Թէոդորոս Քռթենաւոր
Թէոդորոս Քռթենաւոր (ծանօթէ նաեւ իբրեւ Թէոդորոս Ճգնաւոր, Է., ծնած ոչ ուշ քան 625 - 680[1]), հայ մատենագիր եւ աստուածաբան։ Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսին եղբօրորդին։
Թէոդորոս Քռթենաւոր | |
---|---|
Ծնած է | ոչ ուշ քան 625 |
Մահացած է | 680[1] |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական, մատենագիր |
Ուսումը ստացած է Սիւնեաց վարդապետարանին մէջ: Ստացած է նաեւ յունական կրթութիւն։ Եղած է Արագածոտն գաւառի Ս. Աստուածածին վանքին վանահայրը, հիմնած է դպրոց։
Թէոդորոս Քռթենաւորին սաներէն են՝ Հայոց կաթողիկոսներ Յովհաննէս Գ. Օձնեցին եւ Սահակ Գ. Ձորոփորեցին։
Մաթուսաղա եպիսկոպոսին յանձնարարութեամբ, Թէոդորոս Քռթենաւորը մասնակցած է 633-ի Կարինի ժողովին։ Պայքարած է անապականութեան խնդիրին շուրջ յուլիանոսականներու վարդապետութեան եւ երեւութականութեան դէմ, իր հակառակորդին՝ Յովհան Մայրավանեցիին դէմ գրած է «Ընդդէմ Մայրագումացոյն» ճառը։ Հեղինակ է նաեւ «Ներբողեան ի սուրբ Խաչն» եւ «Գովեստ ի Ս. Աստուածածինն» ճառերուն։