Ժիրայր Խաչատուրեան

Ժիրայր Խաչատուրեան (1921, Ալեքսանտրէթ - 5 Դեկտեմբեր 2008, Պէյրութ), մարզիկ եւ հասարակական գործիչ։

Ծնած է Ալեքսանտրէթ, 1921-ին։ 1924-ին ան կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր հայ գաղութի կազմաւորման սկզբնական շրջանին կը հիմնուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի մասնաճիւղը։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1931-ին մաս կը կազմէ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն։ Ապա, մասնաճիւղէն ներս կը կիրարկէ զանազան մարզախաղեր՝ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, թենիս եւ հեծիկ։

1952-ին, մաս կը կազմէ մասնաճիւղին վարչութեան, փոխ ատենապետի պաշտօնով։ 1959, 1960 եւ 1964 տարիներուն կը վարէ վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։

Ասպարէզով ճարտարագէտ, 1964-ին նիւթական կարեւոր ներդրում կ՚ունենայ Պէյրութի ակումբի շինութեան աշխատանքներուն։

1969-ին, գանձապահի պաշտօնով մաս կը կազմէ Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան։ Նոյն տարին կը գլխաւորէ Լիբանանի ախոյեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ֆութպոլի խումբին պատուիրակութիւնը՝ Թեհրանի մէջ կազմակերպուած Ասիոյ ախոյեան խումբերու ախոյեանութեան մրցաշարքին։

1985-ին, մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, իսկ 15 Յունուար 2000-ին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի «Արժանեաց» շքանշանով։

1961-էն մինչեւ 1998, 37 տարի շարունակ, մաս կը կազմէ Պէյրութի Քաղաքապետական Խորհուրդին։

1970-ին, Այն Սաատէի շինարարական իր համալիրի շրջանին մէջ, ան Ազգային Առաջնորդարանին կը նուիրէ 16.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողաշերտ մը՝ Ազգային կեդրոնական վարժարանի մը շինութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի ակումբներու կառուցման եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին ու վարժարանին կողմէ օգտագործուելիք խաղավայրի մը շինութեան համար։ Հետագային, իր բարերարութեամբ, Անթիլիասի «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ կը կառուցուի Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն տրամադրուած յարկ մը, որ կը կոչուի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան Կեդրոն»։

Ժիրայր Խաչատուրեան կը մահանայ 5 Դեկտեմբեր 2008-ին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Մարզիկ» Ամսաթերթ, Դեկտեմբեր 2008
  • «Մարզիկր Ամսաթերթ, Յունուար 2009