն ընտանիք մը անտառի ծառերը շահագործելու համար կը գնէ իարւունք ու կը հաստատէ երկու սղոցարան։ Քեսապէն բանուորներ կուգան աշխատելու սղոցարանները։ Տարիներու ընթացքին անտառի ծառերը հը հատնին եւ ծառերէ լերկացած հողերը կը գնեն գիւղացիները պետութենէն։ Տուզաղաճի մէջ արտեր կը բանան եւ հոն կը հաստատուին սղոցարան աշխատող բանուորները։

1911-ի մարդահամարի համաձայն Տուզաղաճի բնակչութիւնը կը հասներ 113 անձի այսինքն 22 տուն։ 1915-ին Տուզաղաճի գիւղացիները կը տարագրուին Քէօրքիւնէի բնակչութեան հետ։ 1919-էն 1920-ին գիւղ կը վերադառնան միայն 17 անձ, երկու այլ ընտանիքներ Քեսապէն եւ Վերի Պաղճաղազէն կը հաստատուին հոս, բնակչութեան թիւը հասնելով 26 հոգիի։ Այսպէս գիւղի բնակչութեան մօտ 80 տոկոսը զոհուեցաւ տարագրութեան ժամանակ։

1939-ի սահմանագծումով Տուզաղաճի արեւելեան մասը կը մնայ Թուրքիոյ մէջ ներառեալ երեք ջրաղացնները։

1947-ին հայրենիք կը ներգաղթեն 55 անձ, այսինքն գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը։

1960-ական թուկաններուն խնձորի պարտէզներ կը մշակուին գիւղի մէջ. Հողը ջրառատ ըլլալով կը նպաստէ ծառերու աճումին եւ տարիներու ընթացքին լաւ բերք կուտայ։ Դէպի Լաթաքիա տանող ճամբուն մօտիկութիւնը կը նպաստէ խնձորի պարտէզներուն զարգացման եւ Հալէպէն ու Լաթաքիայէն ընտանիքներ հոս հողեր կը գնեն ու բնակութիւն կը հաստատեն։

1993-ի տուեալներով գիւղը ուներ 64 բնակիչ կամ 15 տուն։

Բնորոշիչ Կառոյցներ

Խմբագրել

Գիւղին գլխաւոր կառոյցներն են՝

  1. Գիւղի թաղին աղբիւրը որ կը գտնուէր վերի երկու թաղերուն մէջ։
  2. Խանճիին աղբիւրը։
  3. Գերեզմանատունը։
  4. Գիւղը ունեցած է նաեւ երեք հատ դպրոց՝ Ազգային (1910-1942), Աւետարանական (1850-1910) եւ Հ.Բ.Ը.Մ. (1934-1937)

Մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  1. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995
  2. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Բ. հատոր, Հալէպ, 1998
  3. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004
  4. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապի երեք օրերը», Երեւան, 2014
  5. Սուրիական մարադահամար՝ http://www.cbssyr.org/new%20web%20site/General_census/census_2004/NH/TAB06-6-2004.htm
  6. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Կայքէջ www.keaofla.com
  7. Լոս Անճըլէսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - տարեկան գրքոյկ 25 թիւ՝1991-2015
  8. Պէյրութի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Ալպոմ Քեսապի եւ շրջակայից- Պէյրութ, 1955
  9. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան - Հատոր 4, 7, 12 - Երեւան 1974-1986
  10. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Քեսապն ու քեսապցին - Լոս Անճըլես 2011