Զոհուած Ազատամարտիկներու Յիշատակի Թանգարան (ԼՂՀ)
Զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակի թանգարան, հիմնադրուած է 2002-ին։
Զոհուած Ազատամարտիկներու Յիշատակի Թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | թանգարան |
Երկիր | Արցախի Հանրապետութիւն |
Տեղագրութիւն | Ստեփանակերտ |
Հիմնադրուած է | 2002 |
39°48′48″N 46°44′54″E / 39.813242°N 46.748308°E | |
Պատմութիւն, ցուցադրութիւն
ԽմբագրելԹանգարանը հիմնադրուած է «Զոհուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։ Թանգարանի ցուցանմուշները հաւաքուած են կազմակերպութեան ակտիվիստներու, թանգարանի աշխատակիցներու կողմէ՝ զինուորներու մայրերու օգնութեամբ։ Ներկայացուած են շուրջ 3 հազար ազատամարտիկներու դիմանկարներ, որոշ անձնական իրեր (փաստաթուղթեր, նամակներ, ինքնաշէն զէնքեր, համազգեստներ եւ այլն), պատերազմական լուսանկարներ, Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ ՊԲ-ի ստորաբաժանումներու եւ ազատամարտիկներու զօրաշարժերու քարտէզներ, համապատկերներ եւ այլն։ Թանգարանի առջեւ տեղադրուած է խաչքար-յուշաղբիւր՝ «Օրհնեալ ես դու, հայ նահատակ» մակագրութեամբ, ինչպէս նաեւ պատերազմի ինքնաշէն 3 թնդանօթ եւ 1 «Կրատ» կայան։ Այստեղ կը ցուցադրուին քարտէզներ, հայերու ազատագրական շարժումը լուսաբանող գծագրեր, անցած ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ հայրենիքի ֆետայի պաշտպաններու սխրագործութիւնները։ Պատերուն ներկայացուած են զոհուած ազատամարտիկներու հազարաւոր նկարներ, փամփուշտներով ծակուած փաստաթուղթեր, հարազատներուն եւ մօտիկներուն ուղարկուած նամակներ, Արցախեան պատերազմի զէնքեր եւ հագուստ, դաշտային հեռախօս, ռատիօկայան։ Դահլիճին մէջ կը ցուցադրուին հայ ֆիտայիներու կողմէ օգատգործուած զէնքերու եւ ռազմական այլ պիտոյքներու իրական նմուշներ[1]։
Հասցէ
ԽմբագրելՊատկերասրահը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ, Վազգէն Սարգիսեանի 1 հասցէին վրայ։