Էտ Տուայթ, (9 Սեպտեմբեր, 1933) Ափրիկեան արմատներով ամերիկացի քանդակագործ, գրող, օդաչու եւ աստղանաւորդ[1]:

Էտ Տուայթ
Ծնած է 9 Սեպտեմբեր 1933(1933-09-09) (91 տարեկան)
Ծննդավայր Կանզաս Սիթի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Արիզոնա նահանգի համալսարան?
Տենվըրի համալսարան
Bishop Ward High School?
Մասնագիտութիւն փորձարկիչ օդաչու, քանդակագործ
Աշխատավայր IBM?
ԱՄՆ ռազմաօդային ուժեր?
Կայքէջ eddwight.com

Միացեալ Նահանգներու մէջ 1960-ական թուականներուն Էտ Ուայթ բանակին մէջ օդաչու էր: Ան առաջին սեւամորթ անձն էր, որ կը մարզուէր աստղանաւորդ դառնալու համար: Ասիկա նշանակալից էր, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ այդ ժամանակաշրջանին սեւամորթները նուազ իրաւունքներ ունէին, քան` սպիտակամորթները: Հակառակ իր երկար պատրաստութեան` Էտ բնաւ չի նշանակուիր մասնակցելու համար դէպի անջրպետ ճամբորդութեան մը համար:

Կիրակի, 19 Մայիս 2024-ին, 60 տարի ետք, իր երազը վերջապէս կ'իրականանայ: 90 տարեկան աստղանաւորդը կը դառնայ անջրպետ ճամբորդող ամէնէն տարիքոտ անձը:

Ան 10 վայրկեանի շատ կարճ ճամբորդութիւն մը կը կատարէ անջրպետին մէջ իր անջրպետանաւով, կը յաջողի քանի մը վայրկեան առանց ճնշումի վիճակի մէջ մնալ` անջրպետի զբօսաշրջիկներու ընկերակցութեամբ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել