Գարատուրան, Քեսապ շրջանի ամենէ տարածուն գիւղնը, որ կ՛երկարի 9 քմ երկայնքով եւ մօտ 2 քմ լայնքով։ Գիւղը կազմուած է 12-է աւելի թաղերէ որոնք կը համապատասխանեն հոն հաստատուած գերդաստաններու անուններուն։ Բանասէր-պատմաբան Յակոբ Չոլաքեան այս 12-է աւելի թաղերը կը համախմբէ 4 կամ 5 թաղախումբերու մէջ՝ Ծովու, վարի, կեդրոնական, վերի եւ Գարատաշ։ Ներկայիս Գարատաշ ունի 23 տուն բնակչութիւն եւ կրնայ սեպուիլ իբր առանձին գիւղ։

Բնակավայր
Գարատուրան
Երկիր  Սուրիա
Ենթարկում Քեսապ շրջան
Բնակչութիւն 185 մարդ (1993)
Ազգային կազմ Հայեր
Տեղաբնականուն քեսապցի
Ժամային գօտի UTC+2, ամառը UTC+3

Հակիրճ պատմութիւն

Խմբագրել
 
Գարատուրանի Ս. Աստուծածին եկեղեցին

Գարատուրանի ամենայ վերի թաղը՝ Գարատաշը կը գտնուի Քեսապ աւանէն մօտ 2 քմ. հարաւ-արեւմուտք, իսկ ամենայ վարինը՝ Ծովու թաղը Քեսապ աւանէն մօտ 10 քմ արեւմուտք Միջերկրական ծովէն մօտ 2 քմ արեւելք։ Գիւղը բնակչութիւնը մասամբ քեսապցի է, մասամբ ալ Մարաշցի, Սուէտիացի եւ Անտիոքցի հայերէ կազմուած է։

 
Գարատուրանի ծովեզերքը

1865-ին Անտոնեան Վարդապետի համաձայն հոն կապրէին 60 ընտանիք։ 1911-ի մարդահամարի համաձայն գիւղի բնակչութիւնը կը հասներ 1286 անձի այսինքն 236 ընտանիք։

1915-ին գիւղացիները կը տարագրուին դեպի Համա, ետքը Հոմս, ապա Դամասկոս։ 1920-ին գիւղ կը վերադառնան բնակչութեան 45 առ հարիւր տոկոսը։

1939-ի սահմանագծումով գիւղը կը մնայ Սուրիոյ մէջ սակայն կարգ մը գիւղացիներու արտերուն եւ պարտէզներուն մեծ մասը կ՛ըլլայ թրքական կալուած։

1947-ին հայրենիք կը ներգաղթեն 804 անձեր, եթէ նկատի առնենք թէ 1955-ին գիւղի բնակչութեան թիւը՝ 398 անձ կը համարուի, ուրեմն մօտաւորապէս երկու-երրորդէն աւելի հայրենիք ներգաղթած են

1993-ի տուեալներով գիւղը ուներ 185 բնակիչ։

Թաղային Տուեալներ

Խմբագրել

Ծովէն արեւելք մեկնելով կը հանդիպինք Գարատուրանի առաջին թաղին՝ Ծովու թաղը. 1911-ին այս թաղը ունէր 33 տուն բնակիչ, ներկայիս միայն 3 տուն բնակչութիւն ունի Ծովու թաղը։ Թաղին մէջ կար Ս. Սարգիս անունով ուխտավայր մը որուն պատերէն մէկ մասը կանգուն կը մնար մինչեւ վերջերս. Սակայն 1986-ին փոթորիկի մը իբր արդիւնք լման կը կործանուի։ Գերեզմանատան մօտ կը գտնուի Ս. Գէորգ մատուռը, 1908-ին հիմնուած է նաեւ Ս. Ստեփանոս մատուռը որ շրջան մը իբրեւ դպրոց գործածուած է։ Այս երկու կառոյցներուն ինչպէս նաեւ նարինջի պարտէզի մը հոգ կը տանին «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան կամաւոր անդամները։

 
Գարատուրանի ձորը

Վարի թաղերը եղած են անապահով՝ գետնասահքը, հեղեղները հողը անվստահելի դարձուցած են պարտիզպանութեան համար։ 1911-ին վերի եւ վարի թաղերը միասին կը հաշուէին մօտ 40 ընտանիք. Ներկայիս միայն 6 ընտանիք կ՛ապրի վարի թաղերուն մէջ։

Կեդրոնական թաղերը Գարատուրանի գլխաւոր թաղերը եղած են եւ գիւղի մշակութային եւ հոգեւոր կեդրոնը։ 1873-ին կառուցուեցաւ աւետարանական համայնքի դպրոցը եւ ժողովարանը, իսկ 1908-ին եկեղեցին։ Լուսաւորչական համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին ու դպրոցը մինչ այդ կը կառուցուին 1890-ին։ 1942-ի գետնասահքը կը կործանէ եկեղեցին, մի քանի թաղերու տուներ, երկու դպրոց եւ եկեղեցին։

Վերի թաղերը Գարատուրանի ամենէ բազմամարդ թաղերը եղած են։ Ունեցած է վարժարան եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան ակումբ։ 1957-ին կառուցուած է սրահ մը եւ գրադարան որուն շինութիւնը ամբողջացաւ 20-րդ դարու վերջաւորութեան։ Ակումբին անունն է Ռուբէն Տէր Մինասեան։ 1981-ին վերի թաղեցիները հին մատրան մօտ կը շինեն փոքրիկ խորան մը։ 1980-էն իվեր Հալէպի Հ.Մ.Մ.ը ունի ամառնային բանակավայր։

Քարատաշը Քեսապի ամաենամօտ թաղն է ուր մինչեւ 1942 տուներ չկային։ 1942-ի գետնասահքէն ետք 3 գերդաստան կը փոխադրուին Քարատաշ եւ բնակութիւն կը հաստատեն։ Ներկայիս, Քարատաշը կարելի է սեպել առանձին գիւղ իր 23 տուն բնակչութեամբ։

Բնորոշիչ Կառոյցներ

Խմբագրել

Գիւղին գլխաւոր կառոյցներն են՝

  1. Ծովու թաղի Ս. Գէորգ մատուռը
  2. Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած 1890 սակայն հիմնապէս աւերուած 1942-ին գետանսահքի իբր արդիւնք։ 1961-ին վերակառուցուած եւ 1991-ին օժտուած թաղական խորհուրդի սենեակով մը։
  3. Ս. Ստեփանոս եկեղեցին որ «Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան ջանքերով 1987-ին վերանորոգուեցաւ։
  4. Աւետարանական եկեղեցին կառուցուած 1908-ին ե վերանորոգուած 1986-ին։
  5. 4 գերեզմանատուներ Ծովու, վարի, կեդրոնական եւ վերի թաղերու մէջ։
  6. 7 դպրոցներ որոնցմէ հիշենք մի քանին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարժարանը (1890-1964 զանազան անուանումներով), Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարժարանը (1909-1934), Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մանկապարտէզը (1934-1947), Ազգային միացեալ վարժարանը (1934-1973), Աւետարանական վարժարանը (1873-1915), Լատինաց դպրոցը (1905-1946)։
  7. Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կալուածը եւ Հ.Մ.Մ.-ի բանակավայրը։

Մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  1. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Ա. հատոր, Հալէպ, 1995
  2. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004
  3. Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապի երեք օրերը», Երեւան, 2014
  4. Սուրիական մարադահամար՝ http://www.cbssyr.org/new%20web%20site/General_census/census_2004/NH/TAB06-6-2004.htm
  5. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Կայքէջ www.keaofla.com
  6. Լոս Անճըլէսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - տարեկան գրքոյկ 25 թիւ՝1991-2015
  7. Պէյրութի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Ալպոմ Քեսապի եւ շրջակայից- Պէյրութ, 1955
  8. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան - Հատոր 4, 7, 12 - Երեւան 1974-1986
  9. Լոս Անճըլեսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն - Քեսապն ու քեսապցին - Լոս Անճըլես 2011