Թագաւորական Մղոն

Թագաւորական Մղոն (անգլերէն՝ The Royal Mile), փողոցներու շարան Էտինպուրկի (Սքոթլանտա) կեդրոնը, քաղաքի գլխաւոր տեսարժան վայրերէն մէկը։ Երկարութիւնը կը կազմէ մէկ սքոթլանտական մղոն[1], որ երկար է բրիտանականէն մօտ 200 մեթր (մօտ 1.8 քմ)։ Անիկա կը սկսի Էտինպուրկի ամրոցի մօտէն եւ կ'իջնէ ներքեւ` դէպի Հոլիռուդեան պալատ։

Էտինպուրկ, Թագաւորական Մղոն, Քասլհիլլ. Գեղեցիկ տեսարան Հանգոյց.
Փողոցային նշան

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Քաղաքային դարպասներ Քենոնգեյթի մէջ. քաղաքի գլխաւոր մուտքը մինչեւ 1764
 
Թագաւորական Մղոնը 1850-ական թուականներուն

Թագաւորական Մղոնի պատմութիւնը սկիզբ կ'առնէ 12-րդ դարու առաջին կիսուն, երբ Սքոթլանտայի թագաւոր Դաւիթ Ա.-ը հիմնաւորուեցաւ ամրոցին մէջ՝ Ամրոցային ժայռի վրայ, որ ան հրահանգած է վերակառուցել Էտինպուրկի ամրոցի։ Թագաւորը ամրոցի ստորոտի բնակչութեան իրաւունք տուած է զբաղիլ առեւտուրով, եւ Լոնմարկետի մէջ կը տարածուի բաց շուկան։ Ապա Դաւիթ կարգադրած է Հայսթրիթի կառուցման վերաբերեալ, որ այն ժամանակներուն կը կոչուէր Via Regis (բառացի՝ «Արքայական ճանապարհ»), որմէ կ'ենթադրուի, որ յառաջացած է անուանումը՝ «Թագաւորական Մղոն»:

Թագաւորական Մղոնի երկայնքով փայտէ տուները սովորաբար կը կոչուէին ի պատիւ սեփականատէրերու, եւ այս աւանդոյթը պահպանուած է եւ ավելի ուշ շինութիւններու։ Տուներուն միջեւ կը ձեւաւորուէին փակուղիներ եւ ներքին բակեր, ուր նաեւ կը պահէին տնային անասուններուն: 16-րդ դարու կէսերուն միջնադարեան շինութիւնները այրած են անգլիացիներու կողմէ անգլո-սքոթլանտական հակամարտութեան ժամանակ։ Անգլիական թագաւոր Հենրիխ Ը.-ը հրամայած է վերականգնել տուները, քանի որ ան կը ցանկանայ հասնիլ անոր, որ սքոթլանտացիներուն թոյլ տան իր որդիին ամուսնանալ Մարի Ստիւարտի հետ։ Մօտաւորապէս 1591-ին կառուցուած նոր շէնքեր գլխաւորապէս քարէ էին, բայց ատոնց մէջ թերեւս եղած են առողջական վատ պայմաններ` չնայած այն հանգամանքին, որ Քենոնգեյթի գեղեցիկ այգիներով շքեղ առանձնատուներուն մէջ կը հաստատուի բարձրաշխարհիկ հասարակութիւնը։

17-րդ դարու կէսերուն բնակարանային պայմանները դարձած են ծայրահեղ վատ. Հին քաղաքը լեփ-լեցուն էր, Թագաւորական Մղոնին մէջ կը բնակէր շուրջ 70 հազար մարդ։ Որոշ շէնքեր կը հասնէին 14 յարկի, մէկ հատուածին մէջ կարող էին ապրիլ մինչեւ 300 մարդ՝ երբեմն կիսելով մէկ սենեակը 10 մասի։ Էտինպուրկի ընդլայնումով եւ Նոր քաղաքի կառուցումով 18-րդ դարուն այդ խնդիրը կարողացան լուծել։ 1865-էն կատարուած են շարք մը բարեփոխումներ նաեւ Թագաւորական Մղոնին մէջ. լորդ-պրովոստ Ուիլեամ Չամպերսը նոր ընդարձակ տուներ կառուցեց Պլեքֆրայարս եւ Սենթ Մարիս սթրիթերուն մէջ։ Օլտ Ուեսթ Պոուին քանդուեցաւ, իսկ Քոքբեռն սթրիթի միջոցով մուտք «փորեցին» դէպի Ուեւերլի կայարան։ Աշխատանքները շարունակուեցան 1880-ական թուականներուն քաղաքային շինարար եւ կենսաբան Փաթրիք Գեդդեսի կողմէ, որ վերակառուցեց Քենոնգեյթ շրջանն ու Մաունդ արհեստական բլուրը։ Ան նախագծեց ներքին բակեր ու այգիներ այն ծրագիրերով, որոնք կը յիշեցնէին 500 տարի առաջուան Թագաւորական Մղոնի մասին։

Տեսարժան Վայրեր

Խմբագրել

Բուն Թագաւորական Մղոնը բաղկացած է չորս իրար յաջորդող փողոցներէն (արեւմուտքէն արեւելք)՝ Քասլհիլլ, Լոնմարկետ, Հայսթրիթ եւ Քենոնգեյթ, ընդ որուն ատոնք աստիճանաբար կ'իջնեն ներքեւ: Նման ձուկին ողնաշարին՝ այդ փողոցներէն կ'անջատուին փոքր փողոցներ եւ փակուղիներ, որոնք նոյնպէս կը պատկանին Մղոնին։

 
18-րդ դարու յատակագիծ
 
Քասլհիլլ

Քասլհիլլ

Խմբագրել

Թագաւորական Մղոնը կը սկսի էսպլանտայով(Castle Esplanade) Էտինպուրկի ամրոցի մօտ[2], որ կտրած է 19-րդ դարուն այստեղ ռազմական շքերթներ կազմակերպելու համար։ Այստեղ ամէն տարի տեղի կ'ունենայ Ռազմական նուագախումբերու թագաւորական էտինպուրկեան շքերթը։

Փոքրիկ Քասլհիլլի մէջ տեղաւորուած է պատրանքներու Օպսքուրա քամերա թանգարանը եւ Վիսկիի ժառանգութեան սքոթլանտական կեդրոնը։ Փողոցի աջ մասին մէջ կը գերիշխէ Հապը՝ նախքան՝ Սուրբ Ճոնի եկեղեցին, այժմ էտինպուրկեան փառատօններէն մեծամասնութեան ժամանցի վայրը։

Լոնմարկետ

Խմբագրել

Լոնմարկետը[3][4] նախքան շուկայ էր, ուր կը զբաղուէին կտորի առեւտուրով։ Հիմա դուրսը հաստատուած է զբօսաշրջային ուղղուածութիւն ունեցող փոքր խանութներ՝ յուշանուէրային արտադրանքով, ուր առաջին հերթին կը վաճառեն քիլթեր եւ սքոթլանտական բուրդէն այլ իրեր։ Ձախ կողմը կը գտնուի Կլետսոնս Լենտ պատմական շէնքը (Gladstone's Land)։ Փողոցը կ'աւարտի է Պենք փողոցի հատման հետ կէտին վրայ, որ կը բանայ ձախէն գեղեցիկ տեսարան դէպի Սքոթլանտայի դրամատունը եւ աջէն Գէորգ Դ.-ի կամուրջը, որ կը տանի դէպի Մաունդ եւ Նոր քաղաք։

 
Նախկին խորհրդարանի շէնքը

Հայսթրիթ

Խմբագրել

Բազմաթիւ էտինպուրկեան փառատօներու ժամանակ փողոցը կը դառնայ քաղաքի հասարակական կեանքի կեդրոն, ուր կը հաւաքուին զբօսաշրջիկներ, փողոցային երաժիշտներ, մասնակիցներն ու փառատօններու այցելուները։

 
«Միտլոտիանի սիրտը»

Ձախ կողմը կը գտնուի Գերագոյն դատարանի շէնքը, աջ կողմը՝ Խորհրդարանական հրապարակին վրայ, տեղակայուած է Սքոթլանտայի Խորհրդարանի հին շէնքը, որ իր գործառոյթները կատարեց մինչեւ Միաւորման ակտի ընդունումը։ Այժմ այնտեղ տեղակայուած է գերագոյն քաղաքացիական դատարանը։ Խորհրդարանական հրապարակին վրայ է նաեւ Սենթ Ճայլսի տաճարը՝ սքոթլանտական պրեսբերիտականութեան կեդրոնը։

Սուրբ Ճայլսի տաճարի արեւմտեան մուտքին կը գտնուի «Միտլոտիանի սիրտը»՝ սալարկուածմոզայիկան՝ պատրաստուած նոյն տեղը, ուր նախապէս եղած է Թոլպութի բանտը։ Եկեղեցւոյ միւս կողմը կարելի է տեսնել մերկաթ-քրոսը, որուն վրայէն կը կարդային թագաւորական հրամանագիրերը եւ կը հրապարակէին ընտրութիւններու արդիւնքները։

Քիչ այն կողմ փողոցը կը հատեն կամուրջներ. ձախ կողմէն Հիւսիսային կամուրջը, որ կը կապէ Հին քաղաք Նորին, աջ՝ Հարաւային կամուրջը, որ աւելի շատ նման է խանութներով սովորական փողոցի, բայց իր տակ կը թաքցնէ շէնքեր և էտինպուրկեան դամբարաններ։

Հայսթրիթի մէջ կը գտնուին նաեւ կրօնական բարեփոխիչ Ճոն Նոքսի տուն-թանգարանը եւ Մանկութեան թանգարանը։ Փողոցի վերջը կը գտնուի «Աշխարհի ծայր» պանդոկը (World's End Pub) եւ համանուն փակուղին. աւելի վաղ այստեղ կանգնած էին քաղաքի Նետերբոու դարպասները, եւ քաղաքային պատերէն ներս կարող էին մտնել միայն ունեւոր քաղաքացիները՝ վճարելով մուտքի համար[5][6]:

 
Տեսարան դէպի Քենոնգեյթ. Ձախէն Քենոնգեյթ Թոլպութը

Քենոնգեյթ

Խմբագրել

Քենոնգեյթ անուանումը յառաջացած է canon's gait արտայայտութենէն («միաբանական փողոց»)՝ ի պատիւ Հոլիռուդեան ապպայութեան[7]: Այս փողոցին վրայ կը գտնուի Մորեյ Հաուսը՝ Էտինպուրկի համալսարանի մանկավարժական բաժանմունքը, նախկին բանտ եւ դատարան Canongate Tolbooth-ը, այժմ՝ Էտինպուրկի Ժողովրդական պատմութեան թանգարանը, Էտինպուրկի թանգարանը։ Սքոթլանտայի եկեղեցւոյ շինութեան համար անսովոր տեսք ունի Քենոնգեյթեան եկեղեցին, որ կառուցուած է հոլանտական գաղութային ոճով։ Եկեղեցական գերեզմանոցին մէջ կը գտնուին բազմաթիւ յայտնի սքոթլանտացիներու, ինչպէս ՝ Ատամ Սմիթի, Դաւիթ Ռիչչոյի եւ բանաստեղծ Ռոպերթ Ֆերկիւսոնի շիրիմները, որուն պրոնզէ արձանը կանգնած է եկեղեցւոյ մուտքի առջեւ:

Քենոնգեյթը կ'աւարտի Սքոթլանտական խորհրդարանի մօտ, իսկ փոքրիկ Էպպի Սթրենդ փողոցը Թագաւորական Մղոնէն կը տանի դէպի Հոլիռուդեան պալատ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Harris Stuart (2002)։ The Place Names of Edinburgh։ London: Steve Savage։ էջ 497։ ISBN 1 904246 06 0--The guidebook was R T Skinner's, From the Castle to Holyrood - "The Royal Mile" 
  2. «Edinburgh Castle, Esplanade, Edinburgh»։ արտագրուած է՝ 2012-10-22 
  3. «City and castle of Edinburgh, William Edgar, 1765»։ Town Plans / Views, 1580-1919։ National Library of Scotland։ արտագրուած է՝ 2015-02-11 
  4. «City of Edinburgh, John Ainslie, 1780»։ Town Plans / Views, 1580-1919։ National Library of Scotland։ արտագրուած է՝ 2015-02-11 
  5. «The Derivation of Edinburgh's Street Names»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2012-09-10 
  6. «Edinburgh High Street, World's End Close»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-12-19-ին։ արտագրուած է՝ 2012-09-10 
  7. «The Derivation of Edinburgh's Street Names»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-08-ին։ արտագրուած է՝ 2012-09-10 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել