Թռչնիկ, ամսօրեայ, այնուհետեւ՝ կիսամսեայ հանդէս։ Հրատարակուած է 1861 - 1862-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Խմբագիր-տնօրէն՝ Դ. Պալեան։ Հարած է հայ հասարակական մտքի պահպանողական թեւին։ Միջանկեալ դիրք գրաւած է «Մեղուի» եւ «Արեւելեան դար»-ի բանակռուին մէջ։ Մասնակցած է գրաբար-աշխարհաբար բանավէճին՝ յօգուտ աշխարհաբարի։ Տպագրած է բանաստեղծութիւններ, աշխարհագրական, բնագիտական, առողջապահական յօդուածներ, խորհուրդներ մանուկներուն, զուարճալի պատմութիւններ[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։