Թալին Էօզգալայճ
Թալին Էօզգալայճ (ծնած՝ 1972 Գատըգիւղ, Իսթանպուլ), հայ ասմունքող։
Թալին Էօզգալայճ | |
---|---|
Ծնած է | 1972 |
Ծննդավայր | Գատըգիւղ, Իսթանպուլ |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԶաւակն է բազմանդամ թրքախօս ընտանիքի մը։ Փոքր տարիքէն սիրած է գրականութիւնը եւ իր մէջ արթնցած է արտասանելու փափաքը, շնորհիւ իր հօրը, որ ամէն երեկոյ «Մարմարա» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերը տուն կը բերէր ու կը քաջալերէր իր զաւակները, որ յառաջացնէին իրենց մայրենի հարուստ ու քաղցր լեզուն։
Կենսագրութիուն
ԽմբագրելՆախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը Թալին Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք կը սկսի յաճախել Էսայեան Վարժարան։ Հոնկէ կ'անցնի Սուրբ Խաչ Դպրեւանք, Հայկ Նշանի տնօրէնութեան օրով, եւ իր մայրենի լեզուն զօրացնելուն շնորհիւ պատեհութիւնը կ'ունենայ Նոր Տարուան, Ս. Ծննդեան եւ Զատկի տօներուն առիթով ոտանաւորներ արտասանելու, նաեւ թատերախաղերու մէջ դերեր ստանձնելու։ Արտասանութեան մրցումներու մասնակցելով կը շահի առաջնութեան եւ երկրորդութեան մրցանակներ։
Գործին անդամներէն մին կը հանդիսանայ Դպրեւանքի Սանուց Միութեան։ Միեւնոյն ատեն կ՛աշխատակցի Հայ թերթերու եւ հանդէսներու, ստորագրելով քերթուածները։
Ան Անքարայի Համալսարանին մէջ կը հետեւի «Լեհական լեզու եւ գրականութիւն» ճիւղին։ Արժանանալով Բոլոնիոյ կառավարութեան կողմէ յատկցուած կրթաթոշակին, ամսուան մը համար Վարչավիա կ՛երթայ։
Իր փափաքնէ իր ազգին ծառայել ու իբր մասնագէտ պաչտօնավարել Համալսարանի մը մէջ։
Ստեղծագործութիուններ
ԽմբագրելՆոր սերունդին պատիւ բերող երիտասարդուհի մըն է Թալինը, Հայ լեզուի հանդէպ իր ցոյց տուած սիրով ու պաշտամունքով։
Իր ոճը սահուն է, առոյգ եւ ինքնուրոյն։ Կեանքի փիլիսոփայութիւնը կ՛ընէ իր քերթուածներուն ընդմէջէն, յանդուգն գաղափարներով։
«Անվերնագիր Սկզբունք» ին մէջ յատկանշական են հետեւեալ տաղերը.
Կտոր մը հաց եմ ես, թափուած քրտինքով սրբացող Անվերնագիր սկզբունք եմ, ստրկութեան բոլոր լուծերը քանդող: |
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։