Ժագ Գոճեան դաշնակահար, երաժիշտ:

Ժագ Գոճեան
Ծնած է 9 Փետրուար 1930
Ծննդավայր Լիբանան
Մահացած է 17 Սեպտեմբեր 2019
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Կարողութիւն երաժշտութիւն դասաւորող եւ ղեկավարող
Մասնագիտութիւն Երաժիշտ
Աշխատավայր դաշնակահար
Ծնողներ Հայկ Գոճեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ժագ Գոճեան ծնած է 9 Փետրուար 1930-ին երաժշտասէր ընտանիքի մը մէջ [1], Պէյրութ, Լիբանան, Հայրը՝ Հայկ Գոճեան քլարինէթ նուագող էր, եղբայրը՝ Վարուժան հայկ Գոճեանը հանրաճանաչ ղեկեվար էր, իսկ կրտսեր եղբայրը ՝ Միհրան Գոճեանը, միջազգային շրջանակներու մէջ յայտնի ջութակահար է[2]:

Ժագ Գոճեան ապրած է Լիբանան մինչեւ 1970-ականներու կէսերը, այնուհետեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, ան հաստատուած է Քալիֆորնիա, ուր շարունակած է իր մշակութային գործունէութիւնը քանի մը տասնամեակներ։

Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2019-ին, Կրանատա Հիլզի (Քալիֆորնիա) իր բնակարանին մէջ մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ երաժիշտ Ժագ Գոճեան, երկարամեայ Alzheimer’s disease հիւանդութենէ ետք, շրջապատուած ընտանիքին անդամներով եւ սիրելիներով։ Մահուան սեմին, հանգուցեալին այցելած է նաեւ Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան։

Ժագ Գոճեանի ներդրումը երաժշտութեան մէջ

Խմբագրել

Ժագ Գոճեան յատկանշական ներդրում ունեցած է սփիւռքի արդի հայկական ժողովրդային երաժշտութեան, որ յաճախ կը կոչուի «էսթրատային» զարգացման ջանքերուն մէջ։ Ան ելոյթներ ունեցած է Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մէջ, ընկերակցելով յայտնի երգիչներու, ինչպէս՝ Մանուէլ Մենենկիչեանին, Ատիս Հարմանտեանին, Փօլ Պաղտատլեանին եւ Գառնիկ Սարգիսեանին։ Ան նաեւ շատ մը երգիչներու համար երաժշտական մշակումներ կատարած է եւ աջակցած է կազմակերպելու անոնց կենդանի կատարումներու։

Ժագ Գոճեանի գործերէն ամենայայտնին է՝ Թաթուլ Այնէճեանի բանաստեղծութեան հիման վրայ յօրինուած «Վերջին Կիրակին», որ կատարուած է քանի մը երգիչներու կողմէ։

Ժագ Գոճեանի ձայնագրութիւնները եւ դաշնամուրի ընկերակցութիւնը հետեւեալ երգերուն

Խմբագրել
  • Առաջին Սէր - 1972
  • Պաքթոպ Իսմաք անունդ դրոշմեցի - 1972
  • Nahna Wal Amar Մենք եւ Լուսինը Lebanon, Oriental Jazz 1972
  • Shu Beyebka Men Errewaye Greece, Oriental Jazz 1972
  • Nassam Alaynal Hawa *Oriental Mood Greece, Oriental Jazz (1972)
  • Ինչու Ինչու - 1972
  • Կանաչ Պարտէզ - 1974
  • Վերադարձիր - -1973
  • Սիրոյ Երգ - 1972
  • Սիրեցի Եարս տարան - 1973
  • جاك كودجيان - Aa'tni Nay
  • جاك كودجيان - Abdo Habeeb Ghandoura
  • Habaytak (Oriental Moods)

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել