Մեղու (հանդէս)
«Մեղու», բանասիրական, գրական, գիտական, տնտեսական եւ երգիծական կիսամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1856-1865, 1870-1874 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Խմբագիրներ՝ Յարութիւն Սվաճեան (1856-1862, 1870-1872), Յ․ Հովվեանց, Ա․ Մուրատեան, Ա․ Հայկունի (1863-1865), Յակոբ Պարոնեան (1872-1874)։ Համարուել է իր ժամանակի առաջադիմական պարբերականներուց։ Պայքարած է հայ հոսանքներու, կղերապահպանողական գաղափարախօսութեան, հոգեւոր դասի, հայ մեծահարուստներու եւ սուլթանական կառավարութեան դէմ։ Սվաճեանի խմբագրութեան տարիներուն լայն տեղ յատկացուցած է Միքայէլ Նալպանտեանի սոցիալ-քաղաքական հայեցակէտին, տպագրած անոր բանաստեղծութիւնները, ճառերը, հատուածներ «Կոմս Էմմանուէլի յիշատակարանէօնն»։ Ներկայացուցած է նմուշներ արեւմտահայ արձակէն, Սայաթ-Նովայի, Ազբար Ադամի եւ այլ աշուղներու երգերը, Յարութիւն Սվաճեանի, Գ․ Օտեանի երգիծական գործերն ու թատերախօսականները, կատարած արտատպումներ Գամառ-Քաթիպայէն։ Բազմաթիւ յօդուածներ նուիրուած են հայոց լեզուին, գրականութեան։ Պարոնեանի խմբագրութեան տարիներու թերթը համարուած է երգիծաբանի գրական ժառանգութեան անքակտելի մասը։ Այստեղ լոյս տեսած են անոր աֆորիզմները («Թէ որ», «Ապտակք», «Ասկէ անկէ» եւ այլ խորագրերով), քաղաքական քրոնիկներու շարքը, պատմուածքներ, ակնարկներ, որոնց մէջ քննադատած են եւրոպական դիւանագիտութեան խաղերը Հայկական հարցի շուրջ, սուլթանական կառավարութեան հակաժողովրդական քաղաքականութիւնը, հայ կղերու եւ լիբերալ խաւի հաշտուողական գործելակերպը, հայ կենցաղին խորթ եւրոպական նորամուծութիւնները։ «Մեղու»-ի մէջ տպագրուած նաեւ Յակոբ Պարոնեանի հայատառ թրքական գործերէն շատերը («Ալաֆրանկա», «Պարահանդէս», «Պարի դաս» եւ այլն)[1][2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՄԵՂՈՒ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-13
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»