Անուան այլ կիրառումներու համար տես՝ Թրուպատուր (այլ կիրառումներ)

Թրուպատուր, 11-13-րդ դարերուն Ֆրանսայի հարաւը՝ Փրովանսի մէջ հանդէս եկած բանաստեղծ-երգիչներ, որոնք տուեալ ժամանակի եւրոպական քաղաքակրթութեան առաջատարերէն էին։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

11-13-րդ դարերուն Ֆրանսայի մէջ ժողովուրդական բանաստեղծութեան եւ եկեղեցական գրականութեան կողքին եւ ատոնց ազդեցութեամբ առաջ եկաւ նաեւ գրական երրորդ հոսանքը՝ ասպետական բանաստեղծութիւնը։ Ծնունդ առաւ անհատական քնարերգութիւնը, որ իր ամենավառ արտայայտութիւնը գտաւ թրուպատուրներու երգերուն մէջ։ Թրուպատուրները հանդէս եկան Փրովանս մէջ։ Առաջին գրական լեզուն նորագոյն ազգերու մէջ մշակուեցաւ Փրովանսի մէջ, որ մատուցեց ինքնատիպ ու անկրկնելի քնարերգութիւն։

Պահպանուած են 2500-էն աւելի երգեր, որոնք կը վերագրուին շուրջ 500 թրուպատուրներու, որոնցմէ 30-ը կանայք են։ Առաւել նշանաւոր թրուպատուրներու թիւը կը հասնի չորս տասնեակի։ Այդ բանաստեղծներու մէջ եղեր են 4-5 արքաներ, քանի մը տասնեակ խոշոր աւատատէրեր, ինչպէս եւ ռամիկ խաւի մարդիկ։ Սակայն թրուպատուրական բանաստեղծութեան հիմնական օճախը ասպետական միջավայրն էր։ Թրուպատուրներու բանաստեղծութեան վրայ նկատելի է թէ' Փրովանսալական ժողովուրդական բանարուեստի եւ թէ' Արեւելքի, յատկապէս արաբաանդտալուզեան բանաստեղծութեան ազդեցութիւնը։ Այնուամենայնիւ թրուպատուրներու բանաստեղծութիւնը խիստ ինքնատիպ է ու անհատական։

Անոնց սիրերգութեան մեջ արտայայտուեր է սիրոյ Քուրթուազական (պալատական, նրբակիրթ) ընկալումը։ Անոնք կ'աստուածացնէին սիրած կնոջը՝ Տոննային, որ, որպէս օրէնք, ամուսնացած կին էր։

Թրուպատուրները մեր հին գուսաններու նման կը յօրինէին թէ' երգերու բնագիրերը եւ թէ' մեղեդիները եւ իրենք ալ կը կատարէին երաժշտական գործիքներու նուագակցութեամբ։ Անոնք դուրս կու գային մրցավէճերու, հրապարակային ելոյթներու։

Մեր օրերը հասած բնագիրերուն մէջ կան 900-ի հասնող տաղաչափական ձեւեր։ Նախասիրած տաղաչափական ժանրերն էին քանցոնը (երգ), ողբը, ալպան (ցայգերգ), բասթորելը (հովերգ), թենցոնը (վիճերգ), պալլատը (պարերգ)[1]։

Թրուպատուրական քնարերգութեան անկումը սկսաւ 13-րդ դարու սկիզբներուն, յատկապէս ալպիկոյեան կոչուած պատերազմներու ժամանակ (1209 - 1229), երբ Փրովանսը նուաճուեցաւ հիւսիսֆրանսական աւատատէրերու կողմէն[2]։

Տես նաեւ՝

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Հ.Բախչինեան (1981)։ Դրուագներ ֆրանսական գրականութեան պատմութեան։ Երևան: Երևանի համալսարանի հրատարակչութիւն։ էջ էջ 12-13 
  2. Հ.Բախչինեան (1981)։ Դրվագներ ֆրանսիական գրականության պատմության։ Երևան: Երևանի համալսարանի հրատարակչութիւն։ էջ էջ 16