Թեթրիս (խաղ)
Թեթրիս , (անգլերէն՝ Tetris),[1] շատ տարածուած համակարգչային խաղ։
Խաղը ստեղծուած է ԽՍՀՄ-ի մէջ Ալեքսէյ Փաժիթնովի կողմէ եւ հանրութեան ներկայացուած է 6 Յունիս 1984-ին։ Խաղը մատչելի է գրեթէ բոլոր սարքերուն համար, որոնք ունին նման հնարաւորութիւն։
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելԱն պարզ վիտէօ-խաղ մըն է, որուն ընթացքին պէտք է իրարու մէջ անցընել միշտ աւելի արագ պաստառի վերէն ինկող կտորները` կազմելու համար լման շարքեր, որոնք ամբողջանալով`կ'անհետանան:
Թեթրիս խաղը առաջին յաղթողը
Խմբագրել13 տարեկան ամերիկացի պատանի մը դարձաւ առաջին մարդ արարածը, որ կրցաւ յաղթել «Թեթրիս» վիտէօ խաղը: Ան նուազ քան 40 վայրկեանէն կը յաջողի մեքենան յաղթահարել, եւ մեքենան չի կրնար խաղը շարունակել: Այս ձեւով կ'արձանագրուի համաշխարհային մրցանիշ մը, որ մեծ հպարտութիւն կը յառաջացնէ պատանիին մօտ:
Ամերիկացի պատանին կը դառնայ պատմութեան առաջին խաղացողը, որ կրնայ խաղը վերջացնել: Ան կը հասնի խաղին 157 մակարդակին, 38 վայրկեան ճիգերէ ետք: Այդ վայրկեանէն խաղին պաստառը կ'անշարժանայ, մեքենան խաղը շարունակելու անկարողութեան առջեւ կը գտնուի:
Ասիկա արագութեան մեծ իրագործում մըն է, որ մինչեւ հիմա միայն արհեստական բանականութիւնը (արթիֆիսըլ ինթէլիճընսը) կրցած էր իրագործել: Խաղին յայտնաբերումէն 40 տարի ետք է միայն, որ մարդ արարած մը կը յաջողի իրագործել այս «քաջագործութիւնը»[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Vadim Gerasimov.։ «Tetris Story» (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 Փետրուար 2012-ին։ արտագրուած է՝ 2010 թ․ հունվարի 13
- ↑ Թեթրիս