Թետի արջուկը, Ի. դարու վերջին եւ ԻԱ. դարասկիզբին, Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ամէնէն սիրուած ու տարածուած փափուկ նիւթէ պատրաստուած խաղալիքներէն։

Ժամանակակից թաւշեայ արջուկներ

Պատմութիւն

Խմբագրել

1902-ին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթ, չորս օրուան արջի որսորդութեան արշաւէ մը ետք, կը պատրաստուի ձեռքերը պարապ վերադառնալ: Անոր հաճոյք պատճառելու համար, արշաւին կազմակերպիչները ծառի մը կոճղին կը կապեն արջուկ մը, որպէսզի ան անասունը որսայ եւ այդպէս վերադառնայ:

Սակայն նախագահը կ'ընդվզի այս արարքէն եւ կը մերժէ անասունը սպաննել եւ զայն ազատ կ'արձակէ[1]:

Յաջորդ տարին երկու խաղալիք շինողներ այս յուզիչ պատահարը պատմութեան կ'անցընեն` ստեղծելով փըլիւշէ արջուկ մը, զոր կ'անուանեն «Թետի»`ի պատիւ նախագահին: Այս խաղալիքը այնքան մեծ յաջողութիւն կը գտնէ, որ այդ ժամանակներէն ի վեր «փըլիւշէ արջուկը» անգլերէնով պարզապէս «Թետի պեր» կը կոչուի[2]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել