Խճանկարչութիւն, (ֆր.՝ mosaique, իտալ.՝ mosaico, լատին․՝ opusmusivum` նուիրուած մուսաներուն), զարդարուեստի հիմնական տեսակներէն, համասեռ կամ տարբեր նիւթերէ (քար, գունախիճ, խեցասալիկ եւ այլն) ստեղծուած պատկեր կամ զարդ։

Գառնիի բաղնիքին խճանկարը

Պատմութիւն

Խմբագրել

Խճանկարը շատ սիրուած զարդարանք մըն էր հին քաղաքակրթութիւններուն համար[1]:

Վեց հազար տարի առաջ, Միջագետքի մէջ, առաջին խճանկարները վեց հարիւր տարուան են, անոնք գտնուած են Ուրուքի մէջ, Միջագետք (ներկայի Իրաք): Այդ շրջանին մէջ բնակող շումմերները կը գործածէին խիճեր, սակայն նաեւ այրած կարմիր, ճերմակ կամ սեւ հողէ քարեր: Տակաւին մինչեւ այսօր խիճեր կը գործածուին արդի խճանկարներ շինելու համար:

Յունական շրջան

Խմբագրել

Ք.Ա. 5-րդ դարէն սկսեալ յոյները կը սկսին գործածել քար եւ ապակի` խճանկարներուն մէջ, անոնք խիճերէն աւելի տափակ են, եւ կարելի է աւելի փոքրիկ կտորներու վերածել: Հետեւաբար պատկերները եւ զարդարանքները աւելի նուրբ են, մարդիկը, անասունները եւ բոյսերը: Այս թեքնիքը տակաւին կը գործածուի մինչեւ այսօր:

Հռոմէական շրջան

Խմբագրել

Հռոմէացիները յոյներէն առած են խճանկար օգտագործելու միջոցը: Անոնք խճանկարը կը տարածեն իրենց կայսրութեան մէջ` պատերուն վրայ, առաստաղներուն վրայ եւ գետինը եւ որոնք իրենց գեղեցիկ գոյներով տոկացած են մինչեւ այսօր:

Կրօնական արուեստ մը

Խմբագրել

Խճանկարները կը գործածուին առաջին եկեղեցիներուն մէջ: Իտալիոյ Ռավեն շրջանին մէջ կը զարգանայ բիւզանդական խճանկար կոչուած այս արուեստը` Ե. եւ Զ. դարերուն:

Մահմետականներն ալ, քրիստոնեաներուն նման, շատ կը գործածեն խճանկարները` զարդարելու համար իրենց մզկիթները եւ տուները` ներսէն եւ դուրսէն: Սակայն անոնք կը ներկայացնեն յատկապէս երկրաչափական կամ բնութեան վերաբերեալ զարդարանքներով:

Ար Տեքօ եւ ստեղծագործական ժամանց

Խմբագրել

ԺԹ. դարուն, ար տեքօ գեղարուեստական ոճին շնորհիւ, խճանկարը դարձեալ նորոյթ կը դառնայ: Բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ ճարտարապետեր կը գործածեն այս ձեւը: Անոնցմէ կարելի է յիշել Անթոնիօ Կաուտի, Մարք Շակալ, Կիւսթավ Քլիմթ եւ ուրիշներ[2]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել