Ընթերցանութիւնը Լեզուի իւրացման, հաղորդակցութեան, տեղեկութեան եւ գաղափարներու փոխանակման միջոցներէն մէկն է[1]։

Ընթերցանութեան բարիքները

Խմբագրել
  • Ընթերցանութիւնը կը զարգացնէ միտքը։ Միտքը մկան մըն է, որ ֆիզիքական վարժութիւններու կարիքը ունի. գրաւոր խօսքը հասկնալը անոր զարգացումը խթանող միջոցներէն մէկն է[2]։
  • Ընթերցանութինը նաեւ կը բարելաւէ մէկուն բառապաշարն ու հաղորդակցութիւնը։
  • Ընթերցանութիւնը մարդուն երեւակայութիւնը կը զարգացնէ եւ ստեղծագործական կարողութիւնները կը հարստացնէ[3]:
  • Գիտական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան նաեւ, որ ընթերցանութիւնը սթրեսը կը նուազեցնէ: Երբ մանուկը կը կլանուի ընթերցանութեամբ, ապա այդ մէկը արդէն կ'օգնէ իրեն հանգստանալու եւ հեռու մնալու ճնշուածութենէ։
  • Ան կը զարգացնէ նաեւ ուրիշներու հետ զգալու կարողութիւնը, հասկնալու եւ ըմբռնելու անոնց ապրումները:
  • Ընթերցանութիւնը երեխաները կ'ընտելացնէ Լեզուին հետ, կը զարգացնէ իրենց աշխարհներ կառուցելու ունակութիւնը, ապա հետագային զանոնք տարանջատելը եւ ճանչնալը, որոնք կը հարստացնեն աշխարհի մասին ըմբռնումը եւ կ'օգնեն` անոր տիրապետելու[4]:
  • Ընթերցանութիւնը ամէն ինչի մասին որեւէ բան սորվելու միջոց մը կը հանդիսանայ։ Անիկա  կ'օգնէ մանուկին նոր յայտնաբերումներ ընելու զինք հետաքրքրող որեւէ թեմայի մասին՝ խթանելով եւ մղելով զինք սուզուելու իր սիրած աշխարհին մէջ, միաժամանակ բացայայտելով այլ հորիզոններ։
  • Ծնողներու կողմէ մանկական գիրքեր կարդալը մանուկին՝ կեանքի առաջին ամիսներէն իսկ, ըստ ուսումնասիրութիւններու, կրնայ ամբողջ կեանք մը արդիւնաւէտ ազդեցութիւն ունենալ անոր վրայ, անոր մէջ զարգացնելով ոչ միայն լեզուի կարողութիւններ, այլեւ հետաքրքրասիրութիւն եւ ընթերցումի նկատմամբ սէր եւ հակուածութիւն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. De Certeau, Michel. "Reading as Poaching." The Practice of Everyday Life. Trans. Steven F. Rendall. Berkeley: University of California Press, 1984. 165-176.
  2. Ընթերցանութիւնը կը զարգացնէ միտքը
  3. Ընթերցանութիւնը մարդուն երեւակայութիւնը կը զարգացնէ
  4. Ընթերցանութիւնը