Թագուհի Աթոքեան

Թագուհի Աթոքեան Կրթական մշակ, մանկավարժ, գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր

Թագուհի Աթոքեան
Ծնած է 20-րդ դար
Ծննդավայր Հալէպ
Քաղաքացիութիւն Սուրիա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն մանկավարժ, գրագէտ, թարգմանիչ, հրապարակախօս
Աշխատավայր Կրթական մշակ, մանկավարժ, գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր,

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Թագուհի Աթոքեան ծնած է Հալէպ՝ բնիկ ուրֆացի ծնողներէ: Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպի Նոր գիւղի Կիլիկեան վարժարան ապա Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը կը ստանայ Լազար Նաճարեան - Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնն էր Պրն. Երուանդ Ակիշեան:

1964-ին կը յաջողի Պաքալորիայի պետական քննութեան մէջ եւ կը ստանայ համապատասխան վկայականը:

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

Խմբագրել

1964 թուականի ամրան՝ Կիլիկեան ճեմարանը կը բանայ ամառնային դասընթացք: Կիլիկեան ճեմարանը կը հրաւիրէ Թագուհի Աթոքեանին ամառնային դասընթացքին՝ դասաւանդելու համար մաթեմաթիկայի նիւթը միջնակարգի 7րդ., 8րդ. եւ 9րդ. դասարաններուն:

1964 - 1965 դպրոցական տարեշրջանի վերամուտին՝ ուսուցչութեան հրաւէր կը ստանայ երկու վարժարաններէ՝ Լազար Նաճարեան եւ Կիլիկեան ճեմարան: Նաճարեանի տնօրէնը ամիսներ առաջ առաջարկած էր, որ Հայաստան չճամբորդելու պարագային՝ պաշտօնավարէ իր վարժարանէն ներս: Թագուհի Աթոքեան կ՛ընդունի Կիլիկեան Ճեմարանի հրաւէրը, մանաւանդ որ եղբայրը՝ Պրն. Գէորգ Աթոքեանը Կիլիկեան ճեմարանի անգլերէն լեզուի դասատուն էր:

  Տնօրէնս՝ Պրն. Երուանդ Ակիշեան, նեղուեցաւ եւ իրաւունք ունէր, որովհետեւ որպէս իսկական ճեմարանականներ շատ լաւ պատրաստած էր մեզ: Պետական ծրագրէն դուրս, հայկական վարժարաններու մէջ արտօնուած էր դասաւանդել միայն հայերէն լեզու եւ կրօն: Բայց մեր տնօրէնը՝ Պրն. Երուանդ Ակիշեան, կրօնագիտութեան անուան տակ մեզի կը դասաւանդէր զանազան նիւթեր՝ իւրաքանչիւր դասարանի համար գլխաւոր նիւթ մը տրամադրելով: Հայոց պատմութիւնը կը դասաւանդէր յայտնի պատմաբան եւ ցեղասպանութեան օրերուն քանիցս բանտարկուած, կեղեքուած եւ փրկուած՝ ՄԵԹՐ ՖԷՅՐՈՒԶ ԽԱՆԶԱՏԵԱՆ-ը: Իսկ մնացեալ նիւթերը կը դասաւանդէր ինք, ինչպէս՝ մատենագրութիւն, մշակոյթ, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն եւ ուսուցչութիւն՝ որ վերջին տարուան պաքալորիայի դասարանի նիւթն էր. լսողականը կը կատարուէր դասարանին մէջ իսկ գործնականը՝ նախակրթարանի աշակերտներուն հետ: Այս բոլորը դասընթացքի ձեւով, ինչպէս ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ հաստատութիւնը, որմէ շրջանաւարտ ելած էր ինք՝ Պրն. Երուանդ Ակիշեանը:
- Թագուհի Աթոքեան
 


Թագուհի Աթոքեանին կը տրուի նախակրթարանի բարձրագոյն երկու կարգերուն Հայերէն լեզուի, մաթեմաթիկայի եւ գիտութեան նիւթերը: Այսպէս շարունակելով միւս տարիները, մինչեւ 1969-1970 տարեշրջանը, երբ Թագուհի Աթոքեանին կը տրուի ընդհանուր տեսուչի պաշտօն:

1973-1974 թուականին կ'անցնի Կիլիկեան Ճեմարան, ուր կը ստանձնէ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասեր՝ 8 րդ., 9 րդ.,10 րդ. եւ 11 րդ. դասարաններուն: Մէկ տարի ետք դպրոցին ընդհանուր պատասխանատուի պաշտօնով կը վերադարնայ նախակրթարան, միշտ իր հետ շալկելով հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը:

Թագուհի Աթոքեան կը շարունակէ իր ասպարէզը Կիլիկեանի մէջ մինչեւ 1977 թուականը: Սոյն տարուան վերամուտին էր, երբ Հայ Աւետարանական Համայնքի համայնքապետ՝ Վերապատուելի Յովհաննէս Գարճեան զինք կանչած էր հանդիպումի մը համար յայտնելով իր մտահոգութիւնը ըսելով՝ թէ հայերէն լեզուի ուսուցման մէջ, բծախնդիր ուսուցչուհիի մը պէտքը ունին Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Վարժարանի մէջ:

Չորս տարի պաշտօնավարելով Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ վարժարանի մէջ, 1977-էն մինչեւ 1981 թուականը, որուն երկու տարին ունենալով վերապատուելի Համայնքապետ Յովհաննէս Գարճեանի ներկայութիւնը. իր ճամբորդութենէն ետք, փոխարինաբար համայնքապետութիւնը կը ստանձնէ Վերապատուելի Պարգեւ Աբարդեանը:

Հայ աշակերտներու թիւը նուազելուն պատճառով՝ 1981-1982 տարեշրջանին, Թագուհի Աթոքեան կ՛անցնի Հայ Աւետարանական Բեթել վարժարան, ուր արդէն հայ աշակերտներու թիւը իր նպատակին հասած էր. հոն ալ մնալով 22 տարի, մինչեւ թոշակի անցնիլը:

Մանկավարժական դասընթացքներ Հայաստանի մէջ

Խմբագրել

Ուսուցչական երկարատեւ տարիներուն ընթացքին, երկու ամառնային շրջան կը մասնակցի մանկավարժական դասընթացքի՝ Հայաստանի մէջ:

Աշխատակցութիւն

Խմբագրել

Ուսուցչական ասպարէզի տարիներուն, Թագուհի Աթոքեան դասաւանդած է Պրն. Կարապետ Ճուհարեանի պատրաստած՝ ՄՐԳԱՍՏԱՆ եւ ԳՐԱՒՈՐ ՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բոլոր դասարաններուն համար եւ երկրորդականի կարգ մը դասարաններու:

Հետագային՝ այս գիրքերուն նիւթերու փոփոխման եւ վերահրատարակման կարիքը զգալով Պրն. Ճուհարեան, նայած այդ ժամանակաշրջանին երկրին մէջ տիրող պայմաններուն եւ գիրքերը վերստին պատրաստելու աշխատանքին մէջ, իր նախընտրութեամբ Թագուհի Աթոքեան բախտը կ՛ունենայ իր հետ աշխատակցելու նիւթերու ընտրութեան, դասաւորման եւ անոնցմէ կարգ մը գիրքերու գրաշարութիւնը կատարելու աշխատանքին մէջ:

Կիլիկեան Վարժարանի Ընտանիքը Յիշատակեց Ուսուցչաց Տօնը

Խմբագրել

Երկուշաբթի, 15 Մարտ, 2017-ին, հովանաւորութեամբ Տխրունի Ուսանողական- Երիտասարդական Միութեան Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Ուսանողական Յանձնախումբին, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան սրահէն հայ ուսուցիչը մեծարելու եւ անոր վաստակը գնահատելու նպատակով «Վարձքդ Կատա՛ր, Հա՛յ Ուսուցիչ» խորագրեալ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ:

Ձեռնարկին հրաւիրուած էին վարժարանի ուսուցչական կազմն ու անցեալին պաշտօնավարած երէց ուսուցչուհիները: Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որուն ընթացքին վերաթարմացան վարժարանի բեղուն գործունէութեան յիշատակելի օրերը:

Aquote1.png Ապա ուսուցչուհիներուն առիթ տրուեցաւ ներկայացնելու իրենց յուշերն ու դրուագներ պատմելու երբեմնի քաղցրաբոյր օրերէն: Աւարտին, վարչութեան ատենապետ Գէորգ Խաչոյեանի` յանձնախումբի ատենապետ Ֆիլիպ Յարութիւնեանի ձեռամբ խորհրդանշական յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան ուսուցչուհիներ` Թագուհի Աթոքեան, Արաքսի Քասիս, Մարիէթ Սարգիսեան-Յարութիւնեան, Արմինէ Ֆէրմանեան, Մատլէն Մելիքսէթեան, Մարալ Քիւփէլեան-Սնունու, Վարդուկ Չաթալպաշեան, Սալբի Գասպար¬եան, Կրասիա Հալլաճեան-Խոշապճեան:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել
  • Կիլիկեան ճեմարան