Թաղականին Կնիկը
Թաղականին Կնիկը, վէպ պոլսահայ կեանքէ: Հեղինակն է երգիծաբան Երուանդ Օտեանը:
Արեւմտահայ գրողներէն ոչ ոք Օտեանին չափ թափանցած ու սեւեռած է պոլսահայոց բարձր խաւերու քաղքենիական միջավայրը՝ իր կենցաղով, սովորութիւններով, առօրեայ հոգերով, թաղականի վէճերով, տարբեր քաղաքական հոսանքներու պայքարով, խմբագիրներով եւ այլն։
Այդ իմաստով ամբողջական է «Թաղականին կնիկը» վէպը։ Անոր դիպաշարին հիմնական սիւնը կենցաղային մանր հարցերու յենած է, սակայն Օտեան կենցաղային հարցերը աստիճանաբար խորացնելով՝ կը հասնի ընկերային սխալ վիճակներու մերկացումի ու ընկերային - քաղաքական հարցերու։ Ընթերցողը կը զգայ, թէ կենացաղային հարցերը հետեւանք են առաւել խոր հակասութիւններու[1]։
Նիւթը
ԽմբագրելՎէպը կը ներկայացնէ 20-րդ դարու պոլսահայ կեանքի կենցաղը, ուր նկարագրուած է իշխող եւ մեծահարուստ խաւի կիներու քմահաճոյքները, մարդկային այլատեսակ նկարագիրները, ընտանեկան եւ բարոյական հարցերն ու սովորութիւնները:
Հեղինակին խօսքը
Խմբագրել
Հանգոյցը
ԽմբագրելՀանգոյցը կը կազմուի եկեղեցւոյ մէջ եղած դէպքով։ Թաղական խորհուրդի նախագահ Պօղոս էֆէնտիին կինը՝ Շազիկ կը նախանձի մեծահարուստ Մարգար էֆէնտիին կնոջ՝ Սաթենի։ Զայն արհամարհելու համար եկեղեցւոյ մէջ աթոռը դնել կու տայ ու կը նստի ճիշդ ոտքի մնացած Սաթենին առջեւ։ Կիներու այս սնափառութենէն կը սկսի ու կը խորանայ թշնամանքը երկու ընտանիքներու միջեւ։ Գլխաւոր մեղաւոր կը ճանչցուի աթոռը դնող ժամկոչը ու երկու կողմերն ալ մեքենայութիւններ կ՛ընեն՝ մին զայն վտարելու, միւսը՝ պաշտպանելու։ Թաղը կը բաժնուի երկու մասի, մէջ կ՛իյնան նաեւ հակառակ երկու կուսակցութիւններ ու հարցը կը հասնի մինչեւ պատրիարք։ Կիներ նաեւ զիրար կը վարկաբեկեն, պատւոյ հարցեր արծարծելով։ Ի վերջոյ Շազիկին ամուսինը զայն կը բռնէ սիրեկանին հետ, ամօթէն կը փոխէ ապրած թաղը ու ակամայ կը հրաժարի թաղական խորհուրդի նախագահի իր պաշտօնէն։ Նոր ընտրուած Մարգար էֆէնտիին առաջին գործը ժամկոչը վտարելը կ՛ըլլայ, ապա հաշիւ մաքրել իր դէմ գործած մարդոցմէ։ Վրայ կը հասնի 1915-ը, ու ձերբակալութիւններէ ազատած էֆէնտիները, թուրք պաշտօնեայի զգուշացումին հնազանդ՝ կը հեռանան ազգային գործերէ, որ աւելի իրենց անձնական փառասիրութեան ասպարէզ էր, քան թէ ազգին ծառայութիւն։
Հակառակ վէպին թերութիւններուն՝ քաշքշուածութեան ու երկարաբանութեան, Օտեան կենցաղային մանր հարցերէ կը բարձրանայ մինչեւ միջթաղականային, իջկուսակցական գզուըռտուքներ, այն պարագային, երբ ստոյգ վտանգը կախուած էր ազգին գլխուն։