Զեփիւռ Շանթ, Արուեստասէր եւ արուեստագէտ ծնոցներու զաւակ՝ Տիկ. Զեփիւռ Շանթ երգի ու դերակատարութեան հանդէպ բնափին տաղանդով մը օժտուած է։ Անիկա տասնամեակներ զարդը կազմեց -եւ տակաւին կը կազմէ- Պէյրութահայ գեղարուեստական ձեռնարկներու, խանդավառելով ժողովուրդը։

Ծնած է Ռոստոսթոյ (Թէվիր Տաղ) 1912 թուականին եւ դուստրն է քաղաքիս ծանօթ ազգայիններէն հանգուցեալ Միհրան ապէլ Տատիքօզեանի։ տակաւին Փոքրիկ աղջնակ, ընտանիքի հետ կ՝ աքսորուի Տէր Զոր, ուրկ հրաշքով կ՝ ազատի։ Ընտանիքը ժաշմանակ մը կը մնայ Դամասկոս։ Զինադադարի կը վերադառնան հայրենիք եւ հուսիկ յետոյ յունական պատերազմին կ՝ ապաստանի Յունաստան։

1922 թուականին վերջնականապէս կը հաստատուինն Լիբանան։ Յաճախած է Ս. Նշան ազգային նախակրթարանը եւ ուսումը մինչեւ «պրվէ» շարունակած է «Սէօր Վենսան տը Փոլ» վարժաԵրեք տարի դասաւանդած է Ալ-Ահլիէ վարժաէանի մէջ Ֆրանսերէն եւ ուսողութիւն։

Հօրը ցուցմունքներուն վրայ որ արուեստագէտ լուսանկարիջ մըն էր եւ մասնագիտացած կարգ մը նուագարաններու մէջ, երաժշտութեան հանդէպ սէր կ՝ արթննայ իր մէջ։ Երեք տարի Պէյրութի երաժշտանոցը ըւ Ամերիկեան Համալսարանի մէջ կը հետեւի երգեցողութեան ուրկէ կը վկայուի։ Սակայն հայերէն երգելու շունչը ու ոգին կը պարտի Հօրը եւ աւելի ուշ Նիկոլ Աղբալեանին, մասնաւորաբար մեր աշուղական երգերէն Սայեաթ-Նովայի ստեղծագործութիւններ երգելու ոճին եւ մեկնարկութեան մէջ։

Իր մասնակցութիւնը բերած է բազմաթիւ հանդէսներու եւ գեղարուեստական ձեռնարկներու մեներգներով եւ երգչախումբի մասնակցելով։ Գոսան Երգչախումբի մասնակցած է հիմնադրութենէն մինչեւ վերջը եւ հանդիսացած անոր լաւագոյն մեներգներէն մէկը մին։ Օգտուած է նաեւ մեծանուն Բարսեղ Կանաչեանի ցուցմունքներէն հայեցի շունչով արտայայտուելու մարզին մէջ։

Մեծանուն գրագէտ Լեւոն Շան թելադութեամբ եւ քաջալերութեամբ՝ շրջագայութեան կ՝ ելլէ դէպի Միացեալ Նահանգներ եւ ելոյթներ կ՝ ունենայ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ ինջպէս Նիւ Եորք, Պոսթոն, Ուաշիկթոն, Լոս Անժէլս, Ֆրէզնօ, եւն., ուր ջերմ ու խանդավառ բնութեան կ՝ արժանանայ։

Իր յայտագիրները կազմուած են ընդհանրապէս լոկ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէն ինչպէս Կոմիտաս, Կանաչեան, Ալէմշհ, Սիւնի, Մեհբապետն, Սայեաթ-Նովա եւն.:

Քանի մը երգահանդէսներ տուած է նաեւ Պէյրութ Ամերիկ. Համալսարանի «Ուէսթ Հոյ» սրահը եւ այլուր։ Ունի երգապնակներ Սայեաթ-Նովայէն, Կանաջեանէն եւ Կոմիտասէն։

Տիկ. Շանթ ունի նաեւ շնորհք դերակատարութեան։ Եղած է Համազգային Գասպար Իփէկեան թատերախումբի հիմնադիրներէն 1942 թուականին եւ միութիւն նախագահուաւելի դերեր։ Խումբին հետ շրջագայած է Մերձ. Արեւելեան երկիրներ, Հիւս եւ Հարաւային Ամերիկաներ։

1937 թուականին ամուսնացած է Լեւոն Շանթի զաւակին Պդն. Սուրէն Շանթի հետ։ Ունին զաւակ մը՝ Լեւոն, ծնած 1939 թուականին։

1970 թուականին պարգեւատրուած է Կիլիկիոյ Գահակալին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Կաթողոկոսին կողմէ Կիլիկեան Աոպետի շքանշանով։

Տիկ. Շանթ Լիբանանահայ երգի ու թատրոնի լաւագոյն ուժերէն մին էր[1]:

= Ծանօագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Գ, Պէյրութ, էջ 235։